Երեքշաբթի, 03. 06. 2025

spot_img

Տօնական Համերգ Կոնստանցա Քաղաքին Մէջ` Նուիրուած Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-Ամեայ Յոբելեանին

Մայիս 31-ին Ռումանիոյ Կոնստանցա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական համերգ` նուիրուած Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին: Տօնական երեկոն կազմակերպուեած էր Կոնստանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեանի նախաձեռնութեամբ, համագործակցութեամբ տեղի ծխական խորհուրդի եւ Ռումանիոյ Հայոց միութեան Կոնստանցայի մասնաճիւղի` օրհնութեամբ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Ռումանիոյ Հայոց թեմի մամլոյ դիւանէն, համերգը տեղի ունեցաւ քաղաքի Արուեստի թանգարանի գեղեցիկ սրահին մէջ, ուր հաւաքուած էին ոչ միայն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, այլեւ բազում ռումանացիներ, տեղական մամուլի եւ ձայնասփիւռի ներկայացուցիչներ, Կոնստանցայի Մարզային Գրադարանի տնօրէն Կորինա Միհայլա Ապոստոլէանուն, «Անտիկուս» բազմամշակութային ընկերակցութեան պատասխանատու Թանէր Մուրատը, հիւրեր եւ երաժշտութեան սիրահարներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ծուխի հոգեւոր հովիւը` խօսելով մայիսեան հերոսամարտերու կարեւորութեան, հայոց պետականութեան վերածնունդի մասին` շեշտելով այն հանգամանքը, որ ցեղասպանուած հայ ժողովուրդը իր մէջ ուժ գտաւ պայքարելու եւ վերստեղծելու հայոց անկախ պետութիւն, հռչակելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ հնարաւոր դարձաւ հայու հերոսական ոգիի եւ միասնականութեան շնորհիւ: Այնուհետեւ ներկաները ողջունեց ծխական խորհուրդի անդամ, տեղի կիրակնօրեայ դպրոցի հայերէնի ուսուցչուհի Ազատուհի Պենլեան եւ ներկայացուց համերգային օրուան ծրագիրը:

Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցան սոփրանօ երէցկին Արմինէ Խաչատրեանը՝ նուագակցութեամբ օրիորդ Անդրադա Շտեֆանի, Մարիամ Խաչատրեանը, Արամ Մարիուս Նիցան, Կոնստանցայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ դպրոցի երեխաներէ բաղկացած փոքրիկ երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Արմինէ Խաչատրեանի: Հնչեցին Հայաստանին նուիրուած հայրենասիրական ու ազգային երգեր`  «Երազ իմ երկիր հայրենի»,«Հով առէք սարեր», «Բարի արագիլ», «Ազգ փառապանծ», «Աղաւնիներ». «Հայաստան» «Ախ ինչ լաւ է սարի վրայ», «Նոր Հայաստան», «Բարձրիկ Հայաստան» եւ այլն, կատարուեցան հայ անուանի ու ճանչցուած երգահաններու՝ Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի, Ալեքսանդր Սպենդարեանի հանճարեղ ստեղծագործութիւնները:

Տարիներ շարունակ հայրենիքէն հեռու, օտար ափերու վրայ տուն կերտած հայերը  անգամ մը եւս հաղորդակից եղան հայ մշակութային ժառանգութեան: Բոլորի սրտերը կրկին լեցուեցան կարօտով առ հայրենիք կորուսեալ. մարդոց աչքերուն վառուող լոյսն ու արցունքները անխօս վկան էին այն փաստին, որ թէեւ հայրենիքէն հեռու, բայց հայը կը շարունակէ մնալ հայ` իր նուրբ զգացմունքայնութեամբ եւ թաքուն յոյզերով:

Համերգէն ետք, ընդառաջ Յունիս 1-ի խորհուրդին, մասնակից բոլոր երեխաները իրենց ծնողներուն հետ ծխական խորհուրդին կողմէ հրաւիրուեցան մանկական սրճարան, ուր կազմակերպուած էր հիւրասիրութիւն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին