Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Իշխանաձորի Մէջ 50 Նոր Առանձնատուն Կը Կառուցուի

Այս տարի Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին նիւթական աջակցութեամբ՝ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ մեկնարկած է 50 առանձնատուներու շինարարութիւնը:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ Իշխանաձոր համայնքի ղեկավար Արսէն Թելունց ըսած է, որ առանձնատուներուն առաջին տասնեակը կառուցած է «Ազգային լոթօ»-ն:

Շինարարութիւնը հետագայ տարիներուն շարունակուած է ԱՀ կառավարութեան եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին համատեղ աջակցութեամբ:

«Շինարարութիւնը միաժամանակ կ’իրականացուի քանի մը հատուածի վրայ: Թաղամասը պատրաստ ըլլալուն պէս՝ ընտանիքները պիտի ժամանեն: Զայն նախագծելու ժամանակ հաշուի առնուած է նաեւ ենթակառուցուածքներու հարցը: Արտաքին լուսաւորութեան, ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման հարցերը կարգաւորուած են: Առանձնատուներն ալ ապահովուած պիտի ըլլան բոլոր յարմարութիւններով: Համարեայ թէ 45-ի տանիքի աշխատանքները աւարտած են: 20 բնակարանի մէջ կը տարուին ներքին յարդարման աշխատանքներ: Շինարարական աշխատանքները կը նախատեսուին աւարտել մօտ 2 ամիսէն»,- նշած է Ա. Թելունց:

Անոր խօսքով՝ վերաբնակիչներու ցուցակները արդէն կան: Յայտերը հաւաքագրուած են նախօրօք:

«Արդէն 70 ընտանիք կ’ուզէ վերաբնակիլ, սակայն առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի մասնաւորապէս մեքենաբաններուն, քանի որ մասնագէտներու խնդիր ունինք, ինչպէս նաեւ 3 եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն: Ի դէպ, անցեալ տարուան 57-ի փոխարէն, այժմ դպրոց կը յաճախէ 110 աշակերտ: Աճը, ի հարկէ, կ’երեւի ե՛ւ ծնելիութեան, ե՛ւ վերաբնակեցման բնագաւառներուն մէջ: Սեպտեմբերին կը նախատեսուի 18-20 առաջին դասարանցի երեխաներու ընդունելութիւն: Նախադպրոցական տարիքի 60-էն աւելի երեխայ կայ: Աշակերտներու քանակի աւելացման հետ նաեւ շէնքային պայմաններու խնդիր պիտի ըլլայ, քանի որ դասասենեակները փոքր են»,- աւելցուցած է Ա. Թելունց:

Համայնքի ղեկավարին խօսքով՝ 50 առանձնատուները շահագործման յանձնելէ ետք, եւս 50-ի շինարարութիւնը պիտի սկսի նոյն աղբիւրներուն նիւթական աջակցութեամբ:

Շինարարութեան, պատասխանատու Սուրէն Յովհաննիսեանի խօսքով՝ տարածքին վրայ այժմ կ’աշխատի 24 խումբ՝ բաղկացած 120 անձերէ: Անոր խօսքով՝ բնակարանները 80 եւ 100 քառակուսի մեթր բնակելի տարածք ունին: Առանձնատուներու կառուցումն ու թաղամասի բարեկարգումը պիտի աւարտի ժամանակին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին