Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Տպաւորութիւններ՝ Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի՝ Գահիրէի Մէջ կայացած «Եգիպտոսի Հայերը» Գիտաժողովէն

*ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ*

Հայկական Սփիւռքի դարերու խորէն մեզի հասած պատմական տուեալները ու յատկապէս 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք կազմուած գաղութները աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, իրենց իրագործումներով մէկ անբաժան մասնիկը կը կազմեն հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան հոլովոյթին: Բռնի տեղահանութիւնն ու աքսորը՝ օտար բռնակալութիւններու կողմէ պարտադրուած, թէեւ շատ սուղ արժած են մեր ժողովուրդի թուաքանակի նուազումով եւ ապրած տառապանքին կենցաղով, սակայն առիթը տուած են ստեղծելու ազգային կառոյցներ, եկեղեցի, դպրոց, տպարան, մամուլ-օրաթերթ, շաբաթաթերթ, պարբերաթերթ, բարեսիրական հաստատութիւններ, դարմանատուներ, հիւանդանոցներ, որբանոցներ ու ծերանոցներ:

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը լծուած է այս գաղթօճախներու ուսումնասիրութեան՝ մասնակցութեամբը աշխարհի չորս ծագերէն հայ թէ օտար ակադեմականներու: Անցնող հինգ տարիներու ընթացքին գիտաժողովները նուիրուած էին Լիբանանի, Սուրիոյ, Յորդանանի եւ Իրաքի հայոց ունեցած իրագործումներուն, որոնք ծրագրուած են առանձին հատորներով հրատարակութեան տալ: Ասոնցմէ Լիբանանի եւ Սուրիոյ նուիրուած հատորները արդէն լոյս տեսած են:

2018-ի տարուան համագումարը «Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի Հայերը» խորագրով որոշուած էր կազմակերպել երկու հանգրուանով: Ապրիլ 12 եւ 13-ին նախատեսուած էր առաջին հանգրուանը կայացնել Գահիրէի մէջ «Եգիպտոսի Հայերը» խորագիրով: Այս գիտաժողովի կազմակերպման մէջ Հայկազեան Համալսարանի Սփիւռքի Կեդրոնը կը վայելէր գործակցութիւնը Եգիպտոսի Հայոց Թեմի Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանին:

Գիտաժողովի մասնակից զեկուցաբերները կու գային Հայաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Գահիրէէն, որոնք իրենց համապարփակ ուսումնասիրութիւններով նշանակալից որակ ապահովեցին գիտաժողովի աշխատանքներուն: Եգիպտահայ գաղութին հետ առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ բացման հանդիսութեան ընթացքին: Եգիպտահայ Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպիսկոպոս Մնացականեան, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան եւ Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ողջոյնի խօսքերով եւ գիտաժողովի նպատակներուն շուրջ իրենց բանաձեւած մտքերով անհրաժեշտ հողը պատրաստեցին համագումարի աշխատանքներուն:

Առաջին զեկուցաբերը հանդիսացաւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Դոկտ. Արմէն Մելքոնեան, որ ներկայացուց «Հայաստան-Եգիպտոս միջպետական յարաբերութիւնները» նիւթը դիւանագիտական հմտութեամբ եւ մասնագիտական պատրաստութեամբ:

Գիտաժողովի երկու օրերու վրայ տարածուած աշխատանքներուն ներկայացուցած բարձրորակ մակարդակէն անկախաբար, անոր կայացումը բնօրրան Գահիրէի մէջ եւ շփումը գաղութի գործօն ղեկավարութեան եւ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն հետ, արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծեցին թէ՛ մասնակիցներուն եւ թէ՛ եգիպտահայ գաղութին մօտ: Առաջին անգամ է որ փորձ կը կատարուէր գիտաժողովի մէկ հանգրուանը կազմակերպել տուեալ հայօճախի բնօրրանին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ստանձնած էր պատասխանատուութիւնը Գահիրէի մէջ կայանալիք գիտաժողովի կազմակերպական աշխատանքներուն: Ուրախութեամբ հաստատեցինք, որ համագումարի բոլոր նիստերուն ներկայ էր եգիպտահայ գաղութը, որուն կրթութեան, մամուլի, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան ներկայացուցիչները իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերին քննարկումներու ընթացքին՝ կատարելով հաստատումներ, յաւելումներ եւ ճշդումներ: Ուշագրաւ էր եգիպտահայ երկու զեկուցաբերներու մասնակցութիւնը գիտաժողովին՝ տոքթ. Սուրէն Պայրամեանի «Եգիպտահայ Գրատպագրութիւնը եւ Մամուլը Սկիզբէն Մինչեւ Մեր Օրերը» եւ Հայկ Աւագեանի «Եգիպտոսի Սինեմայի եւ Թատրոնի Հայ Դերասանները. Ինքնութեան Խնդիրներ»: Ասոնք վաւերագրական արժէք ունեցող ուսումնասիրութիւններ էին, որոնց հրատարակութիւնը Կեդրոնին կողմէ նախատեսուած հատորին մէջ՝ լոյս պիտի սփռէ եգիպտահայութեան մտաւոր բերքին եւ արուեստի կալուածներէն ներս ունեցած նուաճումներու անծանօթ բնագաւառներուն: Որքան լաւ ծրագրուած էր յայտագրի վերջաւորութեան կայացնել տոքթ. Պայրամեանի «Հայկական Համայնքային Կառոյցները Եգիպտոսի Մէջ» գիրքին շնորհանդէսը՝ Դոկտ. Տագէսեանի լուրջ եւ խորիմաց վերլուծումով: Կոթողային գործ մը արդարեւ, որ կարեւոր ներդրում է սփիւռքագիտութեան հետագայ զարգացման գործընթացին:

Գիտաժողովի վերջին նիստէն ետք տեղի ունեցաւ անցնող երկու օրերուն վրայ տարածուող նիստերուն եւ ապագային նախատեսուելիք այլ գիտաժողովներու կապակցութեամբ թելադրութիւններու եւ առաջարկներու քննարկում, մասնակցութեամբ Գերշ. Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Վեր. Հայտոսթեանին եւ Դոկտ. Տագէսեանին: Անոնք կատարեցին արժեւորումը գիտաժողովին՝ բարձր գնահատելով զեկոյցներուն ստեղծած հետաքրքրութիւնը, հանդիսատեսին մասնակցութիւնը եւ ստեղծուած երկխօսութիւնը, որ գիտաժողովի յաջողութեան մեծապէս նպաստեց: Եղան շինիչ թելադրութիւններ եւ առաջարկներ ներկաներուն կողմէ, որոնք լրջութեամբ նկատի առնուեցան Համալսարանի անձնակազմին կողմէ:

Եգիպտահայ գաղութին հետ մեր շփումները առիթ հանդիսացան մօտէն իրազեկ դառնալու անոր արձանագրած յաջողութիւններուն: Գաղութի հիմնական ներուժը կը կայանայ անոր համազգային գործակցութեան մէջ՝ ազգը յուզող բոլոր խնդիրներու կապակցութեամբ: Ազգային Առաջնորդարանը իր թեմական եւ քաղաքական ժողովներով, որոնք հայօճախին բոլոր հատուածները կը ներկայացնեն, առաջնորդ սրբազանը, որ մեծ հեղինակութիւն ունի պետութեան մօտ որպէս հայ համայնքի գերագոյն կրօնապետ եւ համայնքապետ միասնաբար կը գործեն յատուկ բծախնդրութեամբ ու շրջահայեցութեամբ՝ աչալուրջ հսկելով կտակներուն եւ կալուածներուն վերաբերեալ օրինաւոր գործառնութեանց ընթացքին: Առաջնորդարանը լայնօրէն կը հոգայ համայնքի բոլոր կարիքները կրթական, մշակութային, առողջապահական, ընկերային եւ միութենական մարզերու մէջ:

Սքանչելի գործակցութիւն մը ստեղծուած է նաեւ ՀԲԸՄ-ի եւ երեք կուսակցութիւններու միջեւ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ եւ ՌԱԿ: Անոնք կը հրատարակեն իրենց թերթերը՝ «Տեղեկատու», «Ջահակիր», «Յուսաբեր» եւ «Արեւ»: Ազգային բոլոր հարցերը կը լուծուին համախոհութեան մթնոլորտի մէջ: Մարզական ակումբները՝ ՀՄԸՄ Արարատ եւ ՀՄԸՄ Նուպար, միասնաբար կը կազմակերպեն մրցաշարքեր եւ կը քաջալերեն զիրար: Մշակութային միութիւններու ձեռնարկները կ’ունենան ամբողջ հայօճախին ներկայութիւնը. եգիպտահայութիւնը զօրավիգ կը կանգնի քոյր միութիւններու նախաձեռնութիւններուն՝ ի շահ հայ մշակոյթին եւ երիտասարդութեան: Ազգային Գալուստեան-Նուպարեան վարժարանը կը համախմբէ բոլոր ազգայիններու զաւակները: Կրթական համալիրի ամբողջ ծախսը կը հոգայ Ազգային Առաջնորդարանը, աշակերտներու թոշակները ներառեալ:

Գահիրէի հայ գաղութը անցնող 4 տասնամեակներուն որդեգրեց այս համահայկական ռազմավարութիւնը, երբ արտագաղթի պատճառաւ շատ նօսրացաւ գաղութի հայութեան թիւը: Այդ աշխատաոճը թող օրինակ ծառայէ տարբեր գաղթօճախներու կեանքին:

       Եգիպտահայութեան համար մեծ նուաճում է նաեւ Գահիրէի Համալսարանի 2007-ին հիմնուած Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնը: Հայաստանի դեսպանատան եւ յատկապէս ներկայ դեսպան Դոկտ. Արմէն Մելքոնեանի ջանքերով, եւ գործակցութեամբ ՀԲԸՄ-ի ու անոր պատուոյ ատենապետ Պրն. Պերճ Թերզեանի: Կեդրոնը կը գործէ կազմակերպելով համագումարներ, հրատարակելով հայագիտական հատորներ եւ հայերէն լեզուի դասաւանդութիւն իրականացնելով: Վերջին տարիներուն բանաստեղծուհի Մարուշ Երամեանին վիճակուած է հայերէն լեզուի ուսուցումը, զոր ան կը կատարէ հմտութեամբ:

       Հայաստանի դեսպանատան ապարանքի պարտէզն ու կանաչ տարածքը, շէնքին կահաւորումն ու շքեղութիւնը պատիւ կը բերեն հայ համայնքին, որուն ճիգերով, օժանդակութեամբ եւ անհուն զոհողութիւններով կեանքի կոչուած է Սաթենիկ Չաքըրի ՀԲԸՄ-ին կտակած առանձնատունը: Մեծագոյն բաժինը այս գործին թէեւ կը պատկանի նախկին դեսպան եւ մինչեւ վերջերս Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Դոկտ. Էտուարտ Նալպանտեանին, որ, իր շուրջը հաւաքելով ամբողջ գաղութը, 1994-ին իրականացուց այս հրաշալի ծրագիրը: Դեսպանատուներու ամենաընտիր տարածքին վրայ գտնուող Հայաստանի դեսպանատունը նախանձը կը շարժէ հարուստ երկիրներու դեսպանատուներու անձնակազմին:

       «Եգիպտոսի Հայերը» գիտաժողովը մեզի ընծայեց անկրկնելի փորձառութիւն մը՝ ճանչնալու գաղութի անցեալի նուաճումներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Շատ շահեկան էր եւ ուսանելի գաղութի մեծ թիւով անդամներուն հետ մեր ծանօթութիւնը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին