Կը շարունակենք ամէն շաբաթասկիզբի համար նատեսուած մեր լրատուական շարքը, որուն միջոցաւ ամէն Երկուշաբթի մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք մեր լրատուական գործընկերոջ՝ «Արմէնփրեսի»-ի պատրաստած տուեալ թուականը նախորդող շաբաթուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններու ամփոփումը: Արեւմտահայերէնի վերածումը՝ «Զարթօնք»ին:
«Խմբ.»
Անցնող շաբաթը գերյագեցած էր ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ «Արմէնփրես»-ը կը ներկայացնէ շաբթուան կարեւորագոյն ու հետաքրքրական իրադարձութիւններու ամփոփ պատկերը:
Ղարաբաղեան հակամարտութիւն
Մայիս 20-էն 26 ինկած ժամանակահատուածին իրադրութիւնը արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ յարաբերական կայուն եղած է: Հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 150 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1500 կրակոց:
Սոչիի մէջ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս ունեցած հանդիպումներու ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քննարկած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը: ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ կառավարութեան անդամներու երդմնակալութեան արարողութենէն ետք լրագրողներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Զօհրապ Մնացականեանը եւ Սերկէյ Լաւրովը հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին քննարկած են դաշնակցային փոխգործակցութեան հարցերը եւ շփումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեան անդրադարձած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններուն Արցախի մասնակցութիւնը անհրաժեշտութիւն է: Ազգային ժողովին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ Շաւարշ Քոչարեան ընդգծեց, որ այդ մասին խօսած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները: «Եթէ կազանեան հանդիպումը բարեյաջող աւարտեր, ապա Արցախը այդ փաստաթուղթին եւս հաւանութիւն պէտք է տար, եւ երեք երկիրները միասին աշխատէին խաղաղութեան պայմանագիրին վրայ: Ակնյայտ է, որ առանց հակամարտութեան հիմնական կողմի՝ Արցախի, յառաջընթացը անկարելի է», – աւելցուց Քոչարեան:
Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը միաձայն ընդունած է բանաձեւ՝ ի սատարումն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։ Բանաձեւին մէջ քաղաքային խորհուրդը կոչ ըրած է կեդրոնական կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդել Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի ու անոր քաղաքացիներուն հետ։
ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ, Հայաստան-Սլովաքիա բարեկամական խումբի ղեկավար Էդուարդ Շարմազանովը Սլովաքիա կատարած այցի ծիրէն ներս հանդիպած է Սլովաքիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Տուշան Թիթելի հետ: Անդրադառնալով տարածաշրջանային զարգացումներուն՝ Էդուարդ Շարմազանով ընդգծած է. «Մենք՝ խորհրդարանականներս, պէտք է մերժենք բռնութեան ու այլատեացութեան որեւէ դրսեւորում: Թուրքիան ու Ազրպէյճանը այսօր ալ կ»իրականացնեն հայատեացութեան քարոզ, որ դատապարտելի է: Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման անքակտելի իրաւունքը: Արցախը անկախութեան նոյնքան իրաւունք ունի, որքան Սլովաքիան, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը»:
Հայոց Ցեղասպանության դատապարտում
Կիպրոսի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Կիպրոսի ներկայացուցիչները շրջայց կատարեցին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացան Ցեղասպանութեան մասին վկայող նիւթերուն: Աւարտին, պատուիրակութեան անունով գրառում կատարուեցաւ. «Մենք անգամ մը եւս տեսանք հայ ժողովուրդի տառապանքները բարբարոսութեան եւ ատելութեան մէջ: Մենք կ’ըսենք` այլեւս երբեք»:
«Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը պէտք է ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը». հեղինակաւոր «Bloomberg» պարբերականին մէջ իր յօդուածը այսպէս վերնագրած է խմբագիր եւ սիւնակագիր Թերեզա Ռաֆայելը:
Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծը վերջնական քննարկումի կը դրուի Մայիս 30-ին:
Հայաստան եւ աշխարհ
Լիթուանայի խորհրդարանը երկրորդ ընթերցմամբ վաւերացուցոած է Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան վերաբերեալ համաձայնագիրը:
Վրաստանի նախագահի հրաւէրով Թիֆլիս գտնուող ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է նախագահ Կիորկի Մարկվելաշուիլիի հետ։ Արմէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մարկվելաշուիլիին՝ Վրաստանի Պետականութեան վերականգնման 100-ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու հրաւէրին եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան ըսած է, որ մի քանի օրէն Հայաստանը եւս կը նշէ Արաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը։ Նախագահին խօսքով՝ երկու ժողովուրդներուն համար պատմական այս յոբելեաններու հիմքին ինկած է ազատութեան գաղափարը, որ կը շարունակէ առաջնորդող մնալ նաեւ այսօր: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քուիրիքաշուիլիին Վրաստանի ազգային տօնի` Պետական անկախութեան վերականգնման 100-ամեայ յոբելեանի կապակցութեամբ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մայիս 26-ին Թիֆլիսի Անկախութեան հրապարակին մէջ ներկայ գտնուած է Վրաստանի Առաջին Ժողովրդավարական Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր արարողութեան։
Արմէն Սարգսեան օտարերկրեայ այլ պետութիւններու ղեկավարներուն հետ մասնակցած է «Համագործակցութիւն յանուն բարգաւաճման․ յաջորդ հարիւրամեակի ռազմավարական ծրագրաւորում» թեմայով կլոր-սեղան քննարկումին։ Իր խօսքին մէջ Հայաստանի նախագահը ընդգծած է. «Յանուն բարգաւաճման համագործակցութեանը պէտք է միտուած լինի հակամարտութիւնների խաղաղ կարգաւորմանը եւ լիարժէք փոխգործակցութիւնը պէտք է դառնան հարաւկովկասեան երկրների շարժիչ ուժն ու տեսլականը»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Ֆինլանտայի նախագահ Սաուլի Նիինիսթիոյի հետ։ Արմէն Սարգսեան կարեւորած է քաղաքական բարձր մակարդակի երկխօսութեան շարունակականութիւնը եւ հրաւիրած է իր ֆին գործընկերոջը՝ պաշտօնական այց կատարելու Հայաստան։ Արմէն Սարգսեան զրոյցներ ունեցած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքերի, Սլովաքիայի նախագահ Անտրէյ Քիսքայի, Լաթվիայի նախագահ Ռայմոնտս Վէյոնիսի, Լիթուանայի նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէի հետ:
Հայաստանի զինուած ուժերը մօտակայ ամիսներուն կը ստանան ռուսաստանեան «Թոռ» զենիթահրթիռային համալիրներ։ Այդ համակարգերու մարտական հնարաւորութիւնները ներկայացուցած է ՀՀ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պետի տեղակալ Արթուր Պօղոսեանը. ««Թոռ» համակարգը գերժամանակակից զենիթահրթիռային համալիր է, որ ի զօրու նույնիսկ առանց անձնակազմի մասնակցութեան պայքարիլ օդային յարձակումներու, ներառեալ՝ գերճշգրիտ հրթիռներու դէմ»։
Ռուսաստանի եւ Հայաստանի համագործակցութեան մէջ ոչ մէկ դանդաղում կայ, ֆինանսական, ներդրումային ու առեւտրական բոլոր նախագիծերը կը մնան սեղանին: Այդ մասին յայտարարած է ՌԴ արտաքին գործոց փոխնախարար Ալեքսանդր Փանքինը Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի շրջանակին մէջ: «Մենք չենք դադրեցուցած ու չենք դանդաղեցուցած համագործակցութիւնը (Հայաստանի հետ),-ըսած է դիվանագետը:-Երբ կայացաւ (Ռուսաստանի նախագահ) Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը Հայաստանի նոր վարչապետի հետ, հաստատուեցաւ, որ ամէն ինչ կը պահպանուի»,- նշած է ան:
Ս. Փեթերսպուրկի միջազգային տնտեսական համաժողովի շրջանակին մէջ աշխարհի լրատուական գործակալութիւններու գագաթնաժողովին «Լրագրութեան ապագան նոր մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ» խորագրով քննարկումի ժամանակ «Արմէնփրես»-ի տնօրէն Արամ Անանեան ընդգծած է. «Որեւէ նոր մարտահրաւէր առաջին հերթին հնարաւորութիւն է, որ կը խթանէ մեր մասնագիտական ու արհեստագիտական նուաճումները: Միեւնոյն ժամանակ ակնյայտ է, որ լրատուական գործակալութիւնները որեւէ փոփոխութեան ամենայարմարուող դերակատարներն են: Բան մը, որ ապացուցուած է մեր գործընկերներուն կողմէ»: Արամ Անանեան, պատասխանելով մասնակիցներէն մէկուն հարցին, թէ ի՛նչպէս պէտք է մասնաւոր միջազգային ընկերութիւնները, պետութիւնները կամ միջազգային կազմակերպութիւնները զբաղին կեղծ նորութիւնները տարբերակելու խնդրով, նշեց, որ այս իրավիճակին մէջ անհրաժեշտ է աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնել աւանդական հաղորդամիջոցներուն եւ չվախնալ քննադատութենէն: Հայաստանի «Արմէնփրես» պետական լրատուական գործակալութիւնը համաձայնագիր ստորագրած է Քուպայի «Prensa Latina» պետական լրատուական գործակալութեան հետ: Համաձայնագիրը ստորագրած են «Արմէնփրես» գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանը եւ «Prensa Latina»-ի նախագահ Լուիս Էնրիքէ Կոնզալեզը:
ՄԱԿ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ՄԱԿ ԶՀԿ) կողմէ հրապարակուած է Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀ) անդամ պետութիւններ այցելութիւններու վիճակագրութիւնը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ըստ վիճակագրութեան՝ Հայաստանը 1995-2016 թուականներուն գրանցած է 24.8 % աճ` զբաղեցնելով առաջին տեղը Կեդրոնական/Արեւելեան եւրոպական երկիրներու շարքին:
Ս. Փեթերսպուրկի հայազգի բարերար Հրաչեայ Պօղոսեանի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի եւ Երեւանի 2800-ամեակի կապակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Երեւանի քաղաքի դրօշները տիեզերական ուղեւորութեան «մեկնած են» դէպի Միջազգային տիեզերական կայան:
Ներհայաստանեան զարգացումներ
Հայաստանի տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2018 թուականի Յունուար-Ապրիլին 9.7 տոկոսով գերազանցած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշը:
Նախագահական նստավայրին մէջ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ Մայիս 21-ին Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ տեղի ունեցած է ՀՀ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը: Ամպիոնին առաջինը մօտեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընթերցելով երդման գիրը. «Յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ կ»երդնում բարեխղճօրէն կատարել ժողովուրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերու պահպանումին, հաւատարիմ մնալ կառավարութեան անդամի բարձր կոչումին»: Այնուհետեւ հերթով տեղի ունեցաւ կառավարութեան միւս անդամներու երդմնակալութիւնը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի մարզպետներու կազմը ամբողջութեամբ պիտի փոխուի:
ՀՀ կառավարութիւնը արտահերթ նիստ գումարած է։ Քննարկուած է երկու հարց: Գործադիրը սահմանած է նախարարութիւններուն ենթակայ մարմիններու ենթակայութիւնը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է կառավարութեան անդամներուն 10-օրեայ ժամկէտի մէջ ներկայացնել գերատեսչութիւններու կանոնադրութիւններու վերջնական տարբերակները:
Արամ Խաչատրեանի անուան ֆիլհարմոնիք համերգասրահին մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում ունեցած է մշակոյթի տարբեր ճիւղերը ներկայացնող գործիչներու հետ: «Հայաստանում տեղի ունեցած քաղաքական յայտնի իրադարձութիւնները՝ ոչ բռնի թաւշեայ յեղափոխութիւնը, մեծ մշակութային բաղադրիչ ունի: Մեր պատկերացմամբ, մշակոյթի առանցքային դերակատարումը կամայական երկու քաղաքացիների յարաբերութիւնների մակարդակը հետեւողական եւ շարունակաբար բարձրացնելն է, եւ այս խնդրի լուծման համար պէտք է կարողանանք ապահովել մարդկանց մշտական հաղորդակցութիւնը մշակոյթի եւ մշակութային միջավայրի հետ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեան։ Գրեթէ երկու ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին կառավարութեան ղեկավարը պատասխանած է մշակոյթի գործիչներու բազմաթիւ հարցերուն:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անթոյլատրելի կը համարէ բռնութեան սպառնալիքներով եւ բռնութեան սպառնալիքներու ակնարկներով ժողովուրդի հետ խօսիլը: Ան անդրադարձաւ լրագրողի այն դիտարկումին, որ Ժիրայր Սեֆիլեանը բաց նամակ յղած է Փաշինեանին եւ նշած, որ «քաղաքական բանտարկեալներու, ներառեալ՝ «Սասնայ ծռեր»-ի բանտ մնալը յեղափոխութեան եւ մեր երկրին համար յղի է ծանր հետեւանքներով»:
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատկերացմամբ՝ խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան աշնան: «Մեր պատկերացումն է արտահերթ ընտրութիւններն անցկացնել աշնանը, բայց դա պէտք է փորձենք համադրել այլ քաղաքական ուժերի պատկերացումների հետ ու փորձել դուրս բերել ընդհանուր լուծումներ: Այդ ուղղութեամբ քննարկումներ, ի հարկէ, հնարաւոր են»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի «Արզումանեանը ընդդէմ Հայաստանի» գործով 2018 թուականի Յունուար 11-ի վճիռի պահանջները կատարելու նպատակով ՀՀ կառավարութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան կը յատկացնէ 2500 եւրոյի համարժէք գումար: «Հայաստանում մէկ օրում արձանագրուել է հետեւեալը, որ Բաղրամեան 26-ից եւ որեւէ այլ տեղից դատարանների վրայ ապօրինի ներգործութիւն պէտք է չլինի: Պէտք է ապահովենք, որ որեւէ դատաւոր կաշառքով վճիռ չկայացնի: Սա ամենակարեւոր բարեփոխումն է: Մենք պէտք է բացառենք քաղբանտարկեալների առկայութիւնը, այս վճիռն ապացուցում է, որ Ալեքսանդր Արզումանեանը եղել է քաղբանտարկեալ»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ քաղաքական բանտարկեալներ պէտք չէ ըլլան, նշեց ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: «Մեր երկրում քաղաքական բանտարկեալներ չպէտք է լինեն: Ես ստացել եմ մարդու իրաւունքների հետ կապուած կազմակերպութիւններից որոշ փաստաթղթեր, դրանք մօտ ժամանակներս կ’ուղարկուեն ՀՀ կառավարութիւն՝ համապատասխան նախարարութիւններ: Պէտք է սպասել, որ ՀՀ կառավարութիւնը որոշումներ ընդունի, եթէ համաներման հետ կապուած որոշ գնահատականներ կան»,- ըսաւ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան: ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը նշած է, որ Հայաստանի մէջ իրադրութեան փոփոխութեան արդիւնքով կան դատական վարոյթի մէջ գտնուող քրէական գործեր, որոնց համար «մենք կրնանք կանգ առնել եւ իրողութեան փոփոխութեան քննարկում իրականացնել»:
Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է ՀՀ նախագահի 2017 թուականի մրցանակներու յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Շարք մը բնագաւառներու մէջ ներդրած նշանակալի աւանդի համար շնորհուած մրցանակները յանձնած են Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ «Ռոպերթ Պօղոսեան եւ որդիներ» հիմնադրամի ներկայացուցիչ, սփիւռքահայ բարերար Ալպերթ Պօղոսեանը:
ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը սկսած է աշխոյժ գործողութիւնները՝ կաշառքի շղթաներով հարստացած անհատներու բացայայտումներուն առնչութեամբ: Այս մասին յայտարարեց ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը. «Նախնական տուեալները հաստատուած են: Կան հրաւիրուած, բերման ենթարկուած անձինք: Աշխատանքները կը կատարուին, եւ յառաջիկայ օրերուն հանրութիւնը կը տեղեկանայ այդ մասին: Բարդ եւ մեծածաւալ աշխատանք է, հետեւաբար պէտք է այնպէս ընենք, որ ոեւէ մէկուն մօտ հարցերու տեղիք տայ այդ աշխատանքը»։ Ծառայութիւնը կաշառքի, տնտեսական բնոյթի յանցագործութիւններուն դէմ պայքարին ուղղուած իր գործառոյթներու իրականացման ծիրէն ներս բացայայտած է անօրինական համակարգ, որուն միջոցով ՀՀ-ի մէջ գործող մեծ ընկերութիւնը չարամտօրէն խուսափած է առանձնապէս մեծաքանակ հարկեր, տուրքեր եւ պարտադիր այլ վճարումներ կատարելէ:
«Հիմնադիր խորհրդարան» նախաձեռնութեան նախագահ Գարեգին Չուգասզեանը դադրեցուցած է հացադուլը: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Ուրախ եմ տեղեկացնել, որ Մատենադարանի մօտ քիչ առաջ տեղի ունեցած մեր հանդիպումից յետոյ Գարեգին Չուգասզեանը դադարեցրեց հացադուլը»։
ՀՀ ոստիկանութիւնը Մայիս 23-էն փոփոխութիւն իրականացուցած է ճանապարհային երթեւեկութեան կանոններու խախտումներով վարչական պատասխանատուութեան քաղաքականութեան մէջ: Վարչական շարք մը զանցանքներու յայտնաբերման պարագային, հիմք ընդունելով Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 21-րդ յօդուածը, իրաւախախտ վարորդները կ’ազատուին վարչական պատասխանատուութենէ:
Արարատի մարզի Արարատ գիւղի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Մայիս 21-ին տեղի ունեցաւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի մօր՝ Կրեթթա Սարգսեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը: Յուղարկաւորութեան մասնակցեցան ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանը, արդարադատութեան նախարար Արտակ Զէյնալեանը, ինչպէս նաեւ Վազգէն Սարգսեանի մարտական ընկերները եւ հարազատները: Նախկին պաշտօնեաներէն յուղարկաւորութեան մասնակցած են ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ՀՀ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան:
Սփիւռք
ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղիղ տեսակապով ելոյթ ունեցած է Լոս Անճելըսի մէջ ընթացող Հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանի Հայկական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի «Հայաստանը վաղը․ քաղաքացիական դիւանագիտութիւնը՝ գործողութեան մէջ» քննարկումին: «Մեր խնդիրը մեր ժողովրդի արտագաղթի հազարամեայ անիւը կանգնեցնելն ու հետ պտտելն է, Հայաստանը դարձնել մի պետութիւն, որն ուղղուած է հայութեան ներուժի պահպանմանը եւ նրա բնականոն գործունէութեան ապահովմանը: Այս նպատակին հասնելու համար պէտք է հասնենք նրան, որ ՀՀ քաղաքացին լինի բարձրագոյն իշխանութիւնը: Սա պէտք է լինի Հայաստանի ապագայի անկիւնաքարը»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:
Թուրքիոյ դատարանը ընկերային ցանցի վրայ կատարած գրառումին համար կալանաւորած է իրաւապաշտպան Ռոզերին Զերին: Այս մասին կը յայտնէ Ազատութեան Սթոքհոլմի կեդրոնը՝ նշելով, որ կալանաւորուածը բնիկ հայ է, որ կը մեղադրուի «ահաբեկչական խմբաւորման օգտին քարոզչութիւն իրականացնելու» մէջ:
Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Յունիս 24-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն դարձեալ կ’առաջադրուի քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կողմէ: Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Մարգար Եսայեանը իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան կողմէ դարձեալ առաջադրուած է Յունիս 24-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: