Ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ Մայիս 16-ին Հայաստանի ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեանը հեռաձայնային զրոյց ունեցած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով տեղակալ Ուեսս Միթչելի հետ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն՝ աւելցնելով. «Ուեսս Միթչելը շնորհաւորեց Զօհրապ Մնացականեանին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ: Ան շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աշխատելու Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ երկու երկիրներուն համար փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ոլորտներուն մէջ։
Շնորհակալութիւն յայտնելով շնորհաւորանքին համար` ԱԳ նախարար Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստանը մեծապէս կ’արժեւորէ երկու երկիրներուն միջեւ բազմաոլորտ համագործակցութիւնը եւ պատրաստ է շարունակելու անոնց առաւել զարգացման ուղղութեամբ անհրաժեշտ աշխատանքը։
Զօհրապ Մնացականեանը եւ Ուեսս Միթչելը քննարկեցին երկկողմ օրակարգին առնչուող հարցեր։
Կողմերը անդրադարձան հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի ու Առեւտուրի եւ ներդրումներու հայ-ամերկեան խորհուրդի գործունէութեան։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային ու միջազգային հրատապ խնդիրներուն շուրջ։ Անդրադառնալով ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիի իրավիճակին՝ նախարար Մնացականեանը կարեւորեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու, ներառեալ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արժէքաւոր յանձնառութիւնը ղարաբաղեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման աջակցելու:






