Հինգշաբթի, 15. 05. 2025

spot_img

Հայաստանը Հաւատարիմ Է ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Համանախագահներուն Միջնորդութեամբ Իրականացուող Բանակցային Գործընթացին. ՀՀ Նախագահ

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Հարաւային Կովկասի մէջ եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն:

Նախագահ Սարգսեան կարեւորած է Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումն ու կառուցողական երկխօսութիւնը: Ան ըսած է, որ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը փոխգործակցութեան նոր հնարաւորութիւններ կը բանայ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման ընթացքին վերաբերեալ: Երկրի ղեկավարը ըսած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցային գործընթացին եւ յանձնառու է շարունակելու զայն՝ հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար: Կողմերը խօսած են նաեւ խաղաղութեան նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան մասին եւ կարեւորած քաղաքացիական հասարակութիւններու ներգրաւումը փոխվստահութեան ձեւաւորման ուղղուած միջոցառումներուն մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին