Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Զրոյց՝ Ինքս Ինձ Հետ

*Տոքթ. ՃՈՐՃ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի աշխատակից

Քանի մը տարի առաջ, փողոցը մինակ քայլող մարդը երբ ինքն իր հետ խօսէր, ճերմակ հագուստ մը հագցնելով կը հաւաքէին անոր։ Հիմա ամէնքս այդ բանը կ’ընենք՝ մէկ ձեռքը ականջին կամ յատուկ ականջօղեր դրած… սովորական է։ Ուրեմն ինքզինքին հետ խօսիլը կը դադրի՞ խենթութեան նշան ըլլալէ, թէ բոլորս խենթացեր ենք արդէն…: Բայց խորքին մէջ ան երբեք այդպէս չէ եղած, մարդ արարած ինքն իր հետ խօսելու ձեւով է որ կը մտածէ, կը ծրագրէ, հարցեր կը լուծէ, գաղափարներ կը ստեղծէ։ Հարցը այն է, որ ինքզիքին հետ խօսիլը մտովի՞ն է, թէ բարձր ձայնով…: Առաջինը մտաւորականին յատուկ սովորոյթ մըն է, երկրորդը՝ խենթութեան նշան… այդքան ալ հեռու չեն իրարմէ այս օրերուս…: Որոշած եմ այսօր գրի առնել իմ եւ իմ միջեւ ընթացող զրոյց մը, եթէ զայն պիտի համարէք «մտովին», ապա շնորհակալ կ’ըլլամ զիս տեղաւորելու դասի մը մէջ, ուր հսկաներ կը գտնուին« «թէպէտ դեռ շատ փոքր եմ այնտեղ գտնուելու», իսկ եթէ «բարձրաձայն» նկատէք, ուրախ կ’ըլլամ այն բանին համար, որ գրաւոր հայերէնը դեռ բարձր կը հնչէ… թող ես ալ խենթ մը համարուիմ, վնաս չունի. աւելի լաւ, մեղադրող չ’ըլլար ըսածներուս։   Ուրեմն այսպէս, −Ես−ը ես եմ, իսկ −Me−ն նոյնպէս ես եմ՝ առաջին դէմքս է անգլերէնով, որ համաշխարային լեզու մը ըլլալ կը յաւակնի։  

 

−Me− Սա հանրագիտարանը բաց անգամ մը, նայինք, թէ մշակոյթ բառով ի՞նչ նկատի ունի մարդկութիւնը։

−Ես− Այսքան տարուան մշակութային միութեան անդամ ես ու չե՞ս գիտեր իմաստը… մէկու մը չըսես, խայտառակ կ’ըլլանք…:

−Me− Ահա մշակոյթը, երկար բացատրութիւն ունի եղեր, խորունկ շունչ մը քաշէ ու մտիկ ըրէ՝

Մշակոյթ։ Վարքի եւ մտածելակերպի նմոյշ, զոր մարդկային խմբաւորում մը կը միաւորէ, որուն անհատները այդ նմուշին բաղադրեալներուն կը մասնակցին, կիրարկեն, կը զարգացնեն ու իրենց յաջորդներուն կը փոխանցեն՝ սորվեցնելով ու դաստիարակելով…: Ասի ես չեմ, «Encarta» հանրագիտարանն է ըսողը, շարունակեմ գրուածը կարդալ։

 Մշակոյթը կը կազմուի հետեւեալ բաղադրեալներէն՝ 

1−Վարքի օրէնքներ, 2−Լեզու, 3−Հաւատք, 4−Կրօնք, 5−Ծէս, 6−Արուեստ,

7−Հագուելաւոճ,      8−Սնունդ        պատրաստելու        եղանակներ, 9−Քաղաքական ու տնտեսական համակարգ,10− Թեքնոլոճի։ (մէկ խօսքով կրնանք նաեւ ըսել, որ այն ինչ բանը, որ բնութեան ստեղծած մէկ երեւոյթը չէ՝ մշակոյթ է… «Խմբ.»)

−Ես− Այսինքն՝ կը հասկնամ, որ մշակոյթ կոչուած այդ ծանր բառը իր բաղադրեալներով պարզապէս մեր կենցաղն է, մեր առօրեան, մեր կեանքի ուղեգիծը, եւ անոր օրէնքները սահմանող ու ընթացքը կարգաւորող ուժը՝ մեր կեանքի տեսակը, որակը եւ կենսամակարդակը։

−Me− Իբր թէ պարզեցիր, աւելի բարդացաւ… կենցաղ ըսէ՛, վերջացո՛ւր։ Բայց այդ բաղադրեալներուն մէջ ոչ գրականութիւնը յիշուած է, ոչ ալ

մարզանքը, անոնք մեր առօրեային մաս չե՞ն կազմեր։ Այդ «մարդկային խմբաւորման» յատուկ պատմական անցեալին, նաեւ անոնց բնակած տարածքի աշխարհագրական գործօններուն մասին ալ ակնարկ մը չկայ։

−Ես− Երեւի գրականութիւնը լեզուի կամ արուեստի մէջ պիտի փնտռենք, մարզանքն ալ… չեմ գիտեր՝ տեղ մը։ Պատմական անցեալն ու աշխարագրութիւնն ալ մոռցած են, կամ, այդ կարեւոր զոյգը համարած են յիշեալ բաղադրեալները ձեւաւորող գործօններ։  Բայց

ա՛ս չէ կարեւորը, այլ այն որ…

−Me− Ահա… սկսանք հայրենասիրական քարոզներու։

−Ես− Բայց լուրջ, «Ես Հայ եմ» ըսողին ապրած կեանքին, կեցաղին ու վայելած մշակոյթին ո՞րքանը ազգային է, ո՞րքանը՝ համաշխարհային։ Այդ ամբողջ մշակոյթի բաղադրեալներ կոչուած ցանկէն քանի՞ տոկոսին կը մասնակցինք ազգովին՝ Հայրենիք եւ սփիւռք…

−Me− Նախ Հայրենիք եւ սփիւռք ըսելով ազգը երկուքի բաժնեցիր, որ այնքան ալ ճիշդ չէ… կամ մի մասնատեր եւ կամ եթէ պիտի մասնատես, ճիշդ մասնատէ։

−Ես− Ճիշդ մասնատելը ո՞րն է՝ Դաշնակ, Հնչակ, Ռամկավար, Բարեգործական, Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան, Օրինաց

երկիր…

−Me− Անանկ ալ կ’ըլլայ, բայց մշակութային առումով եթէ պիտի կիսես, հայաստանահայ, սուրիահայ, լիբանանահայ, ամերիկահայ, ռուսահայ, ֆրանսահայ, պարսկահայ, եւայլնահայ… ասոնցմէ ամէն մէկը, մէկ տեղ ապրելով, իր շրջապատէն ազդուած տարբեր մշակոյթով կ’ապրի։ 

−Ես− Բայց մի՛ մոռնար, որ այսօր բոլորն ալ իրենց առօրեայ կենցաղին մէջ նոյն ճինզը կը հագնին, նոյն համպըրկըրը, բիցցան, սուշին ու ֆալաֆելը կ’ուտեն, նոյն Էլթոն Ճոնն ու Պիթըլզը կը լսեն, ֆիլմերը կը դիտեն, Վերսաչիի ու Կէսսիի ճաշակով կը հագնին, համաշխարային պանքինկ սիսդեմէն կ’օգտուին… Դեռ՝ նոյն մակնիշի բջիջայինը, համակարգիչը եւ ինքնաշարժը կը գործածեն…:

−Me− Ողջ մնան բրինձով բարգաւաճող մեր եղբայրները…: Այսօր նոյն կենցաղով կ’ապրին ու բարիքներէն կ’օգտուին հնդիկը, չինացին, հարաւ ափրիկէցին ու արաբը, ուրեմն ասոնց բոլորը հա՞յ սեպենք։ «համաշխարային մշակոյթ» կոչուածէն անոնց հետ միասին օգտուելէ բացի, քիչ մը աւելի առանձնայատուկ բաներ պէտք է ունենանք որպէս հայեր, որ նաեւ ընդհանուր ըլլայ բոլոր հայերուն համար։

−Ես− Բոլորս «Տըլէ եաման»-ով կը յուզուինք, աղջիկները նազպար կը պարեն, տղաքը բերդ պար, մեծերն ալ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» կ’երգեն՝ Ամերիկաներէն մինչեւ Արաբիստաններ, ասկէ ընդհանուր ի՞նչ կ’ուզես։

−Me− Ինչո՞ւ, միայն երգ ու պա՞րն է մշակոյթ ըսուածը. քիչ առաջուան բաղադրեալներէն առաջինը վերցո՛ւր՝ վարքի օրէնքները, որ կարեւորներէն է, անոր մաս կը կազմէ «նիստ ու կացը»՝ նստելու ձեւը, ուտելու կերպը եւ այլն, ներկայ արդի աշխարհը այսօր նոյն ընդհանուր օրէնքներով կը շարժի…

−Ես− Հիմա ուզածդ այն է որ, մշակութային առանձնայատկութիւն մը ապահովելու համար ամբողջ հայ ժողովուրդը նոյն կողմի վրա՞յ պէտք է նստի կամ նոյն ձեւո՞վ ծամէ ուտելիքը…

−Me− Գոյութիւն ունի համաշխարային մշակոյթ մը, որ երթալով կ’ընդարձակի, իր մէջ կը լուծէ բոլոր մնացած մշակոյթները, իւրաքանչիւրէն քանի մը կաթիլ վերցնելով։ Ներկայ քաղաքակիրթ ժողովուրդները գլխաւորապէս այդ կենցաղով կ’ապրին, զոր «արեւմտեան կենցաղ» կը կոչեն ոմանք։ Հայերս նոյնպէս այդ կենցաղով կ’ապրինք «կամ կը փորձենք ապրիլ», ուր որ ալ ըլլանք, թէպէտեւ արեւմուտքի մէջ «արեւելքցի» կը համարուինք, իսկ արեւելքի մէջ «արեւմուտքցի»: 

−Ես− Եւ մենք ալ պէտք է այդ «արեւմտեան կենցաղի» տարբերակով ապրինք, ըսածդ ա՞յդ է… պատկերացուր հայ գործատէր մը, որ իր հօրը դիմաւորէ՝ ոտքերը գրասեղանին դրած, ձեռքին սիկար մը կամ հայ օրիորդ մը առտուան դէմ սեւամորթ տղու մը հետ կիսամերկ տուն պիտի վերադառնայ, դուռն ալ իր տատին պիտի բանայ ու ժպտալով հրամմեցէ՛ք պիտի ըսէ եղեր..:

−Me− Օրինակներդ «համաշխարային մշակոյթին» չեն պատկանիր, ծայրայեղութիւններ են։ Եթէ «արեւելեան կենցաղը» կը նախընտրես,

անոնց համազօր ծայրայեղութիւն մը  կ’առաջարկեմ՝ հայ մը իր ընտանիքին մէջ գետինը նստած կը ճաշէ, ունի մի քանի կին՝ լաչակներով, որոնք իրեն հետ նստելով ճաշելու իրաւունքը չունին…: Փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուած՝ մարդկութեան

մեծամասնութեան կողմէն ընդունելի «վարքի» մասին կը խօսիմ, որ 

«համաշխարային մշակոյթ»-ին հիմնաքարն է։ Եթէ ամէն ինչի մէջ անպայման ազգայինը պիտի մտցնես, ուրեմն ուզածդ այն է, որ Հհյկական ժողովրդական տարազով գործի երթանք, մաքարոնի, հոդ տոկ կամ շաուրմա չուտենք, վոտքա, ուիսքի կամ բեբսի չխմենք, Սինադրա, Արմսդրոնկ կամ Վիվալտի չլսենք…

−Ես− Մի՛ շարունակեր, այլապէս դեռ ժամեր կրնաս հաշուել։ Հայաստանի մէջ ազգային տարազո՞վ գործի կ’երթան, թէ մնացած ըսածներուդ կը հետեւին։ Անհնար է համաշխարային մշակույթէն հրաժարիլ, բայց գոնէ մեր ազգային մշակոյթի բաղադրեալները փորձենք պահել, կիրարկել ու զարգացնել, ըսածս այդ է… օրինակ որքա՛ն կ’ուզէի ազգային տարազով պսակուիլ. այն ատեն բոլոր շուրջիններս դէմ եղան՝ ըսելով, որ «պիտի պսակուի՞ս, թէ հայկական պար պարես»…:

−Me− Պար ըսիր, տեղը բերիր՝ արուեստը ըսենք. պար, երաժշտութիւն, ասմունք…

−Ես− Բայց իսկապէս գեղեցիկ է մեր հայկական տարազը, ի՜նչպէս չհմայուիս ազգային տարազով հայ գեղեցկուհիի մը նազպարով…

−Me− Կը հմայուինք որովհետեւ պզտիկուց այդպէս դաստիարակուած ենք, մեր ճաշակը այդ ուղութեամբ ու օրինակով զարգացած է։ Հազարաւոր տարիներ առաջ, դերձակուհի մը, որ այսօր տիզայնըր կ’ըսենք, հագուստ մը ձեւեր ու աղջկան մը հագցուցեր է, շուրջիններն ալ հաւներ են ու պարագաներու բերումով ազգային տարազ դարձեր է, մենք ալ պոչը բռնած կ’երթանք։ Եթէ հնդիկ ըլլայինք, աշխարհի բոլոր գեղեցկութիւնը գունաւոր մետաքսով կիսապարոյր, կէտաւոր ճակատով սեւուլիկ աղջկան մը մէջ պիտի տեսնէինք: Ճափոնցի ըլլայինք, նկարազարդ կտորներու կոյտի վերածուած, մէջքին մեծ թիթեռնիկով կարճուլիկ օրիորդ մը պիտի հմայէր մեզ, դեռ կարելի էր

փայտէ ոտնամաններով հիանայինք որպէս հոլանտացի, ամբողջապէս սեւածածկ աղջկան մը միակ տեսանելի աչքերն ու գունաւոր ձեռքը գովերգէինք արաբական թերակղզիին մէջ՝

հնդկընկոյզի կեղեւներով ու արմաւենիի տերեւներով ծածկուած…

−Ես− Լաւ, մի՛ շարունակեր, հասկնալի է, բայց մեր տարազը նաեւ կ’արտայայտէ մեր հոգեբանութիւնը, առաքինութեան ու բարոյականութեան չափանիշները։ Աղջկան մը տարազը, օրինակ,  վառ, սակայն զուսպ գոյներ, կանացիութիւնը արտայայտող, բայց պատշաճ ձեւաւորում, պատկառելի բայցեւ գրաւիչ ու… մէկ խօսքով գեղեցիկ է, ուրիշ է։ Համաշխարային ճանաչում ունի մեր կատարողական արուեստը. ազգայինի վրայ հիմնուած Խաչատուրեանի կտորները, օրինակ, միջազգային պարային բոլոր մրցույթներուն ու նման առիթներուն կը հնչէ, ֆրանսական երգարուեստի գլուխգործոց Ազնաւուրին հայկական ջիղը նկատելի չէ՞, Պապաճանեան, Գէորգեան… դեռ քանի՞ հատ «եան» հաշուեմ:

−Me− Երգ ու պար, ուրիշ ի՞նչ ազգային արուեստ ունիս համաշխարայինի կացցային մէջ դնելիք:

−Ես− Կիրառական արուեստնիս պակա՞ս է: Սարեան, Այվազովսկի, Ժանսեմ: Գրական ալ կայ եթէ կ’ուզես. Սարոյեան, Թումանեան, Սեւակ

եւ դեռ համաշխարային հիացումի արժանացած մեր ճարտարապետութիւնը, գանդակագործութիւնը,

ասեղնագործութիւնը։ Բացի «համաշխարային կացցան» լեցնելէ, մենք մեր արուեստով կը շրջապատենք մեզ, հայ տուն մը կա՞յ, որ գրադարանին վրայ պզտիկ Օպսիտեանի կամ փայտի մը վրայ փորագրուած խաչքար դրած չըլլայ, Արարատի նկարը պատի մը վրայ չունենայ, հայ միութենական օրացոյց մը կախած չըլլայ, հայերէն երգ չլսէ, գոնէ մէկ հատ հայերէն բանաստեղծութիւն չիմանայ։

−Me− Ըսածներդ բոլորն ալ անցեալ են, այսօրուան կամ վաղուան համար բան մը կը սպասե՞ս: 

−Ես− Վստահ եմ, որ մէջերնիս վաղուան համար նոր Արշիլ Կէօրկի մը, Վալմար մը կայ։ Դեռ քանի մը ամիս առաջ մանկական եուրովիժընին առաջնութիւնը բերինք, անկէ առաջ ալ ճատրակը, ըմբշամարտը. չորս

միլիառին մէջ տասը միլիոն թիւով, աւելի ի՞նչ կ’ուզես։

−Me− Լաւ, կը բաւէ, գլուխս ցաւցուցիր…

−Ես− Իմս ալ ցաւեցաւ… նոյն գլուխն է վերջապէս։

−Me− Փոխէ նիւթը, լեզուն վերցնենք։ Զարմանալիօրէն մենք մեզ զարգացած ժողովուրդ կը սեպենք։ Ի՞նչպէս զարգացած կը համարես մարդ մը, որ գրել-կարդալ չի գիտեր իր մայրենի լեզուն: Այսօր ազգիդ քանի՞ տոկոսը հայերէն սահուն կը կարդայ, շատերը նոյնիսկ հայ ակումբի   մը հայերէն յայտարարութեան կողքին գրուած արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն տարբերակը կը նախընտրեն կարդալ։ Քանի՞ հատ երիտասարդ գիտես, որ հայերէն մամուլէն կ’օգտուի։

−Ես− Լեզուին պոչը բռնած կ’երթաս, հակառակը վերցուր պահ մը. եթէ հայ ըլլալը միայն լեզուի իմացութեամբ պայմանաւորուած ըլլար, ուրեմն բոլոր անգլերէն խօսողները անգլիացի պիտի համարուէին, ֆրանսախօսները՝ ֆրանսացի…

−Me− Հաշուիդ չեկածը կատակի տուր…

−Ես− Եթէ կատակը մէկ կողմ դնենք, նոր ծագած հարցի մը պէտք է անդրադառնանք։    Երբ 8-տարեկան Մեղրիս ուղղագրութիւն պատրաստելու ժամանակ մէջ−ը ե−ով գրէ, տիկինս անոր ձեռքը կը կարմրէ, իսկ ինք, որ ատեն-ատեն հայերէն յօդուածներ կը ստորագրէ «Զարթօնք»-ի մէջ, իր հայ ծանօթներէն շատերուն հետ համացանցի վրայ խօսակցելու ատեն է-ի կամ ե-ի ուղագրութեան կարեւորութիւն չի տար…: Չեմ մեղադրեր, համացանցով հեշտ հաղորդակցելու ձեւը այդպէս է այսօր։ Արդեօք մօտ ապագային, հայերէնը լատիներէն տառերով ճիշդ գրելու համար ուղղագրական նոր օրէնքներու պէտքը պիտի չունենա՞նք: Համացանցի վրայ Մեսրոպեան տառերով հաղորդակցելու որոշ դժուարութիւններ հարթելէ աւելի հեշտ է այս մէկը, չե՞ս կարծեր…

−Me− Հարցը աւելի հեշտ ըլլալը չէ, այլ այն, որ նոր սերունդին մեծ մասը, ծուռ-շիտակ հայերէն խօսակցականի մը տիրապետելով հանդերձ, աւելի դիւրին կը կարդան լատիներէն տառերը, քան Մեսրոպեանը« «հայերէն տառաճանաչ չեն», հետեւաբար աւելի

յարմար է այս վիճակը անոնց։

−Ես− Ժամանակին ձեռքս հին գիրք մը անցած էր, հիմա անիկա յիշեցի. 1880-ին Պոլսոյ մէջ տպագրուած՝ «Վարդանանց Պատերազմ»-ի մասին կը խօսէր՝ Մեսրոպեան տառերով թրքերէն շարադրանք… հաւանաբար պատրաստուած էր, որ «Մեսրոպեան տառաճանաչ» քահանան իր թրքախօս հաւատացեալներուն Վարդանանց պատերազմը կարդալով պատմէր, ու անոնք ալ եղածը հասկնային։ Ահա քեզի մշակոյթ, այսօր ալ երէկուան  հակապատկեր շարունակութիւնն է, զարմանալու բան մը չկայ։

−Me− Անանկ խորունկ գացինք, որ արեւելահայերէն ու արեւմտահայերէն լեզուներու քերականութեան, անոնց տարբերութիւններու մասին մտածելու տրամադրութիւն չմնաց: Լաւ, մէկ խօսքով՝ երկու լեզու, երկու մշակոյթ ըսենք ու անցնինք։

−Ես− Ինչպիսի՛ դաժան մասնատում, համաձայն չեմ։ Որքա՛ն մտազբաղ պիտի ըլլայ արեւմտահայ մը, որ արեւելահայերէնով լուր մը լսէ ու չհասկնայ։ Այն արտայայտութիւնը, որ տարածուած էր ժամանակին «սփիւռքահայերուն» մէջ, թէ «սա հայաստանցիներուն լեզուն ալ որքա՛ն տարբեր է, կը խօսին ու կը խօսին, բան մը չենք հասկնար…», խորքին մէջ կը պատկանէր անոնց, որոնք շնորհքով հայերէն խօսիլ չէին գիտեր, բնականաբար արեւելահայերէնը պիտի չհասկնային, մանաւանդ որ հայաստանցիներուն խօսակցականին երեք բառերէն մէկը ռուսերէնով էր։ Այս բոլորը այսօր անցեալ դառնալու վրայ է՝ հեռատեսիլի արբանեակային կայաններու տարածումով, ու մեծ մասամբ ծրագիրներու լեզուական մաքրութեան հոգատարութեան շնորհիւ։ Այնպէս որ այսօր ունինք հայերէն լեզուի երկու ձեւեր, որոնք

երկուքով մեր մշակոյթի գլխաւոր ու անհրաժեշտ, գուցէ

անբաւարար բաղադրեալներն են։

−Me− Երկու լեզու մէկ գրական մշակոյթ. 

−Ես− Ոչ՛, մէկ լեզու մէկ գրական մշակոյթ. լեզուաբանները ի՛նչ ուզեն թող ըսեն, ես իմ մէկս չեմ կիսեր, ո՞ր արեւմտահայը Սեւակ կամ Շիրազ կը կարդայ ու «ասի ինծի հարազատ չէ» կ’ըսէ, ո՞ր արեւելահայը Օտեանն ու Պարոնեանը հայ գրականութեան երգիծանքի հսկաներ չի սեպեր։ Եթէ այսպէս շարունակենք մտածել, գրաբառն ալ երրորդ լեզու համարելով, պիտի յայտարարենք, որ արեւելահայն ու արեւմտահայը օտար լեզուով կ’աղօթեն։

−Me− Քանի որ աղօթելու հասանք, անցնինք կրօնքին։

−Ես− Ասոր մասին ուզածի՛դ չափ խօսիր, հոգս չէ…

−Me− Հեթանո՞ս ես, ի՜նչ ես: Այս ի՛նչ անտարբերութիւն սրբութիւն սրբոցին վերաբերեալ:

−Ես− Եթէ իրենք՝ կրօնապետները, անհոգաբար ոչ թէ եղածը միացնելու, այլ դեռ մէկը կիսելով զբաղած են, ձեռքէս ի՞նչ կ’ելլէ… խօսի՛ր, խօսի՛ր, Էջմիածնակա՛ն, Անթիլիասակա՛ն, Աւետարանականն ու Կաթողիկէն չէին բաւեր, իսլամ հայեր ալ մէջտեղ եկան։

−Me− Բայց ինչո՞ւ իսլամ հայերուն ձեռք կ’առնես. դուն Ռամկավար վիճակով դեռ երէկ Երեւանի Բժշկական համալսարանին մէջ, հեթանոսութեան քննութիւն կու տայիր Հայաստանի մէջ համայնավար հայ դասախօսի մը, որ ադէիստ «անաստուած» ըլլալով հպարտ էր: Այդ ժամանակ կոմունիստական Հայաստանի բնակչութեան քանի՞ տոկոսը քրիստոնեայ կնքուած էին, ադէիստ եմ ըսողը կոմունիստ կ’ըլլար ու պաշտօն մը կը ստանար։ Հիմա «ձեւով մը» Աստուած ճանչցող իսլամ հայը սկսար օտա՞ր համարել։ 10 միլիոն

ժողովուրդի մը համար 2 միլիոննոց մարդաքանակը քի՞չ է: Վաղը անոնք կամաց-կամաց քրիստոնեայ կը դառնան:

−Ես− Նախ սկսիմ այնտեղէն, որ հեթանոս հայ համայնավարները բոլորն ալ գաղտնի ձեւով եկեղեցի կ’երթային ու մոմ կը վարէին։ Իսկ գալով իսլամ հայերուն, եթէ հակառակը ըլլայ, իրենք քրիստոնեայ ըլլալու փոխարէն իսլամութիւնը տարածեն, մանաւանդ որ այդ կրօնքի հիմնակէտերէն մէկն է այդ՝ բազմազաւակութեան հետ մէկտեղ. աչքդ գոցէ բաց, հայ ժողովուրդի փոքրամասնութիւնը քրիստոնեաները եղան։ Եւս հարց մը, եթէ ապագային «իսլամ հայ» մը աղջկադ ձեռքը խնդրէ, կու տա՞ս, «ինդերնացիոնալ−Me−» ջան։

− Յ.Ք. − Տէր ողորմեայ, տէր ողորմեայ, տէր ողորմեայ…

 «Ասի մէջս բնակող Յիսուս Քրիստոսին ձայնն էր, որ միշտ լուռ մտիկ կ’ընէ իմ ու իմ երկխօսութիւններուս, եւ երբեմն պէտք եղած ատեն

խռպոտ ձայնով մը կը հազայ…»

−Me− Ըսածդ հաւնեցա՞ր, բարկացաւ։ Նիւթը փոխէ… Ծէսէն խօսինք։ −Ես− Ծէս ըսածդ գլխաւորապէս տօնական օրերուն կ’ըլլայ։ Մեր ծէսերը քրիստոնէական կրօնքին հետ կապուած են, մանաւանդ որ քրիստոնէութիւնը մեր ազգային կրօնքն է, հետեւաբար անոր բոլոր ծէսերը ազգային կը համարուին։

−Me− Եգիպտացի, ասորի եւ ռուս քրիստոնեաներն ալ կը խաչակնքեն, պահք կը բռնեն, ծնունդ կը նշեն, այն ալ նոյն մեր օրը՝ Յունուար

6-ին, ուրեմն անո՞նք ալ հայ են:

−Ես− Բայց մեր ծէսը կը տարբերի.

−Me− Այսինքն՝ որքանո՞վ կը տարբերի: Պատարագի ժամանակ անոնց սրբազանը դէպի խորան՝ աջ կողմով կը դառնայ իսկ մերը ձա՞խ, կանանչ սգեմ հագած կ’ըլլայ, իսկ մերը՝ ոսկեգո՞յն, թէ անոնք Զատկուան հաւկիթները կէս ժամ մութ խոհանոցի մէջ կը խաշեն, իսկ մենք մէկ ժամ՝ լոյս աչքով:

−Ես− Լաւ, մենք դեռ ուրիշ ազգային յատուկ օրեր ունինք, օրինակ՝ Ապրիլ 24-ը…

−Me− 4000 տարուան ազգ ենք, վերջին 100 տարուան մէջ կատարուած ողբերգութեան յիշատակութեան օ՞րը միայն «ազգային օր» պիտի համարենք, եւ դեռ այդ օրուան պատարագը, գերեզման այցելութիւնը, եւ այլ հանդիսութիւնները՝ ազգային ծէս, իսկ մնացած 3900 տարուան աւանդը ու՞ր մնաց։ Զաւեշտը այն է, որ շատ ու շատ հայեր իրենք իրենց միայն այդ օրը հայ կը զգան։

−Ես− Տեառնընդառաջ, Վարդանանց, Աստուածածնայ խաղողօրհնէք, Ս. Սարգիս, Ս. Յակոբ, Թարգմանչաց, Նաւասարդեան… այս բոլորը մեր ազգին իւրայատուկ չե՞ն, բոլորն ալ հայկական եկեղեցին կը նշէ՝ ամէն մէկը իրեն յատուկ ծէսով, աւելի ի՞նչ կ’ուզես՝ տարին ամէն մէկ օր մէկ տօն ու ծէ՞ս ունենայ։

−Me− Յաջորդը՝ քաղաքական ու տնտեսական համակարգ: Ասոր հայկական ազգային տարբերակը Հայաստանի      մէջ   գործող սահմանադրութիւնն ու փայլուն, ազնիւ ու բարգաւաճող տնտեսութիւնն է, սփիւռքի մէջ ալ՝ Հնչակ-Դաշնակ-Ռամկավար ըմբշամարտը, հայրենակցական միութիւնները, պարահանդէսներու հասոյթը,         նուիրատուութիւնները, նոր սկսած     թելեդոնները, Բարեգործականի ուսումնական ցանցը, Ճինիշեան ֆոնտը…:

−Ես− Եւ ինչո՞ւ կը ծաղրես: Իր երկրէն դուրս աքսորի մէջ դասաւորուած ու մէջտեղ եկած քաղաքական ու տնտեսական համակարգի մը օրինակը ի՞նչպէս կ’ուզէիր, որ ըլլար, իսկ անդին, ո՞ր մէկ «քսան տարեկան         պետականութեան   մը»   տնտեսութիւնն ու սահմանադրութիւնը կատարեալ եղած է, որ մերը ըլլայ, ասոր մէջն ալ իւրայատկութիւն մը ունի «մեր մշակոյթը»…

−Me− Այս երկար-բարակ երկխօսութիւնէն ետք, «մեր մշակոյթը» ըսելով դեռ ի՛նչ նկատի ունիս՝ չեմ հասկնար։ Այդ մշակոյթին բոլոր բաղադրեալները տեղէ-տեղ, նաեւ ժամանակի ընթացքին կը փոխուին։ Ազգային առումով անտարբեր երկու հայեր, մէկը ըսենք Ռուսաստան, միւսը՝ Նահանգներ, ի՞նչ ընդհանուր բան մը ունին, մշակոյթի բաղադրեալներէն ո՞ր մէկը նոյնն է կամ ընդհանուր է անոնց համար, որպէսզի մշակոյթնին նոյնը ըլլայ: Դեռ դուն ալ անոնց մէջտեղը՝ Դամասկոսի մէջ նստած «մեր մշակոյթը» կ’երգես։

−Ես− Այնուամենայնիւ, «մեր մշակոյթը» գոյութիւն ունի, եթէ նոյնիսկ միայն հաւատքով բաւարարուինք, որ կ’ընդգրկէ մեր համոզումները, նպատակներն ու ձգտումները։ Բոլորս ունեցած ենք նոյն անցեալը, ներկանիս խստօրէն տարբեր է, բայց բոլորս նոյն հաւատքով կ’ապրինք, որ մէկ խօսքով՝ «տուն վերադառնալ»-ն է։ Այն տունը, որմէ այսօր մեզի մնացած սենեակները այնքան հարազատ են, որ որեւէ հայ մը, աշխարհի ո՛ր անկիւնը որ ըլլայ, երբ Հայաստան գայ, կը հասկնայ, որ իրեն համար աշխարհի ամենահարարզատ ու ջերմ անկիւնն է՝ անկախ այնտեղ տիրող համակարգէն ու տնտեսական վիճակէն։ Տուն, որուն սենեակները ամբողջացնելու, գրաւեալը ետ ձեռք բերելու եւ այնտեղ վերահաստատուելու երազանքն ու ձգտումը կը միաւորէ բոլոր աշխարհի հայերը…

−Me− Այսինքն՝ մէկ խօսքով մեր մշակոյթը մեր հայրենիքն է:

−Ես− Ուրիշ բան կրնա՞ս ըսել…

−Me−  «Հաւատքդ    քեզ   պիտի      փրկէ»:     Եկո՛ւր,    սա   մշակոյթի բաղադրեալները բաժնենք,     նայինք՝    քանի՛      հատը      ինծի կը պատկանին, քանի՛ հատը՝ քեզի։

−Ես− Եթէ նպատակդ ֆութպոլ խաղալու համար խաղացողները կիսել է, ուրեմն կախում ունի, թէ ո՛ր դաշտին վրայ պիտի խաղանք։ Դաշտեր կան, ուր քիչ խաղացող կ’ունենամ, դաշտեր ալ կան, ուր մեծամասնութիւնը խաղացողներուն կողմս են։

−Me− Հայ մը ու՛ր որ ալ ըլլայ, բոլոր դաշտերուն վրայ ալ իմ խումբիս

«համաշխարհային մշակոյթին» պիտի պատկանին անոր ամէնօրեայ  վայելած 1−Վարքի օրէնքները, 2−Հագուելաւոճը, 3−Սնունդը, 4−Քաղաքական ու տնտեսական համակարգը, 5−Թեքնոլոճին։ Կրօնքին իրաւարարի տարազը կը վայելէ ո՛չ ինծի, ո՛չ քեզի, քանի որ համաշխարհային տարածում ունենալով հանդերձ, ազգային կը համարենք։ Սակարկութիւնը պիտի ըլլայ մնացած խաղացողներուն

վրայ՝ կապուած տեղի ու ժամանակի հետ։

−Ես− Այսինքն՝ ինծի ի՞նչ մնաց կայուն:

−Me− Խորքին մէջ Հայաստանէն դուրս, «պատմական անցեալ»-էն ու «հաւատքէն» բացի, դուն կայուն բան մը չունիս, քանի որ նոյնիսկ ամենահաւատարիմ խաղացողդ՝ լեզուն, որոշ դաշտերու վրայ ինծի կը պատկանի, գաղութներ կան ամբողջ, որոնք հայերէն գրել-կարդալ չիմանալը անցնելով, նոյնիսկ խօսիլ չեն գիտեր։

−Ես− Կեանքը առաւել ազգային գոյներով տեսնել կը ձգտիմ, իսկ դուն այսօրուան ազգայինը վաղը համաշխարհայինի վերածել կը սպառնաս։

−Me− Ինչո՞ւ ամէն ինչը կ’ուզես միայն ազգային տեսնել: Վերջապէս այսօր սա մոլորակի բնակիչն ենք՝ հազարամեակներէ ըլլայ թէ հարիւրամեակներէ, եւ մնացած 4 միլիառին պէս նոյն բնագիտութեան օրէնքներուն կ’ենթարկուինք, բնախօսութիւնը ունինք, նոյն թթուածինը կը շնչենք, առանձին մոլորակ մը չունինք, հետեւաբար շատ ու շատ բաներով պարտաւոր ենք մնացածին պէս ըլլալ՝ ունենալ երկու աչք, մէկ քիթ, բերան մը… սիրենք, ատենք, ուտենք եւ այլն, եւ այլն:

−Ես− Այո՛, երկիր մոլորակի բնակիչն ենք, բայց որոշ առանձնայատկութիւններով, մինչեւ վաղն ալ եթէ հաշուել շարունակես, միեւնոյնն է, ես հայ եմ եւ հայ ըլլալով ուրիշներէն կը տարբերիմ թէ՛ մշակոյթո՛վ, թէ արեան բաղադրութեա՛մս:

−Me− Գիտեմ, որ հայ ես, բայց վաղը թոռնիկներդ պիտի գիտնա՞ն: Եթէ նոյնիսկ գիտնան, պիտի յիշե՞ն քու հայ ըլլալդ։

−Ես− Անոնք ալ հայ պիտի մնան եւ դեռ ինձմէ աւելի հպարտ պիտի ըլլան իրենց հայ ըլլալուն համար։

−Me− Դուն ալ անոր հաւատայ, արդէն հաւատքդ քեզ պիտի փրկէ, որդեակս… հաւատքդ պիտի փրկէ…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին