Հինգշաբթի, 05. 03. 2026

spot_img

111-Ամեայ Ամերիկահայէն Կենդանութեան Ապացոյց Պահանջած Են

Սան Ֆրանսիսքոյի 111-ամեայ բնակչուհի Լիւսի Միրիճանեանը պէտք է ապացուցէ, որ դեռ ողջ է՝ կը գրէ «The Chronicle»- ը:

Նոյեմբերին դաշնային կենսաթոշակներով զբաղող կառավարական գործակալութիւնը Միրիճանեանին մահացած համարած է, քանի որ վերջինս գործակալութեան չէ վերադարձուցած լրացուած ձեւաթուղթը, ուր պէտք է նշուէր, որ ինք դեռ ողջ է:

Այժմ 111-ամեայ կինը զրկուած է ոչ միայն կենսաթոշակէն, այլեւ բժշկական ապահովագրութենէ: Ան կը նշէ, որ ձեւաթուղթը ինքը չէ ստացած, որպէսզի լրացնէր: «Վստահ ըլլալ, որ դուն ողջ ես` մէկ բան է: Իսկ ԱՄՆ կառավարութեան ապացուցալ ատիկա, երբ ան ատոր հետ համաձայն չէ, արդէն մէկ այլ բան»,- լրագրողին ըսած են Միրիճանեանի դուստրը` Սոնին եւ փեսան` Ճեք Քուջակեանը:

Միրիճանեանի կենսաթոշակը վերջապէս վերականգնուած է դեմոկրատական կուսակցութեան Սան Մաթէոյի գրասենեակի աշխատակիցի եւ տեղացի քոնկրեսականի օգնութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին