Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ, ողջունելով հիւրերուն, վարչապետ Փաշինեան նշած է, որ Հայաստանի ու Կիպրոսի յարաբերութիւնները ունին պատմական արմատներ, եւ երկու ժողովուրդներու միջեւ ջերմութեան պակաս չէ զգացուած: «Ուրախ եմ արձանագրել, որ մեր երկրները տարածաշրջանային հարցերի վերաբերեալ ունեն ընդհանուր տեսակէտներ: Կարեւորում ենք Կիպրոսի դերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ցեղասպանութիւնների կանխարգելման ու դատապարտման գործում»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան: Վարչապետը բարձր գնահատած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցի գծով Կիպրոսի դիրքորոշումը եւ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահողներու ջանքերուն: Գործադիրի ղեկավարը ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հետաքրքրուած է Կիպրոսի հետ քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան հետագայ զարգացումով եւ կարեւորած է Կիպրոսի հետ փոխգործակցութիւնը նաեւ ՀՀ-ԵՄ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ եւ համոզում յայտնած, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը այսուհետեւ նոր թափ կը ստանայ: «Վստահ եղէք, որ մենք Եւրոպական Միութեան մէջ կը ստանձնենք Հայաստանի ներկայացուցիչի դերը եւ կը փորձենք քայլեր իրականացնել համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման ու անցագիրերու ազատականացման գործընթացի ուղղութեամբ»,- ըսած է Տեմեթրիս Սիլուրիս: Վերջինս հեռանկարային համարած է համագործակցութեան ընդլայնումը անվտանգութեան, տնտեսութեան, կրթութեան, մշակոյթի ոլորտներէն ներս եւ աւելցուցած, որ անոր կրնայ էապէս նպաստել Կիպրոսի հայ համայնքը: Կիպրոսի Հանրապետութեան Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահը անհրաժեշտ համարած է գործարար կապերու սերտացման ու այս բնագաւառին մէջ համագործակցութեան դաշտի ընդլայնման ուղղուած քայլերու իրականացումը:
Վարչապետ Փաշինեան եւ Տեմեթրիս Սիլուրիս կարեւորած են Հայաստանի, Կիպրոսի եւ Յունաստանի միջեւ եռակողմ համագործակցութեան զարգացումը եւ յոյս յայտնած, որ այս ուղղութեամբ յառաջիկային կողմերը կը շարունակեն մեծ թափով աշխատիլ:
Նիկոլ Փաշինեան խնդրած է իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթասիադեսին եւ վերահաստատել աշնան Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոնիոյ 17-րդ գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւէրը:
Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու:






