Հինգշաբթի, 17 Մայիս 2017-ի առաւօտուն դարձեալ կենսուրախ մթնոլորտ կը տիրէր ՀԲԸ Միութեան Ահրամճեան Կեդրոնէն ներս, ուր լիբանանահայ 11 վարժարաններէն Ահրամճեան փութացած էին գրեթէ 250 ուսանողներ, անոնց մէջ գրեթէ 90 աշակերտներ՝ Ե. եւ Զ. դասարաններէն, որոնք եկած էին մասնակցելու «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի կազմակերպած Արտասանական Եւ Նկարչական մրցումին, նուիրուած՝ Սարդարապատի Հերոսամարտին ու Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան: Միջոցառման ներկայ բոլոր ուսանողները խանդավառ ու հաճելի տրամադրութիւններու մէջ խճողած էին ՀԲԸՄ-ի հայաշունչ կեդրոնը, ուր տեղի պիտի ունենար արդէն աւանդական դարձած մրցումը:
Ժամը ճիշդ 11:00 –ին սկսաւ ցերեկոյթը, որուն բացումը կատարեց «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրական կազմի անդամ, վաստակաւոր ուսուցչուհի եւ գրող՝ տիկին Անժէլ Միսիսեան: Ան հակիրճ գիծերու մէջ կարեւորեց նման հանդիպումներու օգտակարութիւնը հայագաղութներէ ներս եւ մասնաւորաբար Լիբանանէ ներս: Ապա ան անդրադարձաւ ձեռնարկի ծրագրին ու նպատակին եւ բարի գալուստ ու յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մասնակիցներուն:
Երկու ժամ շարունակ, Արտասանական եւ Նկարչական մրցումին ներկայ ուսանողներ մեծ ուրախութեամբ կը հետեւէին ձեռնարկին, ուր սրահը իրապէս վերածուած էր մեղուներու փեթակի: Մրցման մասնակցած էին՝ Ազգային Եղիշէ Մանուկեանի, Հայ Աւետարանական Գոլէճի, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի, Հայ Աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանի Հայ Կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի, Վահան Թէքէեան վարժարանի, ՀԲԸՄ-ի Լեւոն Նազարեան վարժարանի, ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանի, Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի եւ Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանի սաները:
Արտասանական մրցման Գնահատող Յանձնախումբին մաս կը կազմէին դերասան եւ բեմադրիչ Յարութ Գնդունի, ասմունքող եւ դերասանուհի՝ տիկին Արփի Աւետիքեան, ասմունող եւ դերասանուհի Արփի Աւետիքեան եւ «Խօսնակ»-ի խմբագրական կազմի անդամուհի տիկին Շողիկ Պաղտասարեան:
Մրցումը ընթացաւ բարձր տրամադրութեան մէջ: Բոլոր աշակերտներու մօտ կար յաղթելու կամք ու ճիգ: Միջոցառման մասնակից վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչ ուսուցչուհիներ մասնաւոր ջանք թափած էին եւ կատարելութեան հասցուցած իրենց սաները, որպէսզի բարձրաճակատ ներկայանան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի կազմակերպած տարեկան մրցանքին:
Արտասանական մրցումի հետ, Ահրամճեանի առաջին յարկի սենեակներուն մէջ տեղի ունեցաւ Նկարչական մրցում, հսկողութեամբ՝ վաստակաւոր մանկավարժ եւ գեղանկարիչ Վազգէն Մուղալեանի: Պարոն Մուղալեան մեծ համբերութեամբ կը հսկէր աշակերտութեանց աշխատանքներուն եւ շատ յաճախ կու տար անհրաժեշտ ցուցմունքներ:
Մօտաւորապէս երկու ժամ տեւած զոյգ մրցումներն ալ աւարտեցան կէսօրուայ ժամը մէկին, եւ Գնահատիչ Յանձնախումբեր կատարեցին իրենց արժեւորումները: Նախքան յայտարարութիւն, օրուայ պատշաճ գնահատական խօսքերով հանդէս եկաւ ՀԲԸ Միութեան «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան: Ան ողջունեց բոլոր ներկաները, իր խոր շնորհակալութիւնը յայտնեց մասնակցող վարժարաններուն, վարժարաններու տնօրէն-տնօրէնուհիներուն, վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, ներկայ համբերատար ուսուցիչներուն եւ նամանաւանդ մասնակից աշակերտներուն: Ապա ան անդրադարձաւ Մայիս ամսուայ կարեւորութեան, յիշատակելով Վարդանանց Հերոսամարտը, Սարդարապատի Հերոսամարտը, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակը եւ Շուշիի ազատագրումը՝ Մայիսի մէջ:
Համբիկ Մարտիրոսեան գնահատելով աշակերտներու մասնակցութիւնը, անոնց ճիգը, եւ մրցելու ոգին, ըսաւ. «Այսօր, կատարուած մրցումէ ետք բնականաբար պիտի յայտարարենք լաւագոյն արտասանողներն ու գծագրողները… սակայն ինծի համար բոլորդ ալ լաւ արտասանեցիք, լաւ նկարեցիք… արդ, կը գնահատեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը, պահանջելով սակայն, որ մնաք հաւատարիմ ձեր ազգի արժէքներուն՝ Հայրենիքին, եկեղեցիին, հայ վարժարանին, հայ ընտանիքին ու նամանաւանդ հայերէն լեզուին: Դուք էք որ այլեւս պաշտպանը պիտի ըլլաք անոր, սիրէք ու սրտի մօտ պահէք զայն»:
Խմբագրի խօսքին աւարտէն ետք Գնահատիչ Յանձնախումբի անդամներ՝ Վազգէն Մուղալեան եւ Շողիկ Պաղտասարեան բարձրացան բեմ եւ յանձնեցին համապատասխան նուէրներ՝ լաւագոյններուն: Այս տարի նուէրներ տրամադրած էին՝ Տիար Փոլ Այանեան, Տիար Արմէն Յարութիւնեան, Տիար Ռաֆի Միքայէլեան, Տիկին Արփի Աւետիքեան:
Ըստ Յանձնախումբի գնահատականին, Ե. Դասարաններու Արտասանական մրցման առաջիններ հանդիսացան՝ Քրիստափոր Գասպարեան, Սթիւ Տէմիրճեան: Բ. հանդիսացան՝ Հրակ Հայրապետեան, Արեգ Վասիլեան: Գ. Հանդիսացան՝ Մէլոտի Սուէյտի, Տէսիլ Լոշխաճեան, իսկ խրախուսանքի արժանացան Քրիստ Դարբինեան, Էլէնի Գալայճեան եւ Ալին Գէորգեան:
Զ. Դասարանի առաջիններ հանդիսացան՝ Թալին Օքսալեան, Վանայ Սէֆէրեան: Բ. հանդիսացան՝ Կրէյս Շիտիաք, Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան: Գ. Հանդիսացան՝ Մարալ Կիրիթլեան, Թիա Մարիա Կարապետեան: Խրախուսանքի արժանացան՝ Վանայ Յարութիւնեան, Ճոյս Աւետիսեան, Հրայր Գասպարեան:
Գալով Նկարչական մրցումին, Ե. Դասարանի առաջին հանդիսացան՝ Յովսէփ Կիւրիւնլեան, Անժէլա Հաւանճեան: Բ. հանդիսացան՝ Նաթէլ Հաւաթեան, Կրէկ Սվաճեան: Գ. հանդիսացան՝ Արին Պասթաճեան, Մարիա Տիշաքճեան: Խրախուսանքի արժանացան՝ Փերլա Քէօհիւնեան, Լանա Սահիլեան:
Զ. Դասարանէն առաջին հանդիսացան՝ Միրէյ Անթունեան, Լուչիանա Ղազարեան: Բ. հանդիսացան՝ Սիէլ Ուլիկեան, Ղազար Մէսճեան: Գ. Հանդիսացան՝ Վանայ Ռիթա Հալաճեան, Սինթիա Դարբինեան: Խրախուսանքի արժանացան՝ Նաթէլ Արթինեան, Փիթըր Թոքաճեան եւ Նարեկ Քէօշկէրեան:
«Խօսնակ» պաշտօնաթերթի խմբագրութիւնը, պարգեւատրելէ ետք լաւագոյն դիրքեր գրաւած ուսանողները, գնահատեց նաեւ մասնակից 90 աշակերտները՝ յիշատակի նուէրներով, քաջալերելու համար զիրենք:
«Խօսնակ»-ի խմբագիրը միջոցառման աւարտին իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր նուիրատուներուն, Գնահատիչ Յանձնախումբի մասնակիցներուն եւ հանդիսավար Տիկին Միսիսեանին, որմէ ետք ուրախ տրամադրութեան մէջ Ահրամճեան Կեդրոնէն մեկնեցան ուսանող-ուսանողուհիներ, ուր հնչեցին ազգային հայրենասիրական տաղեր՝ նուիրուած Սարդարապատի Հերոսամարտին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելեաններուն եւ մեր սքանչելի Ոսկեղնիկին:
«ԽՕՍՆԱԿ» ԼՐԱՏՈՒ