Սեւասթոփոլի մէջ կայացած է «Յաղթած ենք միասին» վաւերագրական ֆիլմերու ու հեռուստահաղորդումներու միջազգային 14-րդ փառատօնի փակման արարողութիւնը, կը հաղորդէ «Թերթ»-ը։
«Լաւագոյն լիամետրաժ ֆիլմ» ճանչցուած է Արմէն Խաչատրեանի «Վերջին ցանկութիւն»-ը (Հայաստան):
Ինչպէս կը նշէ «rusarminfo.ru»-ն, ֆիլմը կը պատմէ Սուրիայէն քաղաքացիական պատերազմի պատճառով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու մասին, անոնց հոգեբանական վիճակին, այնտեղ մնացած հարազատներու ու աւերուած տուներու հանդէպ կարօտի, ինչպէս նաեւ նոր միջավայրի մէջ նոր կեանք սկսելու փորձերուն մասին:
«Վերջին ցանկութիւն»-ը վաւերագրական ֆիլմը խոստովանութիւն է, որ մասնաւորապէս կը պատմէ պատերազմէն փախած եւ Հայաստան հանգրուանած երկու սուրիահայերու ճակատագրին մասին, որոնք կը գտնուին նիւթական եւ հոգեբանական ծանր վիճակի մէջ:
Անոնք ձգած են այնտեղ իրենց ընտանիքներու անդամները, հարազատները, բարեկամները, ընկերները:
Կը նշուի, որ այս տարի փառատօնին ներկայացուած է աւելի քան 100 վաւերագրական ֆիլմ ու դիպաշար աշխարհի 30 երկիրներէ` ինչպէս Մեծ Բրիտանիայէն, Միացեալ Նահագներէն ու Գերմանիայէն: Մրցութային ծրագիրէն բացի` փառատօնին ներկայացուած է նաեւ արտամրցութային մեծ ծրագիր, որ ներառած է ֆիլմերու ցուցադրութիւն, ստեղծագործական երեկոներ եւ այլ ձեռնարկներ: