Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան հարցազրոյց մը տուած է Լայփցիկի «Leipziger Volkszeitung» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Եան Էմենտէորֆերին: Այս թերթը կը պատկանի «Madsack» լրատուութեան միջոցներ տպագրող հրատարակչական ընկերութեան, որուն օրաթերթերը տարուան մէջ ունին 2.5 միլիոն ընթերցող:
Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ հարցազրոյցին ընթացքին դեսպանը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ վերջին ներքաղաքական զարգացումներուն` կարեւոր համարելով իշխանութիւններու ձգտումը բարեփոխումներու հետեւողական ապահովման գործին: Խօսելով ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մասին` Աշոտ Սմբատեան ընդգծած է Հայաստան-Ռուսիա դաշնակցային ռազմավարական յարաբերութիւններու նշանակութիւնը, որոնց զուգահեռ կը զարգանայ ԵՄ-ի եւ ԱՄՆ-ի հետ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը:
Դեսպանը ներկայացուցած է ՀՀ տնտեսական քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները, ժամանակակից ճարտարագիտութիւններու, մասնաւորապէս տեղեկատուական ճարտարագիտութիւններու ոլորտին մէջ Հայաստանի արձանագրած յաջողութիւնները:
Հարցազրոյցին ընթացքին դեսպան Սմբատեան յատուկ կերպով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին՝ ներկայացնելով հայկական կողմի եւ միջազգային հանրութեան համատեղ ջանքերը՝ Ազրպէյճանը բերելու կառուցողական դաշտ: