Կիրակի, 01. 03. 2026

spot_img

Ստեփանակերտ-Շուշի Ճոպանուղիի Նախագծային Աշխատանքը Իր Աւարտին Կը Հասնի

Մայիս 16-ին,2017-ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին, Արցախի պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 2016-էն ի վեր Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագիրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է:

«Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի: Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղին պիտի հանդիսանայ ոչ միայն որպէս փոխադրամիջոց, այլ զբօսաշրջութեան խթանման համար լուրջ գործօն»,- յայտնեց Յարութիւնեան նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին եւ նշեց, որ ճոպանուղիի կառուցման զուգահեռ, Շուշիի մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ հանգիստի գօտի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին