Յունիս 1-ին Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի մասնակիցները հանդիպում ունեցան Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:
Ողջունելով համաժողովի մասնակիցները` Արայիկ Յարութիւնեան նշեց, որ կարեւոր կը համարէ սփիւռքահայ լրագրողներու հետ նման ձեւաչափով հանդիպումը, քանի որ անոնց շնորհիւ նաեւ ուղերձներ կը փոխանցուին Սփիւռքի հայ համայնքներուն: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը ընդգծեց, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք կրթական ոլորտի բարեփոխումները առաջնային են, եւ առկայ է քաղաքական կամք` լուծելու ե՛ւ այժմէական, ե՛ւ ռազմավարական մօտեցում պահանջող խնդիրները:
«Կրթութիւնը պէտք է հասանելի ըլլայ բոլորին: Ասիկա լուրջ հրամայական է»,- նշեց Արայիկ Յարութիւնեան:
Համաժողովի մասնակիցները Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին հետ զրուցեցին դպրոցներուն մէջ ուսուցիչի դերին եւ հեղինակութեան վերարժեւորման մասին: Նախարարը նշեց, որ ուսուցիչը նախ եւ առաջ պէտք է աշակերտներուն մտածել սորվեցնէ, փոխանցէ անհրաժեշտ հմտութիւններ, զբաղի ինքնակրթութեամբ եւ կիրարկէ նոր մեթոտներ:
Սփիւռքահայ լրագրողները անդրադարձան նաեւ Լեզուի պետական տեսչութեան աշխատանքին, ընկերային ցանցերուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ հայերէնի ներկայ վիճակին, Սփիւռքի դպրոցներուն մէջ հայերէնի իմացութիւնը փաստող վկայականներու անհրաժեշտութեան:






