Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Քննարկուած Են Երեւանի ՄԷջ Կայանալիք Տեղեկատուական Արհեստագիտութիւններու Համաշխարհային Համաժողովի Կազմակերպման Առնչուող Հարցեր

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունած է Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւններու համաշխարհային ալեանսի (WITSA) նախագահ Իւոն Չունը եւ գլխաւոր քարտուղար Ճիմ Փոյզանթը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են 2019 թուականին Երեւանի մէջ կայանալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային համաժողովի (World Congress on Information Technologies-WCIT) կազմակերպման առնչուող հարցեր:

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտը Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն է եւ ունի զարգացման մեծ ներուժ:

Տիկին Չուն իր հերթին նշած է, որ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու եւ ծառայութիւննրու համաշխարհային ալեանսը շահագրգռուած է Հայաստանի կառավարութեան հետ սերտ համագործակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին