Հայաստանի մէջ Մայիս 26-ին իրականացուեցաւ ֆութպոլային մրցում, որուն մասնակցեցան եօթը երկրէ ժամանած լրագրողներ: Մրցաշարին մասնակցեցան Ռուսիոյ, Լիթվիայի, Լաթվիայի, Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ լրագրողական խումբերը, ինչպէս նաեւ երկու խումբ Հայաստանէն՝ Երեւանէն ու Կիւմրիէն:
Ըստ «Mediamax»-ի գլխաւոր խմբագիր Դաւիթ Ալաւերդեանի՝ ասիկա ո՛չ միայն մարզական ձեռնարկ էր, այլեւ առաւելապէս նպատակ կը հետապնդէր բարձրացնելու Հայաստանի զբօսաշրջական գրաւչութիւնը: «Համեստ միջոցներով կրնանք Հայաստան բերել լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Անոնց հրապարակումները, նաեւ դիմատետրի հիացական հրապարակումները անմիջականօրէն կը նպաստեն Հայաստանի մասին դրական տեղեկութիւններու, դրական յուզումներու աճին: Այսօր նաեւ հետաքրքրութիւն կայ մեր տարածաշրջանին հանդէպ, բայց մենք կ’ուզենք, որ Հայաստանը ըլլայ այն երկիրը, ուր պիտի ուզեն գալ, ժամանակ անցնել, տեսնել, թէ որքա՛ն հիւրընկալ ժողովուրդ են հայերը»,- ըսած է ան:
Ալաւերդեան նշած է՝ նախորդ տարի այնքան դրական էին տպաւորութիւնները, որ արձագանգ ստացած են Գերմանիոյ, Լեհաստանի եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներէն, թէ ասոնք իրենց կեանքի երջանիկ օրերէն էին: Որպէսզի այդ օրերը կրկնուին, կազմակերպիչները դիմած են հովանաւորներուն, որոնք օգնած են իրենց: Մրցումներու հիւրերը պիտի ժամանեն վաղը, մասնակիցներուն մէկ մասը ցանկութիւն յայտնած է մէկ օր շուտ գալ, որպէսզի ծանօթանան մշակութային վայրերուն, միւս մասը պիտի ժամանէ ամսուն 25-ին, անոնց համար մշակուած է զբօսաշրջական ծրագիր: Մայիս 26-ին կայացաւ մրցաշարը, իսկ յաջորդ օրը անոնք այցելեցին Սեւանի թերակղզի: Մայիս 28-ին մրցաշարի մասնակիցները ներկայ պիտի ըլլան առաջին հանրապետութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն, որմէ ետք պիտի մեկնին իրենց երկիրները:






