Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Արցախի Ժողովուրդը Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական Բարձր Գիտակցութիւն Կը Ցուցաբերէ. ՀՀ Նախագահ Արմէն Սարգսեան

Արցախեան իրադարձութիւններուն մասին ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի տեսակէտը ճշդելու նպատակով «168.am»-ը հարցում ուղղած է ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան:

-Ի՞նչպէս կը գնահատէ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ ծայր առած բողոքի գործողութիւնները:

-Հանրապետութեան նախագահը կ’ողջունէ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու եւ Հայաստանի վարչապետի յորդորին հիման վրայ Ստեփանակերտի մէջ բողոքի գործողութիւններու դադրեցումը: Նախագահ Սարգսեան ամէնօրեայ կապի մէջ է Արցախի նախագահին հետ, ստեղծուած իրավիճակին շուրջ կը խորհրդակցի նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարութեան եւ հեղինակաւոր մարդոց հետ:

Նախագահը գոհունակութիւն կը յայտնէ, որ Արցախի իշխանութիւնները արագ արձագանգեցին ցաւալի միջադէպին, որ դատապարտուեցաւ, որակուեցաւ անթոյլատրելի եւ իրաւական գնահատական ստացաւ: Արցախի Ազգային ժողովին մէջ ստեղծուեցաւ քննիչ յանձնաժողով իրադրութեան մասին համապարփակ քննարկումներու հարցերով:

Միջադէպին շուրջ ծաւալուած զարգացումները ցոյց կու տան, որ Արցախի ժողովուրդը կը ցուցաբերէ քաղաքական եւ քաղաքացիական բարձր գիտակցութիւն:

Նախագահը կը կիսէ այն գնահատականը, որ Արցախի համար բացառիկ արժէքներ են ներքին կայունութիւնը, պետական հիմքերու անսասանութիւնը, երկրի անվտանգութեան եւ պաշտպանողունակութեան հետեւողական բարձրացումը, որուն կարելի է հասնիլ Արցախի բնակիչներու աշխատանքի եւ կեանքի խաղաղ պայմաններու ապահովման եւ կենսապայմաններու բարելաւման նպատակով ընկերա-տնտեսական հարցերու լուծման միջոցով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին