Երեքշաբթի, 24. 02. 2026

spot_img

Փաշինեան Հանդիպած Է Վրաստանի Խորհրդարանի Նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէի Հետ

Պաշտօնական այցով Վրաստան գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Իրաքլի Քոպախիձէի հետ:

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ Քոպախիձէն ողջունած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնական այցը Վրաստան եւ համոզում յայտնած, որ այդ մէկը նոր ազդակ կը հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման՝ տարբեր ուղղութիւններով: Վրաստանի խորհրդարանի նախագահը կարեւորած է երկու երկիրներու կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու միջեւ աշխոյժ համագործակցութիւնը եւ ընդգծած, որ այդ մէկը կը նպաստէ հայ եւ վրաց ժողովուրդներու կապերու առաւել ամրապնդման ու ընդլայնման:

Վարչապետը նշած է, որ, երկար տարիներ որպէս պատգամաւոր աշխատելով ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ, սեփական փորձով գիտէ, թէ որքա՛ն կարեւոր է խորհրդարանի դերը պետութեան կառուցուածքին մէջ ժողովրդավարական սկզբունքներու զարգացման համար։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր տեղ կը յատկացուի միջխորհրդարանական երկխօսութեան։ «Հաշուի առնելով, որ Հայաստանը անցում է կատարել լիարժէք խորհրդարանական կառավարման համակարգի՝ դա մեզ  պարտաւորեցնում է երկկողմ խորհրդարանական համագործակցութիւնը բարձրացնել նոր մակարդակի»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Զրուցակիցները համոզում յայտնած են, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարանականներու պարբերական հանդիպումները իրենց ներդրումը ունին երկու երկիրներու միջեւ բարւոք յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան եւ Իրաքլի Քոպախիձէն ընդգծած են, որ արդիւնաւէտ երկխօսութեան միջոցով Հայաստանը եւ Վրաստանը ի վիճակի են արագօրէն լուծելու բոլոր հարցերը, ինչպէս նաեւ գործընկերութեան նոր ձեւաչափեր եւ փոխշահաւէտ համատեղ նախագիծերու ու ծրագիրներու իրականացման նոր հնարաւորութիւններ գտնելու։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին