Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Տեղի Կ’ունենայ Նիւ Եորքի «Արէնի» Երգչախումբի Տօնական Համերգը

ԱՄՆ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ գործող «Արէնի» երգչախումբը, որուն գեղարուեստական ղեկավարը Արմինէ Վարդանեանն է, Յունիս 17-ին Նիւ Եորքի «Merkin»  համերգասրահին մէջ կը կազմակերպէ «Երեւան, իմ տուն» խորագիրով համերգ` նուիրուած Երեւանի հիմնադրման 2800 եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100 ամեակին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ՝ ձեռնարկին ընթացքին Նիւ Եորքի Մետրոպոլիտէն օփերայէն ելոյթներով հանդէս կու գան նաեւ Եղիշէ Մանուչարեան (թենոր), Նարինէ Օջախեան (սոփրանօ), Իլիա Իշենքօն (դաշնակահար) եւ Սարգիս Ներսիսեան (շեփոր):

Աւելցնենք, որ «Արէնի» երգչախումբը կազմաւորուած է 2013-ին նիւեորքաբնակ  խումբ մը երաժշտասէր մարդոց, Արմինէ Վարդանեանի եւ անոր վաղամեռիկ ամուսնուն` Սամուէլ Ներսիսեանի նախաձեռնութեամբ, որ արդէն ստեղծած եւ կը ղեկավարէր «Հայեր» փողային նուագախումբը: Երգչախումբի ստեղծման նպատակն է` պահպանել եւ սերունդներուն փոխանցել հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութեան բացառիկ նմոյշները եւ զայն ճանաչելի դարձնել օտարազգի ունկնդիրներուն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին