Գործադիրը հաւանութիւն տուաւ ՀՀ կառավարութեան ծրագիրին: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան գործունէութեան առանցքային նպատակը 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան արժէքներու ամրագրումն է` որպէս հանրային եւ ազգային յարաբերութիւններու հիմք եւ յեղափոխութեան գաղափարներու իրագործումը` որպէս քաղաքական մշտական իրողութիւն: Կառավարութեան գործունէութեան հիմնարար ուղենիշներն են` իշխանութեան ձեւաւորումը բացառապէս ժողովուրդի ազատ կամարտայայտման միջոցով, իրաւունքի գերակայութեան եւ օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութեան վրայ հիմնուած ազգային միասնութիւնը եւ քաղաքացիական համերաշխութիւնը, ՀՀ արտաքին եւ ներքին անվտանգութեան ապահովումը, Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը, փտածութեան հանրային մերժումը եւ կաշառակերութենէ զերծ հանրութիւնը, քաղաքականութեան եւ գործարարութեան գործնական տարանջատումը եւ այլն:
Կառավարութեան ծրագիրին մէջ անդրադարձ կը կատարուի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու նախապատրաստման: Ըստ որուն` վեցերորդ գումարման Ազգային ժողովը չ’արտայայտեր Հայաստանի ժողովուրդի քաղաքական ճշմարիտ տրամադրութիւնները, նախապատուութիւնները եւ ուժերու իրական յարաբերակցութիւնը: Այս իրողութիւնը Հայաստանի մէջ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ իրականացնելու անվիճելի անհրաժեշտութիւն կը յառաջացնէ: Կառավարութիւնը կարեւոր կը համարէ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններու այնպիսի կազմակերպումը, որ ըլլայ իրապէս ազատ, արդար, թափանցիկ, ժողովրդավարական: Այդպիսի ընտրութիւններ իրականացնելու եւ ընտրութիւններու` հանրութեան կողմէ չվիճարկուող արդիւնքեր արձանագրելու նպատակով անհրաժեշտ է իրականացնել Ընտրական օրէնսգիրքի եւ ընտրական համակարգի էական բարեփոխումներ: Կառավարութեան ծրագիրին համաձայն` անհրաժեշտ է, մասնաւորապէս, հրաժարիլ ընտրական վարկանիշային համակարգէն եւ անցնիլ լիարժէք համամասնական համակարգի, ձեւաւորել նոր, իրական պատկերը արտացոլող ընտրական ցուցակներ, որոնք հետագային կը թարմացուին ինքնաշխատ եղանակով եւ այլն: Խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները անհրաժեշտ է իրականացնել առաւելագոյնը մէկ տարուան ընթացքին:
ՀՀ կառավարութիւնը Ազգային ժողովի նախագահին կ’առաջարկէ 2018 թուականի Յունիս 7-ին ժամը 11:00-ին գումարել արտահերթ նիստ: Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան ըսած է, որ օրակարգին վրայ պիտի ներառուի կառավարութեան ծրագրին հաւանութիւն տալու մասին հարցը:






