Սան Ֆրանսիսքոյի 111-ամեայ բնակչուհի Լիւսի Միրիճանեանը պէտք է ապացուցէ, որ դեռ ողջ է՝ կը գրէ «The Chronicle»- ը:
Նոյեմբերին դաշնային կենսաթոշակներով զբաղող կառավարական գործակալութիւնը Միրիճանեանին մահացած համարած է, քանի որ վերջինս գործակալութեան չէ վերադարձուցած լրացուած ձեւաթուղթը, ուր պէտք է նշուէր, որ ինք դեռ ողջ է:
Այժմ 111-ամեայ կինը զրկուած է ոչ միայն կենսաթոշակէն, այլեւ բժշկական ապահովագրութենէ: Ան կը նշէ, որ ձեւաթուղթը ինքը չէ ստացած, որպէսզի լրացնէր: «Վստահ ըլլալ, որ դուն ողջ ես` մէկ բան է: Իսկ ԱՄՆ կառավարութեան ապացուցալ ատիկա, երբ ան ատոր հետ համաձայն չէ, արդէն մէկ այլ բան»,- լրագրողին ըսած են Միրիճանեանի դուստրը` Սոնին եւ փեսան` Ճեք Քուջակեանը:
Միրիճանեանի կենսաթոշակը վերջապէս վերականգնուած է դեմոկրատական կուսակցութեան Սան Մաթէոյի գրասենեակի աշխատակիցի եւ տեղացի քոնկրեսականի օգնութեամբ:






