Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի առիթով ստեղծուած Լիբանանի կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ, Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ի երեկոյեան, ի ներկայութիւն Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի, հայ քաղաքական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, որոնց մէջ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ Արտա Եանիքեանը եւ ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արթուր Գունտաքճեանը՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ մշակութային միացեալ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Համազգային, Նոր Սերունդ, Թէքէեան եւ ՀԵԸ Անդրանիկ մշակութային միութիւններուն: ՀԲԸՄ-ՀԵԸ –ի «Արին» պարախումբը եւ «Անդրանիկ» փողերախումբը աւելի քան հարիւր կատարողներով ներկայացուց ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ը:
Մեր պարախումբի եւ փողերախումբի անդամ-անդամուհիները վարչականներու ընկերակցութեամբ, ճշդուած ժամին, երեք օթոպիւսներով, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնէն մեկնեցան հանդիսութեան վայրը:
ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի փողերախումբը, փողերախումբի վարչութեան ատենապետ տոքթ. Սահակ Թաշճեանի գլխաւորութեամբ նախ կատարեց Զէյթունցիներուն քայլերգը: Իսկ «Արին» պարախումբը գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Գայանէ Մածունեանի գլխաւորութեամբ ներկաները հմայեց՝ «Նինօ» (պարման-պարմանուհի), «Կախարդուած Ծաղիկներ» (մեծ աղջիկներ) եւ «Շատախի Ռազմապար» (մեծ տղաք) երեք պարերով՝ արժանանալով ներկաներու բուռն ծափերուն:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբին կատարողութեամբ «Սարդարապատ» յաղթերգով:
Այս առիթով մեր ջերմագին շնորհաւորութիւնները ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի «Արին» պարախումբի տիկնանց վարչութեան ժրաջան ատենապետուհի Անի Պոտրումեանին եւ անդամուհիներուն, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Անդրանիկ» փողերախումբի վարչութեան, որոնք սիրայօժար ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն մեր ելոյթներու յաջողութեան:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ









