121 շրջանաւարտներ ստանալով իրենց վկայականները յաղթական կանգնած էին բեմին վրայ ջերմ ծափահարութիւններու տարափին տակ: Ոչինչ կը գերազանցէր անոնց ուրախութեան, երբ տարիներու իրենց ճգնաջան աշխատանքի արդիւնքը ստացած էին: Անոնց ուրախութեան շաղախուած էր նաեւ յուզմունքը հրաժեշտ տալու կրթական այն օճախին, ուր ստացան իրենց գիտելիքները եւ կերտուեցան որպէս մարդ՝ սորվելով ծառայել, ունենալ ազատ ապրելու կամք ճշմարտութիւն:
Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը` Հայկազեան համալսարանը, շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, շաբաթ, 26 մայիս 2018, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համալսարանի շրջափակին մէջ:
Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին, երեսփոխան վեր. Էտկար Թրապուլսին, Լիբանանի ուժեր կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր երեսփոխան Ժան Թալուզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանը, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնգապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունին, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Իլիաս Աունը, Պուրճ Համմուտի քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պողօսեան, Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան ատենապետ Միացեալ նահանգներէն Յասմիկ Պարանը, հոգաբարձութեան անդամներ, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ հանդիսաւոր թափորով մը ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի բացման աղօթքը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ մեր տօնական մթնոլորտին հաստատ զարկ կու տան այս շաբաթ նշուող Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի տօնը, մեր նոր օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհնութիւնները եւ խթանման հնարաւորութիւնները: Միաժամանակ, տօնական մեր երթին մէջ գոհունակութեամբ կը յիշենք Ամերիկահայ Աւերարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակը, եւ անոր նպաստը մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդին եւ Հայկազեան Համալսարանին երկար տարիներ շարունակ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ամեակները պատմութեան չեն վերաբերիր միայն, հապա նաեւ մեր այսօրուան ու վաղուան յուսալիութեան: Եթէ պատմութիւնը դպրոց է, ամեակները քննութեան պահ են: Եթէ կայ մէկ յաւելեալ խօսք այս երեկոյ այս բեմէն, այդ ալ պիտի ըլլար կոչ մը մեր ամեակներուն առիթով քննելու թէ վաղուան հայերը ինչպիսի կրթական, մշակութային, հասարակական դարբնոցներու մէջ պիտի պատրաստուին, ինչպիսի դարբիններու կողմէն:
Նուիրումով, յոյսով, խանդով լեցուինք, եւ լծուինք անձնուէր գործի- շրջանաւարտներ, մեծեր ու պատասխանատուներ, Հայկազեանէն ներս եւ անկէ շատ անդին:
Խօսքի աւարտին ըսաւ. «Յարգելի շրջանաւարտներ, դուք կ’ապրիք եւ աշխատիք առաքինութիւններով լեցուն սրտով, ես կը հրաւիրեմ ձեզ մտածելու, որ կրթութիւնը ձեզի կը սովորվեցնէ սահմանումներու մասին: Յարգանքի արժեւորումը անհրաժեշտ առաքինութիւն է: Յիշեցէք Արարիչը, յիշեցէք արարածները, յիշեցէք ձեր ընտանիքները, համայնքները եւ երկիրը, յիշեցէք, ինչպէս որ ձեզմէ աւելի ուժեղները պէտք ունին ձեր յարգանքնին, այնպէս ալ տկարները եւ ձեզմէ թոյլերը պէտք ունին յարգանքի: Յարգանքի առաքինութիւնը ձեր յաջողութեան բանալին է:
Օրուան պատգամը տուաւ Հայկազեան Համալսարանի Հոգաբարձու, 1973-ի շրջանաւարտ եւ California State Համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու բառժանմունքի տնօրէն Փրոֆ. Վահրամ Շեմմասեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ կեանքը երբեք չի կրնար թշուառ ըլլալ, եթէ կարգապահ ըլլաք, որպէսզի տեսնէք այն պայծառ կողմը եւ այն առաւելութիւնները եւ բարիքները, որոնք դուք ունիք: Յոյսը ամենուրեք է, եւ դուք պէտք է ձեր աչքերը վեր վերցնէք եւ ձեր շուրջը նայիք:
Ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն հիւր բանախօսը ըսաւ, թէ դուք կը մտածէք այս պահին քննադատաբար, թէ ո՛վ էք դուք: Բայց ի՞նչ է քննադատական մտածողութիւնը: Դուք անընդհատ կը յիշէք, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կիրառել հասկացութիւնները, տեսութիւնները, իրավիճակները բացատրել, գտնել պատասխաններ կամ հասնիլ ճշմարտութեան: Այսուհետեւ, մոռցէք ինչ որ ըսուած է ձեզի: Փոխարէնը օգտագործեցէք ձեր միտքը, յայտնի եւ անյայտ ուղղութեամբ, որպէսզի անակնկալ անկիւններէ անիկա ետ վերադառնայ ձեզի, եւ դուք ազատիք հին գաղափարներէ ու հին կառոյցներէ:
Եթէ շարք մը կէտեր ստացած էք միայն կրթական աստիճան ստանալու համար, ապա շատ բան չէք սորված: Բայց ինչ որ սորված էք եթէ կը գործածէք որպէս պահուած սերմեր, որոնցմով կը կերակրէք անօթիները, կ’օգնէք նուազ բախտաւորներուն, յոյս կու տաք եւ կը բարձրացնէք ժողովուրդներու ինքնագնահատականը, ապա դուք ճշմարիտ կրթութիւն ստացած էք:
Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տեսուչներ` դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ` գերազանց ուսանողներուն:
Շրջանաւարտներու անունով խօսք առաւ ուսանող Սուզանա Սաատատտին: Ան ըսաւ, որ սյս համալսարանին սորվեցանք սէր, համագործակցութիւն, հարազատութիւն, կարգապահութիւն, անկեղծութիւն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն եւ պարտականութիւններու կատարեալ կատարում: Ինչքան ալ զարգանանք ու առաջ երթանք, միշտ պիտի յիշենք անոնց, որոնք պատճառ եղան մեր յաջողութեան եւ մեր ձեռքէն բռնեցին յարատեւելու համար: Անոնց ներկայութիւնը քաջալերեց մեր բոլորին: Խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց դասախօսական կազմին, տեսուչներուն եւ ծնողներուն, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց յաջողութեան համար:
Ապա խօսք առաւ ուսանող Յակոբ Գարամեան, որ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Եկէք համարձակօրէն սկսինք ճանապարհորդութիւններու, ուր կը ձգտինք յաջողութիւններու եւ դրական փոփոխութիւններու: Կասկած չկայ, որ ապագան շատ մեծ անորոշութիւններ ունի, եւ ճանապարհը լեցուն է խոչընդոտներով: Բայց Հայկազեանի մէջ դժուարութիւններ չկայի՞ն: Մենք պէտք է լաւ անուն ձգենք, ճշմարտութեամբ, ազատութեամբ եւ ծառայութեամբ նուաճենք նոր բարձունքներ եւ բարձրացնենք ուրիշները մեզի հետ:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:
Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան եւ տնտեսագիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Լորեն Աբրահամեան, Նովա Անթոսեան, Վալանթինա Պապուքճեան, Իզապէլ Պաղիքեան, Կրէյս Պաճանեան, Գրիգոր Պարախեան, Հրակ Յարութ Պարտիզպանեան, Երազ Պասմաճեան, Բալիկ Պերեճիգլեան, Սարին Պոյաճեան, Փաթիլ Պոյամեան, Գարինէ Տիլապազեան, Անի Համալեան, Մեղրի Ճարքեան, Ալին Քէոթէքլեան, Նարեկ Մկրեան, Լէա Ներսէսեան, Նանոր Փափազեան, Նազար Փոլատեան, Մարիամ Դանիէլեան, Անդրանիկ Թէքէլեան, Սերժ Թովմաս Թովմասեան, Ռիթա Սթեֆանի Թովմասեան, Նայիրի Եագուպեան, Արման Սարգիս:
Հայկազեան համալսարանի առեւտրական վարչագիտութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Նազօ Չոփուրեան, Յովհաննէս Չամչեան
Հայկազեան համալսարանի ընկերային գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Շանթ Աքուշեան, Գէորգ Պոնթիկեան, Նարեկ Հաննայեան, Նայիրի Քահքէճեան, Նորա Գալանտճեան, Րաֆֆի Քէլէշեան, Անուշ Գարմանտայեան, Նաթալի Մարկոսեան, Ճեսիքա Սարգիսեան, Փաթիլ Թելվիսեան
Հայկազեան համալսարանի Մարդկային գիտութեանց պսակաւոր արուեստից վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Արամ Քահքէճեան Յակոբ Ժաք Քարամեան, Քրիստին Մարաշլեան
Հայկազեան համալսարանի գիտութեան բաժանմունքի պսակաւոր արուեստի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Անահիտ Պալթայեան, Ժոաննա Տէր Պետրոսեան, Արտա Քերպապեան, Աննա ՄԱրիա Մարգարեան, Մարինա Սարեան, Յակոբ Թազեան, Կալին Վեհան Չամիչեան, Շողեր Թորոսեան,
Հայկազեան համալսարանի ընկերային գիտութեան բաժանմունքի մագիստրոսի վկայականի արժանացան հետեւեալ լիբանանահայ ուսանողները.
Ռաքէլ Քէչէճեան, Նարինէ Գիրգորեան