*ՏԱԹԵՒ ԴԱՒԹԵԱՆ*
«Զարթօնք«ի Երեւանի Աշխատակից
Ի սէր հոգիս անմահութեան` Մաշտոց այր էր հարկաւոր,
Ի սէր ազգի` Վարդանի պէս զոհուող այր էր հարկաւոր,
Սփիւռքներում, աշխարհով մէկ հայոց լեզուի փրկութեան,
Ամէնօրեայ հազար ու մէկ Աւարայր էր հարկաւոր:
Յովհաննէս Շիրազ
Հին ձեռագիրերու եւ փաստաթուղթերու պահապանման եւ ուսումնասիրման ամենահարուստ կեդրոններէն մէկը ` Մատենադարանը, ինչպէս բոլորիս յայտնի է, կը գտնուի Երեւանի մէջ: Այստեղ կը պահպանուին շուրջ 23,000 ձեռագիրեր, թալիսմաններ, պատառիկներ եւ 300,000 արխիւային փաստաթուղթեր։
«Մատենադարան» բառը կը նշանակէ ձեռագիրերու պահոց՝ մատեաններու հաւաքածոյ: Այսօրուան հայու գիտակցութեան մէջ անիկա կ»ընկալուի թէ՛ որպէս ժողովրդական կենսափորձի, թէ՛ որպէս իմաստութեան խտացում` անոր մէջ տեսնելով իր յաւերժութեան առհաւատչեան: Մատենադարանը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ 5-րդ դարուն հայոց այբուբենի ստեղծումէն ետք, երբ կատարուած են հայերէն առաջին թարգմանութիւնները եւ ձեւաւորուած է հայոց մատենագրութիւնը իր առանձին ժանրերով: Նոյն դարուն ալ ստեղծուած է առաջին գրապահոցը Վաղարշապատի մէջ Էջմիածինի կաթողիկոսարանին կից, որուն մասին կը վկայէ Ղազար Փարպեցին: Բացի Էջմիածինէն, Հայաստանի այլ շրջաններու եւ տարբեր երկիրներու հայաշատ բնակավայրերուն մէջ գրուած եւ ընդօրինակուած են հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ, որոնք պահուած են վանքերու եւ մենաստաններու մատենադարաններուն մէջ։ Էջմիածինի կաթողիկոսական Մատենադարանի եւ Հայաստանի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու գրչութեան կեդրոններուն մէջ ստեղծուած ու պահպանուած ձեռագիրերու հիմքին վրայ ալ ձեւաւորուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը: Սակայն այն ինչ այսօր կը պահուի Մատենադարանը, հայերէն պահպանուած ձեռագիրերու մէկ մասը կը կազմէ, քանի որ դարերու ընթացքին բազմաթիւ ձեռագիրեր ոչնչացուած եւ առեւանգուած են:
Էջմիածինի Մատենադարանը, որուն հիմքին վրայ ձեւաւորուած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, պետականացուած է 1920 թուականի Դեկտեմբերին, որմէ միայն երկու տարի անց` 1922-ի Ապրիլին, Մոսկուայէն Հայաստան վերադարձուած է 4,060 ձեռագիր: Էջմիածինէն Մատենադարանը Երեւան տեղափոխուած է 1939-ին եւ տեղակայուած է Հանրային գրադարանին մէջ: 1945-ին ճարտարապետ Մարք Գրիգորեանի նախագիծով սկսած է շէնքի շինարարութիւնը, որ աւարտած է 1957-ին եւ Մատենադարանը հաստատուած է նորակառոյց շէնքին մէջ: 1959 թուականի Մարտ 3-ին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ Մատենադարանը կը վերածուի գիտահետազօտական հիմնարկի` ձեռագիրերու գիտական պահպանութեան, բնագիրերու ուսումնասիրման, հրատարակութեան եւ թարգմանութեան բաժիններով: 1962-ին անիկա կ»անուանակոչուի Մեսրոպ Մաշտոցի անունով։
Ներկայիս Մատենադարանի գլխաւոր մասնաշէնքը վերածուած է թանգարանային համալիրի` հնարաւորութիւն ունենալով աւելի շատ ցուցադրութիւններ ներկայացնելու: Նախկին 1 ցուցասրահը այսօր կը փոխարինուի 15-ով: Գիտական բաժիններուն համար կառուցուած է նոր մասնաշէնք, որ շահագործման յանձնուած է 2011-ի Սեպտեմբեր 21-ին: Նորակառոյցի հեղինակը ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանն է:
«Զարթօնք»-ի հերթական կանգառը Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանն է: Մեր զրուցակիցն է Մատենադարանի թանգարանի վարիչ տիկին Աիտա Չարխչեանը:
«Զ.» – Տիկին Աիտա, առաջին հերթին, այսպէս պատմական կարճ ակնարկ մը կատարենք: Կ’ըսէ՞ք՝ ե՛րբ եւ ի՛նչպէս ստեղծուած է Մատենադարանը:
«Ա. Չ.» – Մատենադարանը ստեղծուած է Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ 5-րդ դարուն հայոց այբուբենի ստեղծումէն ետք: Այդ ժամանակ Մաշտոցը իր աշակերտներուն հետ ձեռնամուխ եղած է թարգմանական բազմաթիւ գործերու, որոնցմէ առաջինը եղած է Աստուածաշունչի թագմանութիւնը, այնուհետեւ կատարուած են հայերէն առաջին թարգմանութիւնները եւ ձեւաւորուած է հայոց մատենագրութիւնը իր առանձին ժանրերով: Նոյն դարուն ալ ստեղծուած է առաջին գրապահոցը Վաղարշապատի մէջ Էջմիածինի կաթողիկոսարանին կից, որուն մասին կը վկայէ Ղազար Փարպեցին: Բացի Էջմիածինէն, Հայաստանի այլ շրջաններուն եւ տարբեր երկիրներու հայաշատ բնակավայրերուն մէջ գրուած եւ ընդօրինակուած են հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ, որոնք պահուած են վանքերու եւ մենաստաններու մատենադարաններուն մէջ։ Էջմիածինի կաթողիկոսական Մատենադարանի եւ Հայաստանի ու աշխարհի տարբեր երկիրներու գրչութեան կեդրոններուն մէջ ստեղծուած ու պահպանուած ձեռագիրերու հիմքին վրայ ալ ձեւաւորուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը: Սակայն այն ինչ այսօր կը պահուի Մատենադարանին մէջ, հայերէն պահպանուած ձեռագիրերու մէկ մասը կը կազմէ, քանի որ դարերու ընթացքին բազմաթիւ ձեռագիրեր ոչնչացուած եւ առեւանգուած են:
Հայալեզու ձեռագիրերու բնաջնջման նոր ալիք բարձրացած է յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն: Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային կեդրոններուն զուգընթաց ոչնչացուած են հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ։ Նշանակալի էր Կտուց Անապատի կրած վնասը, ուր մինչեւ 1915 թուականը պահուած մօտ 500 ձեռագիրերէն Մատենադարան տեղափոխուած է միայն 202-ը: Բազմաթիւ ձեռագիրեր ալ փրկուած են Եղեռնէն մազապուրծ հայերու անձնուրացութեան շնորհիւ` յայտնուելով աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ։ Ժամանակի ընթացքին «գաղթական» դարձած ձեռագիրերու զգալի մէկ մասը վերադարձած է հայրենիք` հանգրուան գտնելով Երեւանի Մատենադարանին մէջ: Էջմիածինի Մատենադարանը, որուն հիմքին վրայ ձեւաւորուած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, պետականացուած է 1920 թուականի Դեկտեմբերին, որմէ միայն երկու տարի անց` 1922-ի Ապրիլին, Մոսկուայէն Հայաստան վերադարձուած է 4,060 ձեռագիր: Վերջիններս 1915 թուականին Ամենայն Հայոց Գէորգ Ե. Վշտակիր կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ Մոսկուա ուղարկուած էին պատերազմական արհաւիրքներէն զերծ մնալու համար։ Շուտով Մատենադարան հանգրուանած են նաեւ Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանի, Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի, Երեւանի գրական թանգարանի եւ այլ վայրերու ձեռագիր հաւաքածոները։ Զգալի քանակութեամբ ձեռագիրեր բերուած են Էրզրումէն, Նոր Նախիջեւանէն, Աստրախանէն եւ այլ վայրերէ։
Էջմիածինէն Մատենադարանը Երեւան տեղափոխուած է 1939-ին եւ տեղակայուած է Հանրային գրադարանին մէջ: 1945-ին ճարտարապետ Մարք Գրիգորեանի նախագիծով սկսած է շէնքի շինարարութիւնը, որ աւարտած է 1957-ին եւ Մատենադարանը հաստատուած է նորակառոյց շէնքին մէջ: 1959 թուականի Մարտ 3-ին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան որոշումով՝ Մատենադարանը կը վերածուի գիտահետազօտական հիմնարկի` ձեռագիրերու գիտական պահպանութեան, բնագիրերու ուսումնասիրման, հրատարակութեան եւ թարգմանութեան բաժիններով: 1962-ին անիկա կ’անուանակոչուի Մեսրոպ Մաշտոցի անունով։ Այսօր Մատենադարանին մէջ պահուի շուրջ 18,000 ձեռագիր, որմէ աւելի քան 14,500-ը հայերէն ամբողջական ձեռագիրեր են, մնացածը՝ հայերէն ձեռագիրերու պատառիկներ, թալիսմաններ, նորագոյն եւ օտարալեզու ձեռագիրեր: Այս տարիներուն, փաստօրէն Էջմիածինէն տեղափոխուելէ ետք մօտաւորոպէս տասը հազար ձեռագիր աւելցած է, բացի այդ՝ մենք նուէրներ կը ստանանք նաեւ մասնաւոր անհատներէ եւ Հայաստանի տարածքին եղած տարբեր վանքերէ: Մինչեւ այսօր ալ մեր հաւաքածոն կը շարունակէ աւելնալ թէ՛ նուիրատուութիւններու, թէ գնումներու շնորհիւ: Նուիրատուութիւնները հիմնականը կ’ըլլան սփիւռքահայերու կողմէ:
«Զ.» –Ի՞նչ մասնաճիւղ ունի Մատենադարանը: Ո՞ւր կը գտնուի անիկա:
«Ա. Չ.» – Մատենադարանը մասնաճիւղ ունի միայն Գանձասարի մէջ: «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնը՝ որպէս Մաշտոցեան Մատենադարանի արցախեան մասնաճիւղ, երկու հիմնարար ստորաբաժանում ունի՝ գիտական ուսումնասիրութիւններու բաժին եւ թանգարանային համալիր, ուր ցուցադրուած են պատմական Հայաստանի Արցախ եւ Սիւնիք նահանգներուն մէջ գրչագրուած 100-է աւելի ձեռագիր մատեաններ, Արցախի պատմութեան առնչուող հազուագիւտ վաւերագիրերու բնագիրեր ու ընդօրինակութիւններ, հնատիպ գիրքեր, ինչպէս նաեւ պատմական հանգամանքներու բերումով Արցախի վանքերու եւ եկեղեցիներու այլ շրջաններէ բերուած կամ փրկագնուած ձեռագիրեր։ Այս առումով պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ աշխարհասփիւռ արցախեան ձեռագիրերը մէկտեղուած են նոյն յարկին տակ եւ անով իսկ գիտական տարբեր ուսումնասիրութիւններ կատարելու մեծ եւ արդիւնաւէտ հնարաւորութիւն ստեղծած են։
Բացի Մատենադարանէն, ամբողջ աշխարհի մէջ կան հայերէն ձեռագիրերու ուրիշ պահոցներ, հիմնականները Երուսաղէմի, Վենետիկի, Վիեննայի եւ Պարսկաստանի մէջ են: Բացի այդ, աշխարհի գրեթէ բոլոր մեծ գրադարանները ունին հայերէն ձեռագիրերու ժողովածուներ:
«Զ.» – Գիտեմ, որ ստեղծման առաջին իսկ օրէն Մատենադարանը՝ իբրեւ գիտահետազօտական հիմնարկ, ձեռնամուխ եղած է գիտահրատարակչական գործունէութեան: Կ’ըսէ՞ք՝ մինչեւ այսօր հրատարակչական ի՛նչ գործունէութիւն ծաւալած է Մատենադարանը: Ո՞ր փուլը կը գտնուի հիմա թուայնացման գործընթացը:
«Ա. Չ.» – Մենք ձեռագիրեը թէ՛ կը պահենք, թէ՛ կ’ուսումնասիրենք եւ թէ՛ կը թարգմանենք ու կը հրատարակենք: Օրինակ՝ գրաբարով գրուած պատմիչներու գործերու թարգմանութիւնները շատոնց սկսած են եւ թարգմանուած են եւրոպական գրեթէ բոլոր լեզուներով: Մատենադարանը ունի նաեւ «Բանբեր» միջնադարագիտական, հայագիտական, ձեռագրագիտական հանդէսը, որ լոյս կը տեսնէ Մատենադարանի հիմնադրումէն ի վեր: Հանդէսի առաջին երկու համարները լոյս տեսած են 1941 եւ 1950 թուականներուն եւ կոչուած է «Գիտական նիւթերու ժողովածու»: Այս ժողովածուներուն մէջ հաւաքուած էին նախորդիւ Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովներու նիւթերը: 1956 թուականին հրատարակուած երրորդ համարէն սկսեալ հանդէսը կը կրէ այսօրուան անուանումը եւ կ’ընդգրկէ Մատենադարանի գիտաշխատողներու, հայ եւ օտարազգի մասնագէտներու միջնադարեան մշակոյթի բոլոր ոլորտներուն առնչուող բազմաբնոյթ ուսումնասիրութիւնները, տարբեր բնագիրեր եւ այլն: Տարբեր տարիներու, «Բանբեր Մատենադարանի» հանդէսին մէջ իրենց ուսումնասիրութիւնները հրատարակած են միջնադարագիտութեան ու ձեռագրագիտութեան հայ եւ օտարազգի բազմաթիւ հայագէտներ՝ Լ. Խաչիկեանը, Ս. Արեւշատեանը, Հ. Բարթիկեանը, Ն. Թահմիզեանը, Տ. Իզմայլովան, Ի. Աբուլաձեն, Գ. Աբգարեանը, Բ. Չուգասզեանը, Ա. Մաթեւոսեանը Պ. Մուրադեանը, Աս. Մնացականեանը, Հ. Թամրազեանը եւ այլք: «Բանբեր Մատենադարանի» հանդէսին մէջ հրատարակուած են միջնադարեան կարեւոր երկերու թարգմանութիւնները, բացառիկ նշանակութիւն ունեցող ձեռագիրերու մասին հաղորդումներ, գիտութեան ու արուեստի տարբեր ոլորտներու ձեռագրացուցակ-ուղեցոյցներ եւ արխիւային բացառիկ փաստաթուղթեր:
Մատենադարանի թուայնացման աշխատանքները սկսած են 2007 թուականին եւ ներկայիս մեծ թափով կը շարունակուին։
Հին ձեռագիրերու թուայնացման ոլորտէն ներս, ինչպէս նաեւ այդ գործընթացին մէջ կիրարկուող արհեստագիտութիւններու տեսակէտէն Մատենադարանը զգալի փորձ կուտակած է։ Ձեռագիրերու թուայնացումը ժամանակի հրամայականն է առաջին հերթին այն պատճառով, որ նիւթական հիմք ունեցող մշակութային արժէքները ուշ կամ կանուխ կը մաշուին, այն ինչ նոր արհեստագիտութիւնները թոյլ կու տան անխաթար պահպանելու այդ արժէքներու թուային պատկերները եւ զանոնք փոխանցելու ապագայ սերունդներուն։
«Զ.» –Ի՞նչպէս կ’աշխատի Մատենադարանի ընթերցասրահը: Ի՞նչպէս կը սպասարկէ այցելուներուն:
«Ա. Չ.» – Մատենադարանի ընթերցասրահը կ’իրականացնէ աշխատակիցներուն եւ դուրսէն եկած ընթերցողներուն (տարբեր բնագաւառներու մասնագէտներ, ուսանողներ եւ այլք) ձեռագիրերու, արխիւային նիւթերու, տպագիր գրականութեան սպասարկումը՝ ըստ սահմանուած կարգի։ Սրահին մէջ թեմայական խմբաւորումով տեղաւորուած են աւելի պահանջարկ ունեցող հայերէն եւ օտարալեզու գիրքերը (շուրջ 8000 կտոր), ինչպէս նաեւ հայագիտական հիմնական պարբերականները, ալպոմներ, քարտէսներ եւ այլն։ Ընթերցասրահը գործած է Մատենադարանի՝ 1959-ին կառուցուած շէնքի շահագործման սկիզբէն, երրորդ յարկի զոյգ սրահներուն մէջ: Առաջին սրահը հետագային կոչուեցաւ ակադեմիկոս Լեւոն Խաչիկեանի անունով, ուր կը կատարուէր ձեռագիրերու, վաւերագիրերու եւ մասնագիտական գրականութեան սպասարկումը, իսկ երկրորդ սրահին մէջ՝ հնատիպ գիրքերու, մամուլի եւ տպագիր գրականութեան սպասարկումը։ 2011-ի Սեպտեմբերին Մատենադարանի գիտական անձնակազմի նոր մասնաշէնք տեղափոխուելէն ետք երկու ընթերցասարահները միաւորուեցան։ Նոր ընթերցասրահը այժմ կրնայ սպասարկել միաժամանակ շուրջ 130 ընթերցողի։ Ձեռագիրերը եւ վաւերագիրերը կը մատուցուին թուայնացուած տարբերակով, որոնցմէ ընթերցողները կ’օգտուին սրահը դրուած համակարգիչներու միջոցով։ Ընթերցասրահը ունի ութ աշխատակից, որոնք կ’իրականացնեն սպասարկումն ու վերահսկողութիւնը:
«Զ.» – Քանի՞ սրահներէ բաղկացած է Մատենադարանի թանգարանային համալիրը:
«Ա. Չ.» – Մատենադարանի թանգարանային համալիրը, որ կը գտնուի հին կոթողային շէնքին մէջ, նախկին 1 ցուցասրահի փոխարէն այժմ բաղկացած է 15 ցուցասրահներէ, ուր կը ներկայացուին հազարաւոր ցուցանմուշներ՝ նախատեսուած ժամանակաւոր, փոփոխական եւ բացառիկ ցուցադրութիւններու համար։ Մատենադարանի շուրջ 20,000 ձեռագրային շտեմարանէն կը ցուցադրուին ձեռագիրերու պատառիկներ, վաւերագիրեր, հնատիպ գիրքեր, թանկարժէք կազմերու նմոյշներ, առանձին մանրանկարներ եւ այլն: Ցուցասրահը բացուած է 1957-ին միայն մէկ սրահի մէջ, երբ Մատենադարանի հիմնական շէնքը շահագործման յանձնուած է: Հետագային աւելցած է եւս մէկ հատ, մինչեւ նոր մասնաշէնքի կառուցուիլը, ուր տեղափոխուած են գիտական բաժինները, իսկ հիմնական շէնքը այժմ հիմնականօրէն յատկացուած է ցուցասրահներուն, միաժամանակ պահպանուած են աշխատասենեակները եւ պահոցները։
«Զ.» -Ի՞նչպէս կ’իրականացուին այցելութիւնները եւ քանի՞ լոզունքերով են: Ի՞նչ համագործակցութիւն ունիք սփիւռքի հետ:
«Ա. Չ.» – Ինչպէս ըսի, սփիւռքէն շատ նուիրատուութիւններ կ’ըլլան, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ գիտնականները շատ կը հետաքրքրուին ձեռագիրերով եւ կու գան մեր մօտ, յաճախ նաեւ ամիսներով կ’ուսումնասիրեն եւ կը հրատարակեն: Բացի այդ, մենք կապեր կը պահպանեն դուրսը գտնուող միւս ձեռագիրերու պահոցներուն հետ եւ կը համագործակցինք:
Դեռ անցած տարի Մատենադարանի այցելուներուն թիւը հասաւ 108 հազարի: Մեր մօտ այցելութիւնները կ’իրականացուին հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, իտալերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն եւ պարսկերէն: Կրնամ ըսել, որ Հայաստանի մէջ ոչ մէկ թանգարան այս նոյն այցելութիւններու հոսքը ունի, ինչպէս Մատենադարանը: Ասիկա պայմանաւորուած է անով, որ մեր աշխատանքը լաւ կազմակերպուած է եւ Մատենադարանը աշխարհի միակ թանգարանն է, որ հետաքրքրական գիրքեր կը ցուցադրէ միաժամանակ: Միայն գիրքի եւ ձեռագիրերու թանգարան չկայ աշխարհի վրայ:
«Զ.» – Մատենադարանը մեր ինքնութիւնն է, դրօշն է, զինանշանն է։ Ան, յիրաւի, օրհներգ մըն է, որ կը գտնուի Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան պողոտային վրայ:
Հեռ.` +374-10-51-30-45, +374-91-48-90-80
Ել. հացէ` aida_charkhchyan@mail.ru
Կայքէջ` www.matenadaran.am