Շաբաթ, 21. 03. 2026

spot_img

Սամանթա Փաուըր Երեւանի Մէջ Պիտի Մասնակցի «Աւրորա»-ի Ձեռնարկներուն

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Սամանթա Փաուըր պիտի մասնակցի Յունիս 8-էն 10 Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական նախաձեռնութեան ձեռնարկներուն:

2017 թուականի Դեկտեմբերէն ան «Աւրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ է:

 Յունիս 8-ին Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ պիտի կայանայ հանրային զրոյց Սամանթա Փաուըրի եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ճոն Փրենտերլասթի հետ:

 Մինչեւ ՄԱԿ-ի մէջ աշխատիլը Սամանթա Փաուըր ծառայած է ԱՄՆ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մէջ` որպէս նախագահի յատուկ օգնական եւ բազմակողմանի յարաբերութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գլխաւոր տնօրէն:

 Ան հեղինակած է Փուլիցըրեան մրցանակի արժանացած «Խնդիր դժոխքէն. Ամերիկան եւ ցեղասպանութեան դարաշրջանը» գիրքը:

  ««Աւրորա» մրցանակը եւ անոր դափնեկիրները կ’ապացուցեն, որ ոչ միայն կարեւոր է յիշել անցեալի վայրագութիւնները, այլեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի ներուժ` աջակցելու անոնց, որոնք ներկայիս կը փրկեն մարդոց կեանքը»,– 2017-ի Դեկտեմբերին ըսած էր ան: «Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ, որ նպատակ ունի մեծարման արժանացնել զանոնք, որոնք, կրելով բազում դժուարութիւններ, կ’օգնեն այլոց եւ ունին կամք կուտակելու եւ պահպանելու մարդկային բարութիւնը, նոյնիսկ խիստ դժուարին պայմաններու մէջ»:

«Մետիամաքս»-ը կը նշէ, որ 2016 թուականի Նոյեմբերին Սամանթա Փաուըր, որ այն ժամանակ ԱՄՆ դեսպանն էր ՄԱԿ-ի մէջ, խօսած էր «Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման մասին»:

 Նոյեմբեր 30-ին Ուաշինկթընի Հոլոքոսթի թանգարանին մէջ Էլի Վիզըլի յիշատակին նուիրուած իր ելոյթի ընթացքին ըսած էր. «Աշխարհի մէջ դեռ շատ անարդարութիւն կար: Հայերու դէմ գործուած ցեղասպանութեան մերժումը, անոր կեանքի ընթացքին տեղի ունեցած սարսափները` Փոլ Փոթի վարչակարգը, Պոսնիան, Ռուանտան, Տարֆուրը, Սուրիան: Ան կ’ապրէր եւ կը տեսնէր, թէ ի՛նչպէս աւելի մեծ թիւով մարդիկ անասելի յանցագործութիւններու ականատեսը կը դառնան, սակայն լայնօրէն տարածուած կը մնար նաեւ անտարբերութիւնը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին