Սփիւռքի մէջ սկսած է պակսիլ հայկական դպրոցներու ու անոնց աշակերտութեան թիւը:
Այս երեւոյթը, անշո՛ւշտ, տարբեր պատճառներ ունի: Պատճառներէն մէկը այն է, որ հայկական դպրոցներու կողքին կան աւելի որակեալ ու ժամանակակից կառոյցներով դպրոցներ, եւ մարդիկ կը փափաքին իրենց զաւակները նման դպրոցներ ղրկել:
Միւս կողմէն, կայ կարծիք, որ այսօր այդ հեռաւոր տարածքներուն մէջ հայերէնը՝ որպէս լեզու, իրենց այդքան ալ պէտք չէ:
Մանաւանդ ծնողները կ’ուզեն, որ իրենց զաւակները արագ համարկուին (integrate) այն հասարակութեան մէջ, ուր իրենք կ’ապրին:
Երրորդ պատճառն ալ խառն ամուսնութիւններն են, որոնք այս հարցին մէջ կարեւոր գրաւական են:
Չորորդը՝ ամէնավտանգաւորն է: Հայ միութիւններու պատասխանատուներ զանազան պատճառաբանութիւններով Հայ Դպրոց կը փակեն իսկ կալուածն ալ կը վաճառեն: Վերջին օրինակը Լոս Անճելըսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի փակումն ու կալուածի վաճառքն էր:
- Ի՞նչպէսբարձրացնելհայդպրոցիդերըսփիւռքիմէջ.
2. Հայ դպրոցը ազգային ինքնութեան գրաւականն է. - Հայկական հաստատութիւնները տնօրինող մարմիններու իրաւասութեան սահմաններուն մէ՞ջն ազգային ժառանգութիւն մը ծախել. Խնդիրը միայն օրէնսգիտակա՞ն է, թէ բարոյական:
Այս նիւթին շուրջ կրնաս «Երկիր Մետիա»-ի «Հայկական Հետք» յայտագիրին կատարած հարցազրոյցը դիտել՝ այցելելով հետեւեալ կապը`
https://www.youtube.com/watch?v=capUNLoXC-k&feature=share






