Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Հայ Իշխանը Իր Հաւաքածոյէն 20 Կտաւ Պիտի Նուիրէ Հայաստանին

Հաւաքածոներ ունեցող, «Կորչաքովներու իշխանական տան» ղեկավար իշխան Անտրէյ Կորչաքով-Ապամելիքովը Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անդրանիկ Մանուկեանի հետ հանդիպման ժամանակ խոստացած է իր հաւաքածոյէն 20 կտաւ նուիրել Հայաստանին: Այս մասին ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ գրած է դեսպան Մանուկեան:

«Բացի այն, որ ան կը համարուի հայկական իշխանական Ապամելիքովներու տոհմի ներկայացուցիչ, ան նաեւ ամբողջ հոգիով կ’երկրպագէ Հայաստանին: Յայտնի նկարիչներու կտաւներու բաւական լայն հաւաքածոյ ունենալով եւ ոգեշնչուելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններով ու Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակով` ան որոշած է իր հաւաքածոյէն 20 կտաւ նուիրել Հայաստանին:

«Բանակցութիւններու արդիւնքով նաեւ պայմանաւորուեցանք, որ հետագային Անտրէյ իր ամբողջ հաւաքածոն պիտի կտակէ Հայաստանի թանգարաններուն»,- կը գրէ  դեսպանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին