Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժինը այս տարի շատ իւրայատուկ կերպով նշեց Մայրերու Օրը, որ, ըստ էութեան, տարածուեցաւ բազմաթիւ օրերու վրայ եւ ընդգրկեց զանազան ձեռնարկներ:
Հիմնական իւրայատկութիւնը այն էր, որ բոլոր ձեռնարկներուն ալ ապահովուած էր մայրերու մասնակցութիւնը` իրենց զաւակներուն կողքին: Այսպէս, նախակրթարանի բաժանմունքին կազմակերպութեամբ տարբեր օրերու ընթացքին տեղի ունեցան խաչբառի, ֆրանսերէնի եւ կրօնագիտական զարգացման մրցումներ, ինչպէս նաեւ ծաղիկներու յարդարման, պտուղի աղցանի ու կարկանդակի պատրաստութեան պահեր:
Սոյն ձեռարկները ի մի բերին մեր աշակերտներն ու ծնողները՝ խանդավառութիւն ստեղծելով բոլորին մօտ:

Այս բոլորին նախորդած էր «Սիրելի Հայրիկ, Լաւագոյն Մարզիկ» մարզական օրը, այս անգամ մանկապարտէզին մէջ: Օրուան հերոսները եղան մանկապարտէզի աշակերտներն ու անոնց հայրերը. «Սիրելի Հայրիկ – Լաւագոյն Մարզիկ» միջոցառումը գեղեցիկ առիթ մը եղաւ մէկտեղելու մեսրոպեանական փոքրիկներն ու անոնց ծնողները ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ: Հայր ու զաւակ մէկ խումբ կազմած մրցակցեցան իրարու հետ մարզական տարբեր խաղերու մէջ, որոնց արդիւնքով լաւագոյնները ստացան բաժակներ, իսկ բոլորը՝ մասնակցութեան նշաններ: Խաղերուն ներկայ եղան նաեւ մայրերը՝ քաջալերելու համար իրենց ընտանեկան խումբերը:
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի










