Չորեքշաբթի, 04. 03. 2026

spot_img

Հայաստան «Թոռ» Զենիթահրթիռային Համակարգեր Պիտի Գնէ

Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութիւնը «Թոռ» զենիթահրթիռային համակարգերով պիտի համալրուի:

Այս մասին յայտնի դարձած է պաշտպանութեան նախարարութեան «Զինուժ» ծրագիրէն:

Համակարգերը պիտի ընդգրկուին Զինուած ուժերու զինանոցին մէջ քանի մը ամսուան ընթացքին:

Գնուելիք համակարգերու յստակ տեսակը եւ քանակը չի նշուիր:

«Թոռ» համակարգերը կը գործածուին 1986 թուականէն: Ունին մինչեւ 12 քմ․ հեռահարութիւն, կը խոցեն մինչեւ 700 մ/վ արագութեամբ շարժուող թիրախները:

Համակարգի «Մ2» տեսակը կրնայ խոցել թիրախները նոյնիսկ շարժման ընթացքին, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ օդային հարուածներէն պաշտպանել շարժման մէջ գտնուող զօրամիաւորումներու շարասիւները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին