*ՎԱՐԴԱՆ ԹԱՇՃԵԱՆ*
Տարիներ առաջ, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիան, տասնմէկ պատուար կրող շրջանակաձեւ իր պատմական պարիսպին մէջ պարփակուած՝ նեղ փողոցներու վրայ՝ կղմինտրեայ տանիքներով խիտ-խիտ տուներու, խանութներու եւ ասոնց վրայ իշխող տիրական եկեղեցիներու ու մզկիթներու ամբողջութիւն մըն էր ճարտարապետական իր ինքնուրոյն դիմագիծով: Այդ հնութիւնը մինչեւ այսօր ի գոյ է դեռ, սակայն ի՜նչ եղած է բուն քաղաքը պարիսպէն դուրս, անցնող հարիւր տարուան մէջ, ատ ուրիշ…
Քսանական թուականներու սկիզբը, լայնատարած այս պարիսպի պատերէն քանի մը քիլոմեթր հարաւ արեւելք, այսպէս կոչուած, «եռաբլուր»-ի մը տարածքին, երկու անմահանուն եղբայրներու իշխանական բարերարութեամբ իրագործուած Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան նորաշէն զոյգ շէնքերը իրենց արքայական կառոյցով հորիզոնը կը քերէին հեռուներէն՝ օգնական ունենալով սլացիկ ջրամբարը, բարերարներուն վիլլան, ուսուցիչներու երկար շէնքը եւ հիւանդանոցը: Նորատունկ ծառերու ամբողջութիւն մըն ալ նոյն ատեն հասակ կ’առնէր այդ շէնքերուն շուրջ՝ դեռաբողբոջ իր կանաչով կեանք ու գոյն սրսկելու քարքարուտ ու լերկ շրջապատին:
Եկալիպթոս, շոճի, պտղատուներ, արմաւենի եւ տակաւին՝ տարուան որոշ եղանակին իրենց ցայտուն դեղինով հարուստ աքասիաներ, ժայռագետնի վայրի խոտերուն եւ ծաղիկներուն հետ կը փորձէին կերտել բնութեան հրաշագեղ ստեղծագործութիւնը հո՛ն՝ մշտական մուսաներ խնկարկելով գեղարուեստական ձիրքերով օժտուած սան-սանուհիներու ներշնչումներուն:
Այս բոլոր ծառերուն իշխանը սակայն կը մնար, անվերապահօրէն, շէնքերուն առջեւի անտառը, միահասակ շոճիներու եւ մայրիներու համաչափ շարանով՝ ովասիսային մխիթարան պարգեւելով հետզհետէ ծլարձակուող եւ քարակոյտի վերածուող քաղաքին:
Նիկոսիայէն հարաւ ուղղուող մայր պողոտային վրայ, «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն» մետաղեայ կամարաձեւ գիրերով զարդարուն գլխաւոր դարպասէն դէպի ներս ծայր առնող թեթեւ զարիվերին կեդրոնը՝ ածուներու կղզիակին երկու կողմը տարածուող այս պուրակը սկսած էր դառնալ սիրտ բացող, կեանք նորոգող, հոգի պայծառացնող, յոգնութիւն փարատող, ուղեղ հանգստացնող օրհնաբեր ներկայութիւն մը, բնութեան դիւթանքը՝ հաստատութեան երէց ու կրտսեր բնակիչներուն:
Դասերու, ձեռնարկներու, խաղերու կամ փորձերու ժամերէն դուրս գողտրիկ, մտերմիկ մեր անկիւնն էր անիկա, գէթ մեր տարիներուն, եթէ ոչ բոլոր սերունդներուն համար: Մաքուր, բուրումնաւէտ օդը բնութեան երաժշտութեամբ հարուստ՝ սեփական զգացումներ անաղարտութեամբ փայփայող առանձնութեան մէջ, օրուան հոգեր թօթափող շնչարանն էր մեր անտառը: Ոմանց համար՝ գրաւորի, քննութեան եւ կամ տնային պարտականութեան պատրաստութեան կեդրոնացումը հո՛ն էր: Լաւ ըրի՞ր, հո՛ն էր տեղը ուրախանալու, ցած նիշ առի՞ր, հո՛ն էր տեղը գլուխ օրօրելու եւ սխալներ սրբագրելու: Սէրդ պատասխան գտա՞ւ, հո՛ն էր տեղը ցնծալու, մերժուեցա՞ւ, հո՛ն էր տեղը մխիթարութիւն որոնելու: Ծնողքէն նամակ ստացա՞ր, հո՛ն էր հեռաւոր հարազատներու կարօտով այրող հոգեվիճակի դարմանատունը:
Մելգոնեանի անտառը ծառերու պարզ դէզ մը չէր ու չեղաւ, այլ անխորտակելի գաղտնապահութեամբ խորհրդանշական գոյութիւն մը, երբ Մեծ եղեռնի որբերուն շունչն ու քրտինքը կար շաղուած անոնց արմատներուն առաջին մազերուն հետ: Աւանդութիւն մըն էր, ներգրաւող պատմութիւն մը, որ կը փոխադրուէր ծառէ-ծառ, շիւղէ-շիւղ՝ ամէն մէկը իր մէջ թաքնելով զինք ցանող որբին անունը…: Կարծր այդ հողաշերտին վրայ ծառերը աճեցան, մեծցան ոչ միայն անձրեւներու ջուրով, այլեւ տղոց ու աղջկանց շուքով, ձայնով, արցունքով, քրտինքով եւ ամէն շաբաթավերջին, բարերարներու դամբանին առջեւ երգուող ու արտասանուող աղօթքներով:
Այս անտառը ո՛չ Անգլիական Վարժարանի, ո՛չ Թէրասանթայի եւ ո՛չ ալ Ամերիկեան Աքատեմիի ծառերուն տարիքը ունէր, այն դպրոցներուն, որոնք աւելի առաջ կառուցուած են, ու դեռ նախանձելիօրէն բա՛ց են, կը գոյատեւեն, կը յառաջդիմեն, կը բազմանան աշակերտութեան թիւով ու կը գործեն յուսադրիչ ապագայով… Այո՛, աւելի երիտասարդ՝ Մելգոնեանի անտառը Մելգոնեանցիին հոգիին մէջ դրոշմուած սրտատրոփ ներգործում մը, վեհացնող եւ վերացնող իւրայատուկ աշխարհ մըն էր, մանաւանդ երբ արեւուն ցոլքերը սանտրէին ծառերուն ճիւղերը, եկեղեցւոյ մը լուսամուտէն հոսող գունագեղ շողարձակումով ու հասնէին անոր թաւշանման գետնի վայրի ծաղիկներուն, կակաչներուն, ապրիմ-մեռնիմներուն, մինչ հոն նստած պատանին, կռնակը ծառի մը կոճղին կը փորձէր գրիչ շարժել, քերթուած հիւսել, մէջ ընդ մէջ զինք հրապուրող թիթեռնիկներու եւ մեղուներու շուրջպարին հետ:
Առտուները երբ կը շարուէինք մանչերու շէնքին առջեւ, աղջիկ-տղայ, դասերը սկսելէն առաջ մեր զոյգ քայլերգները «Աւետիս Հայեր»-ն ու «Անմահ Լուսոյ»-ն երգելու, գիշերուան մութի կծկուած կսկիծէն ցօղի կաթիլներով արցունքոտած աչքեր կը սիրէին ցուցադրել իրենց չքնա՜ղ, շնորհալի ժպիտը, թաւշային մարգագետնի մակերեսէն, յատկապէս գարնան. իսկ երեկոները՝ պատուհաններէն արձագանգող երգչախումբի «Որքան Դիցակերտ» եւ «Իմ մայրենի քաղցր լեզու» խմբերգերուն հետ թռչուններն ալ կը միացնէին իրենց ծվծվոցային սոնաթը, ա՛լ հայրենիք դարձուցած ճիւղերուն վրայէն՝ ամբողջացնելով
Մ. Մեծարենցի «Յուշիկ փախչող իրիկուան» զմայլելի համանուագը:
Տակաւին, այս բոլորին վրայ, 50-ական թուականներու ա՜խ-ա՜խ կախարդական հին յունական երգերու ձայնասփռումն ալ դիմացի տուներէն, ինքնաշարժներէն եւ կամ մինչեւ իսկ պահակ Պրն. Կիրակոսի կրպակէն, առասպելական երգիչներ Նիկոս Կուննարիսի, Սոֆիա Վէմպոյի, Կակիա Մէնտրիի, Սթէլլա Կրէքայի, Քուլլա Նիքոլայիտուի, Ֆոթիս Բոլիմերիսի հրաշալի մեկնաբա-նութիւններով, այլուր անգտանելի ներդաշնակութիւն մը կը հրամցնէին ռոմանթիք տրամադրութիւններով եռեւեփող հոգիներուն:
Այս անտառը որքան զովութիւն էր ամրան կիզիչ օդին, նոյնքան ալ ջերմութիւն էր մեզի եւ շէնքերուն, ձմրան ցուրտին, կուրծք տալով արեւմուտքէն փչող կծու հովերուն, երբ կը սիրէինք բազմիլ շէնքերու մուտքի սանդուխները եզերող քարերուն վրայ, ոտքերը կախ օդին մէջ: Մեր պատանութեան սկզբնական տարիներուն տակաւին, որքա՜ն հսկայ, երկնասլաց կը թուէին ծառերը մեզի, Սան Ֆրանչիսկոի Muir անտառի ծառերուն պէս: Շատ յաճախ կ’իջնէինք մինչեւ սահմանի ցանկապատ, անոր թելերուն վրայ ծալլուած մեր արմուկներուն վրայ կը հանգչեցնէինք մեր գլուխը եւ բարի նախանձով կը դիտէինք շրջագայող ինքնաշարժները, թէնիսի խաղ դիտողի պէս, ձախ-աջ, աջ-ձախ, ամէնէն հինէն մինչեւ արդիականը, նորագոյն «մոտէլ»-ը, գեղեցիկն ու տգեղը, դէմքի լեզուն դարձնելով արտայայտիչը բաղդատական վճիռին: Այդ ժամուն ստամոքսային ասիտն ու կռկռոցն ալ կը չէզոքացուէր յաճախ Պրն. Կիրակոսի կրպակէն գնուած համեղ «chips»-երով:
Մեր ուղեղը բնականաբար կը քերթուէր մէկ կողմէն հոն բանող «ազատ ու անկախ» աշխարհին եւ միւս կողմէն հաստատութեան սահմանափակեալ կեանքի տարբերութեան վրայ, երանի՜ տալով անոնց, որոնք իրենց ծնողքին հետ այդ ինքնաշարժներուն մէջ հաւանաբար կ’երթային պտոյտի վայելքին, ծովու կապոյտին կամ լեռներու կանաչին յանձնելու իրենց օրը, մինչ մենք պարտաւոր էինք հնազանդիլ սերտողութեան, փորձերու կամ գործերու զանգին, ցանկապատի այդ թելերը գառագեղի երկաթները յիշեցնող տղայական մեր հոգեբանութեան մէջ: Ժամանակը պիտի գար համոզելու մեզ, թէ ցանկապատէն ներս այդ կեանքը շատ աւելի նախանձելի էր, լեցո՜ւն, երանելի իր ներքին բազմերանգ գործունէութիւններու անհամար շարքով: Այո՛, կային խիստ օրէնքները, խստադէմ հերթապահները, բայց կայի՛ն նաեւ անոնց պապայական նուիրումն ու կապուածութիւնը, ծնողական գուրգուրանքը փոխարինող մօտեցումով: Հետագայ տարիները պիտի գային զգաստացնելու մեզ, թէ որքա՜ն քաղցր է եղեր այդ վերաբերումը, որքան տեղի՛ն այդ խստութիւնը, ոչ նուազ՝ անտառի ծառերուն հոգատարութենէն:
Մելգոնեանի՜ անտառը…
Հիմա տխո՜ւր է անտառը, չեն խնդար ծառերը, կը հեկեկան իրենց ճակատագրին վրայ: Որբերու ձեռքերով տնկուած այդ ծառերը իրե՛նք որբացած են հիմա, գուրգուրանք ու գութ կ’որոնեն, անապատի մը փշածառին պէս, մինչ ա՛լ գերարդիական ինքնաշարժներու բանակը, հեւքոտ կեանքի իր արշաւին անձնատուր՝ հինաւուրց ու նեղ այդ ճամբուն տուած է մայրուղիի տարազ: Ո՞վ կը գտնէ րոպէ մը, աչքը դարձնելու անոնց պատուհանէն դուրս եւ դիտելու մօտիկ անցեալի մը փառքին հնութիւնները հո՛ն, երբ պահանջկոտ ներկան եւ անստոյգ ապագան կը կազմեն մարդոց մտածումներուն գլխաւոր առանցքը, երբ նիւթական կարիքներու գոհացման այդ առօրեայ անխուսափելի պայքարին ու թոհուբոհին մէջ մարդիկ կը դառնան կամայ-ակամայ անտարբերութեան եւ «ինծի ի՛նչ»-ի գերին, դժբախտաբար բարիքը շուտ մոռցող, բայց սխալ մը երբեք չմոռցող իրենց բնութեան հաւատարիմ:
Ամավերջի հանդէսներուն յաջորդ օրը, սրտաճմլիկ տեսարանով՝ շրջանա-ւարտներուն հրաժեշտի աւանդական սովորութիւնը դարձած էր փաթթուիլ այդ ծառերուն, թաց աչքերով դժկամ մնաք բարով աղաղակել, օդակայան ուղղուող օթոպիւսը մտնելէն առաջ, իբրեւ ապարդիւն վերջին փորձ՝ սիրելի անտառը աչքէ երբե՛ք չհեռացնելու բնազդական արարքով:
Հիմա այլեւս ո՞վ պիտի արտայայտէ այդ «մնաք բարով»-ը, երբ ո՛չ աշակերտ մնաց հոն, ո՛չ շրջանաւարտ ու ո՛չ ալ ամավերջի հանդէս:
Արդեօք պիտի գա՞յ օրը, երբ շէնքերը, արձանները, դամբանը, գրասեղանները, գրադարանը, խաղավայրերը կեանք ու շարժում պիտի տեսնեն վերստին իրենց շուրջ, եռաբլուրը դարձնեն դարձեալ եռո՛ւն, երջանի՛կ, այնպէս ինչպէս որ էր վեհութեան օրերուն, որպէսզի անտառի ծառերը վերագտնեն իրենց ժպտուն, բնական կանաչը ու անուշ շուքը շարունակեն տարածել ճեմող սան-սանուհիներուն համազգեստներուն եւ դասագիրքերուն վրայ:
Նիկոսիա