Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Գերմանիան Պատրաստակամ Է Քայլեր Ձեռնարկելու Հայաստանի Հետ Համագործակցութեան Զարգացման Ուղղութեամբ

ՀՀ ելեւմտական նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան Մայիս 22-ին ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Րերնարտ Մաթիաս Քիսլերը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ելեւմտական նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:

Դեսպան Քիսլեր շնորհաւորած է Ատոմ Ջանջուղազեանը ՀՀ ելեւմտական նախարարի պաշտօնը ստանձնելու առիթով: Ներկայացնելով գերմանական կողմի դիրքորոշումը` ան յայտնած է, որ դաշնային կառավարութիւնը պատրաստ է ո՛չ միայն պահպանելու առկայ տնտեսական կապերը, այլ նաեւ քայլեր ձեռնարկելու համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:

Ատոմ Ջանջուղազեան յայտնած է, որ ՀՀ ելեւմտական նախարարութիւնը մտադիր է շարունակել օրակարգի վրայ առկայ բոլոր ծրագիրները իրականացումը: Նախարար Ջանջուղազեան ընդգծած է պետական ծախսերու արդիւնաւէտ կառավարման կարեւորութիւնը եւ նշած, որ այս հարցով մեծ ներդրում ունին գործընկեր-պետութիւններն ու միջազգային ելեւմտական կառոյցները ե՛ւ նիւթական աջակցութեան, ե՛ւ մշակոյթի ու փորձի փոխանակման տեսանկիւնէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է ելեւմտական եւ ճարտարագիտական հարցերով հայ-գերմանական միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը ընթացիկ տարուան երկրորդ կիսամեակին իրականացնելու հնարաւորութիւնը: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ընթացիկ համագործակցութեան այլ հարցերու եւ կարեւոր համարած համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին