Աւստրալիոյ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Մայիս 22-ին միաձայն ընդունած է բանաձեւ՝ ի սատարումն Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։ Բանաձեւին մէջ քաղաքային խորհուրդը կոչ ըրած է կեդրոնական կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդելու Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի ու անոր քաղաքացիներուն հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ԱՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Բանաձեւին ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնը.
Բանաձեւ
1․ Ռայտ քաղաքի Քաղաքային խորհուրդը կը նշէ, որ 2018-ին կը լրանայ Արցախի ազատագրական շարժումին 30-ամեակը, որ յանգեցուց 1991-ին Արցախի Հանրապետութեան (նախապէս՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն) անկախութեան հռչակման։
2․ Ռայտ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը․
ա) Կը հաստատէ մարդու ինքնորոշման հիմնական իրաւունքի եւ ազատ ու ժողովրդավարական հասարակութեան կարեւորութիւնը,
բ) Կը ճանչնայ բոլոր ժողովուրդներու, ներառեալ՝ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը,
գ) Կ’ընդգծէ Արցախի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերը՝ ուղղուած օրինական խորհրդարանական ընտրութիւններու միջոցով ազատ եւ ժողովրդավարական հասարակութեան կառուցման ու պատասխանատու կառավարութեան կազմաւորման։
դ) Կը սատարէ եւ կը խրախուսէ միջազգային հանրութեան մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներգրաւուածութիւնը՝ առկայ տարածաշրջանային խնդիրներու լուծման հասնելու եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու նպատակով,
է) Կը խրախուսէ Արցախի Հանրապետութեան հետ խաղաղ յարաբերութիւններու հաստատումը, ինչպէս նաեւ Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական եւ տնտեսական աջակցութեան տրամադրումը, եւ
զ) Կոչ կ’ընէ Դաշնային կառավարութեան՝ պաշտօնապէս ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ ամրապնդելու Աւստրալիոյ յարաբերութիւնները Արցախի Հանրապետութեան ու անոր քաղաքացիներուն հետ։






