Կիրակի, 01. 02. 2026

spot_img

«Սփիւռքի Հայկական Կառոյցները Ազգային Ժառանգութիւններ Են Եւ Ո՛չ Թէ Զայն Տնօրինող Մարմիններուն Հօրենական Ինչքը». Սեւակ Յակոբեան

Սփիւռքի մէջ սկսած է պակսիլ  հայկական դպրոցներու ու անոնց աշակերտութեան թիւը:

Այս երեւոյթը, անշո՛ւշտ, տարբեր պատճառներ ունի: Պատճառներէն մէկը այն է, որ հայկական դպրոցներու կողքին կան աւելի որակեալ ու ժամանակակից կառոյցներով դպրոցներ, եւ մարդիկ կը փափաքին իրենց զաւակները նման դպրոցներ ղրկել:

Միւս կողմէն, կայ կարծիք, որ այսօր այդ հեռաւոր տարածքներուն մէջ հայերէնը՝ որպէս լեզու, իրենց այդքան ալ պէտք չէ:

Մանաւանդ ծնողները կ’ուզեն, որ իրենց զաւակները արագ համարկուին (integrate) այն հասարակութեան մէջ, ուր իրենք կ’ապրին: 

Երրորդ պատճառն ալ խառն ամուսնութիւններն են, որոնք այս հարցին մէջ կարեւոր գրաւական են:

Չորորդը՝ ամէնավտանգաւորն է: Հայ միութիւններու պատասխանատուներ  զանազան պատճառաբանութիւններով Հայ Դպրոց կը փակեն իսկ կալուածն ալ կը վաճառեն: Վերջին օրինակը Լոս Անճելըսի ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի փակումն ու կալուածի վաճառքն էր:

  1. Ի՞նչպէսբարձրացնելհայդպրոցիդերըսփիւռքիմէջ.
    2. Հայ դպրոցը ազգային ինքնութեան գրաւականն է.
  2. Հայկական հաստատութիւնները տնօրինող մարմիններու իրաւասութեան սահմաններուն մէ՞ջն ազգային ժառանգութիւն մը ծախել. Խնդիրը միայն օրէնսգիտակա՞ն է, թէ բարոյական:

Այս նիւթին շուրջ կրնաս «Երկիր Մետիա»-ի «Հայկական Հետք» յայտագիրին կատարած հարցազրոյցը դիտել՝ այցելելով հետեւեալ կապը`

https://www.youtube.com/watch?v=capUNLoXC-k&feature=share 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին