Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

«Պտոյտ Մը Հայկական Քնարերգութեան Մէջ». Մեր Սիրոյ Գարունը

Երեքշաբթի, 8 Մայիս 2018-ին ՀԲԸ Միութեան Գալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանի 10-րդ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին ասմունքի երաժշտական երեկոյ մը՝ նուիրուած հայկական միջնադարեան եւ գեղապաշտ շրջանի ստեղծագործութիւններուն: Երեկոն կոչուած էր «Պտոյտ Մը Հայկական Քնարերգութեան Մէջ- Մեր Սիրոյ Գարունը»: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին յայտնած են վարժարանէն:

Յայտագիրը սկսաւ «Վահագնի Ծնունդը» քերթուածով: Աշակերտները այդպէս  փափաքած էին, քանի որ հոն են հայկական քնարերգութեան ակունքները: Ապա հնչեցին Մ. Մեծարենցի, Վ. Թէքէեանի, Դ. Վարուժանի, Վ. Տէրեանի, Յ. Թումանեանի, Աւ. Իսահակեանի եւ Ե. Չարենցի քերթուածները: Այս տարի աշակերտները նաեւ երկխօսութիւններու վերածելով բեմականացուցին Նահապետ Քուչակի սիրային հայրէններու ընտրանի մը: Յայտագիրին մէջ տեղ գտած էր նաեւ Լեւոն Շանթի «Հին Աստուածներ» թատերախաղէն պատկեր մը՝ Մարիամ իշխանուհիի եւ Յովհաննէս վանահօր երկխօսութիւնը: 19-րդ դարու քնարական բոյրը տալու համար աշակերտները նաեւ պատրաստած էին վալս մը, զոր պարեցին Արամ Խաչատուրեանի «Դիմակահանդէս»-ի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Յայտագիրի վերջին հանգրուանին աշակերտները հնչեցուցին Եղիշէ Չարենցի «Պատգամ»-ը եւ «Ես իմ անոյշ Հայաստանի» քերթուածը: Աւարտին անոնք միաբերան երգեցին Ռ. Հախուերդեանի «Մեր Սիրով Աշունը» երգը:

Բոլոր կատարումներուն դաշնակով եւ կիթառով ընկերակցեցան դպրոցի մէջ յայտնուած տաղանդներ՝ Սէրա Այնթապլեանը, Լարա Խորխորունին, Նարեկ Տատուրեանը եւ Սեդրակ Քէշիշեանը:

Յայտագիրը ունէր նաեւ ուսուցողական նպատակ, ուր իւրաքանչիւր կատարումէ առաջ աշակերտը ներկայացուց իր բանաստեղծութիւնը, պատմեց, թէ ինչո՛ւ ընտրած էր այդ կտորը ու խօսեցաւ գրականագիտական գիտելիքներու մասին, ինչպէս՝ պղատոնական սէր, հնչեակ, հայրէն, քառեակ, քնարերգութիւն ելն.:

Իր հուսկ բանքին մէջ դասարանի ուսուցիչ եւ «Հայկական Քնարերգութիւն» ծրագրի հեղինակ Նորայր Տատուրեան արտայայտուեցաւ այսպէս. «Մեր յայտագիրը կը վերջանայ, բայց նոր կը սկսի այս 11 պատանիներու եւ պատանուհիներու նաւուղղութիւնը հայկական քնարերգութեան ծովուն մէջ: Մենք կը հաւատանք, թէ ընտիր բանաստեղծութիւնը զանոնք կը դարձնէ ազնիւ անձեր: Այս բանաստեղծութիւններու հիման վրայ անոնք պիտի շարունակեն կառուցել հայկական ինքնութիւնը եւ հայրենի պատկանելիութիւնը»:

Խումբը այս յայտագիրը կը ծրագրէ կրկնել Յունիս 2019-ին Երեւանի ՀԲԸՄ կեդրոնին մէջ, երբ իրենց ուսուցիչին՝ Նորայր Տատուրեանին հետ ճանաչողական պտոյտ կատարեն դէպի Հայաստան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին