Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

ՌԱԿ-ի երախտաւորները – Յունական Բանակի Փոխգնդապետ Սարգիս Տէր Յակոբեան (1899, Սիս – 1949, Աթէնք)

*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

Երախտաւոր Սարգիս Տէր Յակոբեան ծնած է Սիս 1899-ին Քաջիկեան գերդաստանի յարկին տակ։ Հետագային հօր անուան հետեւողութեամբ դարձած է Տէր Յակոբեան։

Պատանին նախ կը յաճախէ Սիսի ազգային նախակրթարանը, ապա իր պատանի տարիքին Համաշխարհային Ա. Պատերազմի տարիներուն, հարազատներուն հետ կը հաստատուի Ատանա։ Կիլիկիոյ մէջ յարաբերաբար ազգային զարթօնք մը սկսած էր ծաւալիլ, մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք ու կամաւորական խումբերու կազմաւորումով։ Արարայի յաղթական ճակատամարտէն ետք (1918 Սեպտեմբեր) լեգէոնականներ եկած էին հաստատուելու մանաւանդ Ատանա՝ իրենց տրուած ցուցմունքով պատրաստուելու Կիլիկիոյ անկախութեան գործընթացին։ Տէր Յակոբեան իրեն տարեկից պատանիներով կազմած էր զինեալ խումբ մը՝ մասնակցելու համար այդ աշխատանքներուն, որոնք դժբախտաբար միայն պիտի յանգէին Կիլիկիոյ միօրեայ անկախութեան (1920, Օգոստոս 4), եւ որպէս հետեւանք ծայր պիտի առնէր Կիլիկիոյ պարպումը 1920-ին։ Իր մարտական խումբին անդամներով ան կը հաստատուի Զմիւռնիա ու կը միանայ Զօրավար Թորգոմի լեգէոնին։

Երիտասարդ եւ յեղափոխական խառնուածքով տոգորուած էր Տէր Յակոբեան։ Ան աչքի կը զարնուի թրքական բանակին դէմ մղած մարտական գործունէութիւններուն ընթացքին։ Ապա 1922-ին Զմիւռնիայէն նահանջի ընթացքին իր անվերապահ օժանդակութիւնը կը բերէ՝ հայ գաղթականներ տեղափոխելով Յունաստան։

1923-ին վերջնականապէս ինքն ալ կը հաստատուի Աթէնք (Յունաստան)։ Տէր Յակոբեան Ատանա գտնուած շրջանին մուտք գործած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերը եւ Յունաստան հաստատուելէն ետք կը միանայ Աթէնքի ՌԱԿ-ի տեղւոյն ակումբին, ուր նաեւ կը գործէր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը։ Տէր Յակոբեան արդէն ծանօթ էր ֆրանսերէն եւ յունարէն լեզուներուն Ատանայի մէջ եւ իրեն կը վստահուի հիմնել Բարեգործականի վարժարանը՝ Աթէնքի Քոքինիա թաղամասին մէջ։ Հետագային Հայ Կաթողիկէ վարժարանն ալ կը միանայ այս վարժարանին ու Տէր Յակոբեան կը դառնայ միացեալ վարժարանին տնօրէնը։

Նոր սերունդներ դաստիարակելու միտումով ան կը դասաւանդէ նաեւ հայոց պատմութիւն, ինչ որ կրցած էր սորվիլ ինքնաշխատութեամբ։ Ան Յունաստանի կազմաւորուող գաղութէն ներս կը շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը, ուր նաեւ գոյութիւն ունէին որբանոցներ եւ գաղթակայաններ։ Պաշտօնի բերմամբ Տէր Յակոբեան իր այցելութեանց ընթացքին յաճախ կը հանդիպէր հասարակական ու կուսակցական գործիչներու, որոնց ծանօթացած էր Կիլիկիա գտնուած շրջանին։

1924-ին ներկայ կը գտնուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Բ. Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովին, որ կը գումարուէր Աթէնքի մէջ, ու հոն կը ներկայացնէ Զմիւռնիոյ աղէտին պատճառաւ գաղթական հայերու տեղափոխումը Յունաստան, ինչպէս նաեւ իր մարտական խումբի մասնակցութիւնը հայկական լեգէոնին։ Յունաստանի ՌԱԿ-ի շրջանակն ալ իրեն կը յանձնարարէ այցելել Յունաստանի զանազան շրջանները, մանաւանդ Սելանիկ եւ Քորֆու։

1925-ին կը կազմէ իր հայեցի ընտանեկան բոյն մը՝ կեանքի ընկեր ընտրելով  Նուարդը. անոնք կը բախտաւորուին չորս զաւակներով՝ Կայծակ, Աւետիս, Ազատուհի եւ Ալիս։ Պէտք է ըսել, որ իրենց հօր որոնած ազգային ուղին չորսն ալ հետագային շարունակեցին։

Կրթական իր ասպարէզին կողքին, Յունաստանի ՌԱԿ-ի շրջանակէն ներս Տէր Յակոբեանի ներդրումը իր կարեւոր դերը ունեցաւ գաղութահայ կեանքէն ներս։ Գաղափարի իր սերտ գործակիցն էր հաճընցի Եփրեմ Վարդանեան ՌԱԿ-ի երախտաւորը, որուն հետ միասին Տէր Յակոբեան եղած էր յունական բանակի պահեստի հրամանատար Զմիւռնիոյ մէջ մինչեւ 1922 թուականը։

Տէր Յակոբեան եւ Վարդանեան, նախ որպէս կրթական մշակ ու հասարակական գործիչներ 1920-ական թուականներուն իրենց անվերապահ մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը բերին յունահայ գաղութի կազմաւորման մէջ ու մանաւանդ դարձան ՌԱԿ-ի Յունաստանի այն առաջնորդները, որոնք նուիրուեցան Յունաստան հաստատուած ծնողազուրկ պատանիներու ազգային դաստիարակութեան։

Պէտք է աւելցնել, թէ երկուքն ալ յարգուած պահեստային զինուորականներ մնացին յունական կառավարութեան համար։

1940-ին Համաշխարհային Բ. Պատերազմի սկզբնաւորութեան Տէր Յակոբեան կը զօրակոչուի յունական բանակ որպէս պահեստազօրի սպայ։ Յոյն-իտալական պատերազմի հռչակման ժամանակ կը մասնակցի ալպանական ճակատին վրայ յունական բանակի մղած մարտական գործողութիւններուն, իսկ տարի մը ետք՝ 1941-ին մասնակից կը դառնայ Յունաստան ներխուժած գերմանական զօրքերուն դէմ մղուած կռիւներուն։ Ան կատարած է նաեւ թարգմանի պարտականութիւններ։

Գերմանական ներխուժման ու գրաւման հետեւանքով յունական բանակը պիտի կազմալուծուէր, իսկ զինուորականներն ալ պիտի դառնային քաղաքացիներ… վերադառնալով իրենց տուները։

Տէր Յակոբեան չյաջողեցաւ վերստին մանկավարժութեամբ զբաղիլ, որովհետեւ Յունաստանի մէջ գործող բոլոր հայկական վարժարաններն ալ փակուած էին գերմանական ներխուժման շրջանին։

1945-ին Համաշխարհային Բ. Պատերազմի աւարտէն ետք, երբ Յունաստան ազատագրուած էր այլեւս, կարելի եղաւ երկրին բնականոն վիճակը վերագտնել, ինչպէս նաեւ ազգային ու կրթական տեղւոյն հայկական կեանքն ալ սկսաւ ծաղկիլ՝ անգամ մը եւս ցիրուցան դարձած հայու բեկորներու քով-քովի գալով։

Նոյն տարին ան դարձեալ կը զօրագրուի յունական բանակ՝ դառնալով փոխգնդապետ։ Այս շրջանին մանկավարժական աշխատանքներով կը սատարէ յունահայ վերաբացուած հայկական վարժարաններուն։

Հակառակ պատերազմի քանդիչ հետեւանքներուն, կարելի եղաւ յունահայ կրթական կեանքը վերականգնել Տէր Յակոբեանի ջանքերուն շնորհիւ։

Որպէս ՌԱԿ-ի Շրջանային վարչութեան անդամ Յունաստանի կառոյցէն ներս, իր ջանքերուն շնորհիւ ու իրեն հասակակից գաղափարի ընկերներուն հետ միասին Սարգիս Տէր Յակոբեան նպաստեց եւ իրականացուց կազմութիւնը Աթէնքի Արարատ Մարզական Մշակութային Միութեան, որ ցարդ կը գործէ ու կը նպաստէ յունահայ ազգային կեանքին։

Տէր Յակոբեան երախտաւորին նպաստը մեծ եղաւ Յունաստանի հայութեան համար 1946-47 տարիներուն, երբ ան իր մասնակցութիւնը բերաւ կազմակերպելու ներգաղթ-ազգահաւաքի աշխատանքները, այդ ծրագիրը գլխաւորող ՌԱԿ-ի այլ երախտաւորի մը՝ Առաքել Պետրոսեանին հետ։ Այդ տարիներուն յունահայ գաղութէն շուրջ 22,000 հայորդիներ ներգաղթեցին հայրենիք։

Երախտաւոր Տէր Յակոբեանի նուիրեալ կեանքը շատ կարճ ժամանակի մէջ արդէն պիտի հասնէր իր աւարտին, երբ 50 տարեկանին, Մարտ 1949-ին, սրտի տագնապի հետեւանքով աչքերը պիտի փակէր Աթէնքի մէջ։

Իր մահէն ետք չորս զաւակներն ալ գաղթեցին Արժանթին ու հաստատուեցան Քորտոպա քաղաքը, ուր իր երէց որդին՝ Կայծակը, մասնակից դարձաւ արժանթինահայ գաղութի հասարակական կեանքին։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին