Դադիվանքի գմբէթաւոր փոքր եկեղեցւոյ վերակառուցման ծիրէն ներս կը փոխուին նոյնիսկ եկեղեցւոյ անկիւնաքարերը:
Արցախի նախագահի խորհրդական Տիգրան Աբրահամեան դիմատետրի իր էջին վրայ հրապարակած է լուսանկարներ եւ նշած, որ քարտաշները Քարվաճառէն հատ-հատ կը գտնեն ու ետ կը բերեն հին քարերը, կը մշակեն, որպէսզի կարելի եղածին չափ վերականգնեն վանքի հին տեսքը:
Ներկայիս եկեղեցւոյ մէջ կ’իրականացուին ճաքերու սրսկման աշխատանքներ, որմնանկարիչները խնամքով կը մաքրեն ու կ’ամրացնեն պատերու սուազները: