Կիրակի 3 Յունիս 2018-ին Սուրբ Էջմիածինի տօնին առթիւ, Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր պատարագ մատոյց, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայոց Հայրապետութեան անսասանութեան եւ հաստատութեան համար:
Սբ. Պատարագէն ետք Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Տիկնանց Կազմը պատրաստած էր ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն: Սրբազան Հայրը, շնորհաւորելով բոլոր ներկաները, ազգայիններուն հետ հատեց տօնական կարլանդակը:
Դիւան Ազգ Առաջնորդարանի Դամասկոս 3 Յունիս 2018






