Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Ղարաբաղա-Ազրպէյճանական Շփման Գիծին Վրայ Իրավիճակը Հանգիստ Է. ՀՀ Պաշտպանութեան Փոխնախարար

Ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ իրավիճակը հանգիստ է՝ չնայած Արցախի մէջ ընթացող գործընթացներուն: Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ այս մասին ըսաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Մակար Ղամբարեանը: «Շփման գիծին վրայ իրավիճակը հանգիստ է, անհանգստանալու որեւէ պատճառ յայտնի չէ ինծի»,- «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով ըսաւ փոխնախարարը:

Հարցին, թէ որպէս պաշտպանութեան փոխնախարար ի՛նչ պիտի ըլլայ իր գործունէութեան առաջնահերթութիւնը, Մակար Ղամբարեանը պատասխանեց. «Ֆինանսական կարգապահութեան մասով լրացուցիչ սարքաւորումներու ներդրումը»:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ի՛նչ նկատի ունի լրացուցիչ սարքաւորումներու ներդրում ըսելով՝ փոխնախարարը ընդգծեց, որ անիկա աւելի շատ մասնագիտական քննարկումներու թեմա է եւ չի ցանկար նման ձեւաչափով անդրադառնալ այդ հարցին:

Ան ընդգծեց, որ ֆինանսական հոսքերու հետ կապուած ուսումնասիրութիւններ կ’իրականացնեն: «Նախկին հոսքերը կը նայինք, իսկ եթէ բարելաւումի կամ յաւելման անհրաժեշտութիւն զգացուի որոշ պարագաներու, անպայման կ’աշխատինք այդ ուղղութեամբ»,- ըսաւ ան:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին