Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Նոճիներէն Ներշնչում

16 Մայիս 2018, Չորեքշաբթի օր, Լոս Անճելըս քաղաքի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի 10-րդ դասարանը ունեցաւ իր աւանդական գրական «ուխտագնացութիւնը»: Դասարանի յառաջադէմ խումբի 11 աշակերտները հայոց գրականութեան ուսուցիչ Նորայր Տատուրեանի հետ քալեցին վարժարանի փողոցին վրայ գտնուող այն տունը, որուն պարտէզին մէջ հասակ նետած են հինգ սեւ նոճիներ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն վարժարանէն: Աշակերտները այդ բարձրահասակ ծառերու շուքին տակ ընթերցեցին եւ ուսումնասիրեցին նոճիներուն նուիրուած քերթուած մը, որուն հեղինակն է 19-րդ դարու պոլսահայ բանաստեղծ Տիրան Չրաքեան (Ինտրա, 1875-1921):

Աշակերտները սորվեցան, թէ ի՛նչպէս այդ «մշտակոթող» ծառերը անմահութիւն կը խորհրդանշեն եւ թէ ի՛նչպէս բանաստեղծը անոնց տեսքին առջեւ կը հակադրէ երկրային «նուաստ» եւ երկնային «լուսաւոր» աշխարհները:

Նոճիներու տարեկան այս այցելութիւնը աւանդութեան վերածուած է եւ աշակերտներուն կու տայ հայկական քերթողութիւնը բնութեան մէջ վայելելու հաճոյքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին