Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 18-ին այցելած է Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարան եւ ներկայ եղած Թանգարաններու միջազգային օրուան նուիրուած արցախեան գորգերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է նման ձեռնարկներու նշանակութիւնը ազգային աւանդոյթներու պահպանման եւ տարածման, մշակութային եւ գիտակրթական տեսանկիւններէն։
Հանդիպումին մասնակցած են Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Պալայեանը, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Սերկէյ Շահուերդեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր։