Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

«Արցախի Մանուկներուն Առողջ Կրթութիւնն Ու Անոնց Գիտութեան Բարձր Մակարդակը Մեր Ուշադրութեան Կիզակէտն Է». Սերխիօ Նահապետեան

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արժանթինի օրկան «Սարտարապատ» շաբաթաթերթի կազմակերպութեամբ խումբ մը արժանթինահայեր այցելեցին Արցախի մէջ զանազան վայրեր: Խումբը անձամբ կը գլխաւորէր ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ ընկ. Սերխիօ Նահապետեան: Խումբին մաս կը կազմէին նաեւ Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Մաղաքիա վարդապետ Ամիրեանը, տեղւոյն ՀԲԸՄ-ի վարչութեան անդամներ՝ Սուսաննա Նահապետեանը եւ Խուան Քարլոս Մուրատեանը, «Սարտարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Տիանա Տէր Կարապետեանը եւ շատ ուրիշներ:

Արցախի զանազան տեսարժան վայրեր ու կեդրոններ այցելութեան ծիրէն ներս խումբը ընդունուեցաւ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ սփորի նախարար Նարինէ Էդուարդի Աղաբալեանի կողմէ: Փոխադարձ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ Արժանթինահայ հիւրերը յարգելի տիկին նախարարին հետ քննարկեցին Արցախն ու Հայ ժողովուրդը յուզող հարցեր միշտ տուեալ նախարարութեան պատասխանատուութեան ու գործելադաշտին ընդմէջէն:

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան շեշտը դրաւ երկուստէք համագործակցութեան վրայ նամանաւանդ կրթութեան ծիրէն ներս: Ան գործնական աշխատանքային ծրագրով մը հանդէս եկաւ առաջարկելով խումբ մը որոշ չափանիշերով ընտրեալ Արցախցի աշակերտներ հիւրընկալել Արժանթինի մէջ, անաոնց աշխարհահայեացքը աւելի եւս լայնցնելու եւ փորձառութիւն ձեռք բերելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին