Ուրբաթ, 06. 03. 2026

spot_img

Պոլսոյ Հրանդ Տինքի Անուան Վարժարանին Կից Գործող Մանկապարտէզի Հրաժեշտի Հանդէս

Մայիս 25-ը  նշանաւոր օր էր Պոլսոյ Հրանդ Տինքի անուան վարժարանին կից գործող «Գարուն» մանկապարտէզին համար: Մանկապարտէզի սաները ուսուցիչներ` Մարգարիտ Աւագեանի, Նոնա Յարութիւնեանի եւ Ժաննա Մելքոնեանի անմիջական ղեկավարութեամբ հրաժեշտի հանդէս ներկայացուցին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնէ Նարինէ Սողոմոնեան, բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցի փոխտնօրէնուհի Լիլիթ Պօղոսեան, որ շնորհաւորեց ծնողներն ու բարի երթ մաղթեց փոքրիկներուն:

Մանկական երգ ու պարի աշխոյժ տրամադրութիւնը կը թեւածէր դահլիճէն ներս: Ծնողները մեծ յուզումով կը հետեւէին իրենց երեխաներու ելոյթին, որոնք կը  պատրաստուին ոտք դնել գետելիքի անեզր աշխարհ: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնն ունեցան պոլսահայ համայնքի ներկայացուցիչներ` տէր Շիրվան քահանան, Նատիա Գէոսէօղլուն, Գարին Թիրզեան, Մարքրիթ Աթմաջան, Ռաքէլ Տինքը, Թալին Սիւզմեն, Աւետիս Հիլքաթը:

Դպրոցի տնօրէնուհի տիկին Հերիքնազ Աւագեան յանձնեց երեխաներու աւարտական վկայականները, իսկ հոգաբարձուներ` Արտօ եւ Դալար Հորոզօղլուներու յանձնած նուէրները մեծ ուրախութիւն պատճառեցին երեխաներուն:

Սեպտեմբերէն այս սաները Հրանդ Տինք դպրոցի պատմութեան մէջ իրենց նոր էջը պիտի բանան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին