Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Անկախութեան Հարիւրամեակը Եւ Ժողովուրդին Նոր Յաղթանակը

*Ճրտգ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ*

Ազատ ու անկախ ապրելու ցանկութիւնը, կամքը եւ վճիռը, մեր ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է: Մեր ազգը, իր երկար պատմութեան երթին, միշտ բռնակալութեան դէմ հերոսական պայքար մղած է՝ իր արեան գնով ազատ ապրելու համար:

28 Մայիս 1918 թուականը անկիւնադարձ մը եղաւ մեր ազգի կեանքին մէջ. Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան հռչակման թուականը։ Սակայն Մայիս 28-ի նորածնունդ այդ երկիրը՝ Հայաստանը, չունէր կազմակերպուած բանակ, առողջ ու բարգաւաճ տնտեսութիւն, եւ այդպիսով՝ հեշտ թիրախ եղաւ ուրիշներուն, եւ իր կարճատեւ անկախութիւնը ակամայ կորսնցուց՝ մաս կազմելով Սովետական Միութեան, մինչեւ այդ Միութեան իսկ փլուզումը: 21 Սեպտեմբեր 1991-ին, սակայն, Հայաստանը հռչակեց իր վերանկախացումը եւ երրորդ հանրապետութեան ծնունդը:

Այս տարի, մեր հայրենիքի առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակը պիտի տօնենք այնպիսի հանգամանքներու մէջ, երբ մեր երորրդ հանրապետութիւնը արդէն իր գոյութեան քառորդ դարը բոլորած՝ կը շարունակէ յարատեւել դժուար պայմաններու մէջ: Անտարակո՛յս, ներկայ Հայաստանը մեր բոլորին ակնկալած ու երազած դրութեան մէջ չի գտնուիր. պատճառները շա՛տ են, սակայն այժմ ժամանակը չէ անոնց անդրադառնալու. աւելի՛ հարկաւոր է ապագայի ընելիքներուն մասին խօսիլ: Մենք պէ՛տք է կառչած մնանք մեր հայրենիքին, աշխատինք անոր գոյութեան ամրապնդման ու յարատեւութեան ի խնդիր, որովհետեւ անոր ապագան՝ մե՛ր ապագան է, մեր զաւակներուն եւ գալիք սերունդներուն ապագան։

Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի տօնակատարութիւններուն զուգահեռ, ունեցանք հայրենիքի մէջ նոր կարգերու եւ նոր կառավարութեան ծնունդի տօնակատարութիւններ եւս. կառավարութիւն մը, որ սկիզբ առաւ երիտասարդ ուժերու շարժումով, Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ ու ղեկավարութեամբ, եւ ժողովուրդի ճնշուած խաւին աջակցութիւնը վայելելով՝ յաջողեցաւ խաղաղ ճանապարհով տապալել սակաւապետներու իշխանութիւնը եւ ստանձնել երկրին ղեկը, վարչապետ ունենալով Նիկոլ Փաշինեանը, զոր պէտք է շնորհաւորենք իր քաջութեան, խիզախութեան եւ յանդգնութեան համար: Նախկին Հանրապետական կարգերը մեղադրուած են երկրին հարստութիւնը կողոպտելու, քաղաքացիական իրաւունքները խախտելու, կառավարական, դատական թէ քաղաքացիական ծառայութիւնները խուճապի մատնելու, ինչպէս նաեւ երկրին դիմագրաւած բազմաթիւ խնդիրները լուծել չկարենալու, փտածութիւն, կաշառակերութիւն, գործազրկութիւն, արտագաղթ եւ աւելին պատճառելու յանցանքներով։

Այսօր, աշխարհացրիւ հայութիւնը աչքերը սեւեռած է դէպի հայրենիք, կը հետեւի  հոն տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն եւ մեծ յոյսով է, որ հիմնական բարեփոխումներ, բարելաւումներ եւ դրական զարգացումներ տեղի պիտի ունենան: Յուսախաբութեան օրերը անցած են… Ժողովուրդը մեծ յոյսերով կ’ապրի եւ պէ՛տք է վառ պահէ այդ յոյսերը, սակայն բոլորս ալ լաւատեղեակ ենք, թէ բարեփոխումները մէկ օրուան ընթացքին տեղի չեն ունենար, ո՛չ ալ նոյնիսկ կարճ ժամանակուան ընթացքին, քանզի բազմաթիւ են անլոյծ մնացած խնդիրները։

Երկրին անվտանգութիւնը ապահովելէ ետք, կարեւոր է երկրի տնտեսական տագնապին դարման մը, ելք մը գտնել։ Անտարակոյս, Հայաստանի բնակչութեան մեծամասնութիւնը չքաւորութենէ կը տառապի, մինչ, անդին, քանի մը տասնեակ ընտանիքներ միլիոններ դիզած են՝ տակաւին ծծելով ժողովուրդին արիւնը։ Հարկաւոր է երկրին մէջ միջին խաւ ստեղծել՝ բաղկացած փոքր դրամագլուխով վաճառականներէ եւ գործատէրերէ, համալսարանի շրջանաւարտներէ, արհեստաւորներէ, մտաւորականներէ եւ նման այլ քաղաքացիներէ, ինչ որ աշխարհահռչակ մեծահարուստ Քըրք Քըրքորեան աշխատեցաւ ընել, սակայն չյաջողեցաւ՝ պետական աւազակներուն պատճառով:

Նաեւ, երկրին սահմանադրութիւնը պէտք է մի՛շտ ի զօրու մնայ եւ հարկ եղած փոփոխութիւններուն ենթարկուի՝ համապարփակ ըլլալու միտումով եւ թալանողներու եւ օրէնքները խախտողներու դէմ դռները փակելու համար: Հայաստանի բոլոր քաղաքացիները, անխտի՛ր, պէտք է օրէնքին ենթակայ ըլլան. ասիկա նորութիւն մը չէ, ո՛չ ալ գիւտ մը. ասիկա միշտ ըսուած է եւ պիտի ըսուի, սակայն այլեւս ժամանա՛կն է, որ այդ մէկը իրագործուի՝ պողպատեա՛յ բռունցքով… Ի՞նչ ըսել է բանակի սպայ մը ծեծով սպաննել ճաշարանի մը մէջ, անոր սեփականատիրոջ թիկնապահներուն կողմէ կամ քաղաքացի մը սպանդի ենթարկել սակաւապետի մը կողմէ եւ ազատ մնալ…

Հայաստանը ներկայիս նիւթական մեծ ներդրումներու կարիք ունի, ըլլա՛ն անոնք հայերէ թէ օտարներէ։ Այդ ներդրումները ապահովելու համար պէտք է արմատաւորել վստահութիւն եւ պետական հզօր աջակցութիւն, աշխատանքի եւ առեւտուրի ազատ շուկայ, իրաւունքներու ապահովութիւն, իսկ այդ բոլորէն ետք, ինչո՛ւ չէ, նաեւ ստանալ պետական տուրքեր եւ երկրին եկամուտ ապահովել: Անհրաժեշտ է նաեւ մեծ ընկերութիւններու ներդրումը եւ աշխատանքը մեր երկրէն ներս. ներկայ Հայաստանը ազատ շուկայի երկիր է, ընկերվարական կարգեր չունի, սակայն ազատ շուկան ալ իր օրէնքները ունի. անիկա երբե՛ք երկիրը թալանել չի նշանակեր: Կառավարութեան գործունէութեան թափանցիկութիւնը շա՛տ հիմնական է, իսկ աւելի կարեւորը՝ ազատ մամուլ ունենալը, որպէսզի կարող ըլլայ հետեւելու եւ բոլորին պարզելու օրէնքի առկայ որեւէ խախտում՝ որեւէ կողմէ:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ իր հարազատ ժողովուրդի ծոցէն դուրս եկաւ, նմանապէս անոր ընկերները, վստահաբար լաւատեղեակ են այս բոլորին եւ դեռ աւելիի՛ն, իսկ մենք այս տողերով բնա՛ւ մտադիր չենք, ո՛չ ալ իրաւունք կամ կարողութիւն ունինք այդ սեւ օրերը ապրած, սակաւապետներու դառն ու դաժան ճնշումներուն ընդդիմացած եւ բանտերը ճաշակած ղեկավարներուն դաս տալ. այս տողերը պարզապէս մտորումներ են եւ բարձրաձայն մտածումներ սրտցաւ հայրենակիցի մը կողմէ։

Մեզի հարկաւոր է ազգասիրութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ լո՛ւրջ աշխատանքի լծուիլ: Անձնուրաց, զոհողութիւն պահանջող աշխատանք է պէտք, առանց անձնական շահեր կամ հարստութիւններ դիզելու մտադրութեամբ: Իսկ քաղաքական հողի վրայ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային այս անցուդարձերուն տանք իրենց իսկական եւ հարազատ անունը… Յեղափոխութեան գոյն չտա՛նք (թաւշեայ թէ այլ), որովհետեւ վատահամբաւ գունաւոր փոփոխութիւնները վերջապէս կրնան սեւ ըլլալ եւ երկիրը քայքայել, ինչպէս եղաւ Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Իրաքի պարագաները։ Մերը, պարզապէ՛ս, օլիգարխներու փտած կարգերու փոփոխութիւն էր՝ ժողովրդական շարժումով եւ ուժերով, խիզախ ու նուիրուած մարդոց առաջնորդութեամբ։

Բայց եւ այնպէս, չմոռնանք, որ Ռուսիան՝ մեր վաղեմի «մեծ եղբայր»-ը, կը փափաքի Հայաստանը մի՛շտ իր շուքին տակ պահել։ Անիկա առանց Հայաստանի կը կորսնցնէ իր հակակշիռը Կովկասի մէջ։ Սակայն մե՛նք եւս սուր կարիքը ունինք Ռուսիոյ նման հզօր դաշնակիցի մը։ Անիկա զինուորական խարիսխ ունի Կիւմրիի մէջ, մեր դարաւոր թշնամիին՝ Թուրքիոյ սահմանին վրայ, ինչ որ մեզի համար ապահովութեան յոյս է: Այնուամենայնիւ, արեւմտեան երկիրներու համար շատ կարեւոր է Ռուսիան Կովկասէն հեռու պահելը, իսկ Հայաստանի խաղաթուղթը ծանրակշիռ է անոնց համար։ Մենք անոնց բարեկամութեան ալ կարիքը ունինք. ուրեմն հարկ է զգուշութեամբ խաղալ քաղաքականութեան անգութ լարերուն վրայ եւ խուսափիլ կռուախնձոր ըլլալէ, ինչպէս եղան Սուրիան եւ այլ երկիրներ:

Յաղթանակին հասնիլը շատ դժուար է ու կարեւոր, բայց յաղթանակը պահելը՝ ա՛լ աւելի բարդ ու հիմնական: Եթէ յաջողինք պէտք եղած աշխատանքը տանիլ, ա՛յն ժամանակ պիտի կարենանք զարգացած եւ ինքնաբաւ երկիրներու շարքին դասուիլ՝ օտար երկիրներու նուազ ազդեցութեան տակ։ Իսկ եթէ չյաջողինք այդ ընել, ապա պիտի անցնինք յետամնաց, տկար, աղքատ, անյուսալի վիճակ ունեցող երկիրներու շարքին, եւ մեր ձեռքերը պիտի միշտ երկարենք նոր Թրամփներու, որպէսզի մեզի քանի մը միլիոն տոլար օգնութիւն տան գոյատեւելու համար:

Մնանք յոյսով եւ աշխատինք կերտելու մեր փայլո՛ւն ապագան:

Լոս Անճելըս

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին