Պատիւը ունեցանք «Զարթօնք»-ի խմբագրատան մէջ ընդունելու Արցախ Ռուց Ինվեսթմընց (ԱՌԻ) ընկերակցութեան հրաւէրով Լիբանան ժամանած Արցախի պաշտօնական պատուիրակութիւն մը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Գրիգորեան, նախարարի խորհրդական Տիգրան Նաճարեան, Մարտակերտի եւ Կովսականի քաղաքապետներ Միշա Գիւրճեան ու Ռազմիկ Մարգարեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահագն Տատայեան: Պատուիրակութեան կ’ընկերակցէին Միջին Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ, մասթըր Կարօ Քեպապճեան եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդատու, Միջին Արեւելքի մշտական ներկայացուցչութեան գրասենեակի քարտուղար Պետօ Տէմիրճեան: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ «Զարթօնք»-ի հրատարակիչ, «Շիրակ» ընկերութեան վարչական տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Հանդիպումը առիթ մըն էր փոխադարձ ծանօթացման, որուն ընթացքին «Զարթօնք»-ի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան հիւրերուն ծանօթացուց օրաթերթի 80-ամեայ ուղիին: Քննարկուեցան Արցախը եւ Հայութիւնը յուզող հարցեր եւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարներ:
Աւարտին, կողմերը համաձայնեցան, որ ստեղծուած այս կապը ամրապնդուի ու յառաջիկային շարունակուի:
«Խմբ.»