Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Գերմանիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպանը Լայփցիկի Համալսարանին Մէջ «ԼՂ Հակամարտութիւնը» Խորագիրով Դասախօսութիւն Ներկայացուց

Լայփցիկի համալսարանի Լայպնիցի ուսումնարանին հրաւէրով՝ Արեւելեան Եւրոպայի պատմութեան եւ մշակոյթի բաժանմունքի ուսանողներուն համար ԳԴՀ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան Մայիս 22-ին հանդէս եկաւ «ԼՂ հակամարտութիւնը» խորագիրով դասախօսութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ուսումնարանի տնօրէն փրոֆէսոր Շթեֆան Դրէոպսթը:

ՀՀ դեսպանը ներկայացուց ԼՂ հիմնահարցի ծագումնաբանութիւնը, անդրադարձաւ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահներու միջնորդութեամբ ընթացող բանակցային գործընթացին: Դեսպան Սմբատեան իր ելոյթին մէջ նշեց նաեւ, որ հակամարտութեան խաղաղ եւ բանակցային տարբերակով լուծման համար այլընտրանք չկայ, իսկ յարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար Արցախի Հանրապետութիւնը, իբրեւ հակամարտութեան կողմ, պէտք է լիարժէք ներգրաւուած ըլլայ բանակցային գործընթացին:

Հանդիպման աւարտին դեսպանը պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցերուն:

Թէեւ Երզնկայի Դերջան գաւառին ենթակայ Ուչփընար գիւղին մէջ գտնուող եւ Արեւմտեան Հայաստանի ամենաամուր հայկական վանքերէն մէկը եղող Սուրբ Դաւիթ (Ապրանք) վանքը ենթարկուած է բազում աւերներու, սակայն վանքի եկեղեցին, մատուռը եւ երկու հսկայական խաչքարերը դեռ կանգուն են: Այդ մասին «Akunq.net»-ի փոխանցումով կը յայտնէ «Ozgurdersim.com» կայքէջի թղթակից Էրջան Թօփաչը:

Աղբիւրին համաձայն` Ուչփընար գիւղի Վանք լերան վրայ գտնուող սոյն կառոյցը 19-րդ դարուն եղած է այս շրջանի հոգեւոր կեդրոնը: Վանքի 2 խաչքարերը ամենամեծն են այդ տարածաշրջանին մէջ: Ինչպէս կը շեշտէ թղթակիցը, խաչքարերուն վրայ առկայ են բազմաթիւ հայերէն գրութիւններ: 4 մեթր բարձրութիւն եւ 1 մեթր լայնութիւն ունեցող խաչքարերէն մէկուն վրայ փորագրուած են 1191, իսկ միւսին 1194 թուականները, այսինքն, ինչպէս կ’ընդգծէ թղթակիցը, սոյն խաչքարերը առնուազն 800-ամեայ գաղտնիք կը պարունակեն: Թղթակիցին փոխանցմամբ` վանքը կ’ենթարկուի գանձագողերու աւերածութիւններուն:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիներէն Իսմայիլ Եոլերին թղթակից Թօփաչի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշած է. «Երբ եկանք այստեղ, հանդիպեցանք պատմական գեղեցկութեան մը: Սակայն անոր մէկ հատուածը աւերուած էր գանձախոյզներու կողմէ: Հարկ է, յանուն զբօսաշրջութեան զարգացման, հնարաւորինս շուտ վերականգնել այս վանքը»:

Թղթակիցը զրուցած է նաեւ լուսանկարիչ Մալիք Քայայի հետ, որ մասնաւորապէս ըսած է. «Միով բանիւ` հիասքանչ վայր է: Մէկ ու կէս ժամէ այստեղ ենք: Այստեղ կրնանք առնուազն 1 շաբաթ մնալ եւ լուսանկարել: Շատ բան կայ լուսանկարելու: Ոգեւորուած եմ, որ այսպիսի բան մը կը տեսնեմ, քանի որ նոր վայր մը իմ լուսանկարչական խցիկովս կ’անմահացնեմ: Սակայն մէկ կողմէ ալ կը ցաւիմ, որ այստեղ փոսեր փոռուած են: Հարկ է, որ իրաւասուները ժամ առաջ պահպանութեան տակ առնեն այս յուշարձանը եւ վերականգնեն զայն»:

Թղթակիցը կը յայտնէ նաեւ, որ, ըստ պատմական աղբիւրներու, 1800-ականներու վերջերը բազմաթիւ ալեւիներ Տէրսիմէն աքսորուած են այս շրջան:

Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեանը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին