Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Ախալցխայի Շալուա Ախալցիխելիի Անուան Տաճարի Գմբէթին Խաչ Բարձրացուեցաւ

Ախալցխայի եւ Տաօ-Գլարճեթիի մեթրոփոլիթ Թէոտորէ Ճուաձէն եւ այլ հոգեւորականներ Մայիս 21-ին օրհնեցին քաղաքի «Ապրիլ 9» փողոցին վրայ կառուցուող Շալուա Ախալցիխելիի անուան տաճարին պրոնզէ խաչը եւ իրականացուցին ժամերգութիւն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Akhaltskha.net»-ը։

Գմբէթին բարձրացուած խաչին բարձրութիւնը 2.5 մեթր է։ Անիկա պատրաստել տուած է տաճարին կառուցումը նախաձեռնող Վասիլ Իվանիձէի ընտանիքը։ Շալուա Ախալցիխելիի անուան տաճարին կառուցումը սկսած է 2009 թուականէն։

Խաչը գմբէթին բարձրացնելու արարողութեան ներկայ էին խումբ մը հաւատացեալներ, հոգեւորականներ ու շրջանային եւ տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին