Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Հիւանդանոցի 186-Ամեակի Նշում

Հինգշաբթի, 10 Մայիսին նշուեցաւ Պոլսոյ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը եւ կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով համայնքը մէկտեղուեցաւ Գթութեան յարկի շրջափակին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Մարմարա»-ն։

Առաւօտեան Ս. Փրկիչ մատուռին մէջ Ս. պատարագ մատուց Տրդատ քհնյ. Ուզունեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դպրաց Դասու անդամները՝ առաջնորդութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի։ Կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կիւլպէնկեան գերդաստանի անդամներու շիրիմներուն մօտ։ Երեկոյեան ժամը 6-ին, Ս. Փրկիչ մատուռի ընդարձակ տարածքին վրայ Անդաստանի արարողութիւն կատարուեցաւ՝ Արամ սրբազանի նախագահութեամբ։ Հոգեւորականաց ամբողջ դասը մասնակցեցաւ այս արարողութեան, սարկաւագաց դասը՝ ներառեալ։

Ներկայ էին ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի գլխաւորութեամբ հոգաբարձուները, բժշկապետը, բարերարները, մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ։

Ներկաները Արամ սրբազանի, Պետրոս Շիրինօղլուի եւ հոգաբարձութեան եւ հոգեւորականներու հետ բարձրացան Փիլօ Աթանի անուան բացուած յարկաբաժինը: Արամ սրբազան ու Պետրոս Շիրինօղլու միասնաբար կտրեցին խորհրդանշական ժապաւէնը։ Նորահաստատ այս բաժինը հիմնուած է արտաքին հիւանդութիւններու համար։ Ունի տասը սենեակներ, բոլորն ալ շատ լաւ կահաւորուած։ Պետրոս Շիրինօղլու այս առիթով շեշտեց, որ մօտ օրէն Սեդրակ Թոքատի ու Հայկ Ասլանեանի անուններով հիմնուած մասնաբաժիններ ալ պիտի բացուին՝ անմահացնելով այս բարերարներու եւ հիւանդանոցի ծառայողներու անունը։

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան պարտէզի հաւաքավայր, ուր սեղաններ պատրաստուած էին։ Հիւրերը կը դիմաւորուէին նուագածուներու երաժշտութեամբ։ Համայնքի գրեթէ բոլոր ներկայացուցիչները, բարերարներ, Սեւ Ծովեան Տնտեսական կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչները, գրաւեցին իրենց տեղերը։ Սիրոյ սեղաններուն հանդիսապետեց Արամ սրբազան՝ իր շուրջ ունենալով բարերարներ եւ հոգաբարձուներ։

Բեմ եկաւ հիւանդանոցի ընդհանուր քարտուղարուհի եւ հանգստատուներու պատասխանատու Սիլվա Թրիքա, որ ներկաները ողջունելէ ետք խօսափողը յանձնեց ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուին։ Ատենապետը յիշեցուց, որ հիւանդանոցը այս տարի 186-րդ անգամ կը տօնէ իր տարեդարձը. ան ուրախութիւն յայտնեց, որ Փիլօ Աթանի անունով յարկաբաժին մը բացուեցաւ։ Պետրոս Շիրինօղլու ընդգծեց, որ կ’ուզեն հիւանդանոցին մէջ անկողիններու թիւը բարձրացնել 200-ի, որպէսզի հետագային բարդութիւններ չստեղծուին, քանի որ այսուհետեւ մեծ հիւանդանոցներն են որ ի պատուի պիտի ըլլան, փոքր հիւանդանոցներն ալ փոլիքլինիքի հանգամանք պիտի ունենան։ Ատենապետը ապա թուեց այն իրագործումները, որոնք վերջին մէկ տարուան ընթացքին իրականացան հիւանդանոցի երդիքին տակ նորութիւններու, զարգացումներու եւ բարեզարդումներու հիման վրայ։ Թուային տուեալներ ներկայացնելով՝ տուաւ բացատրութիւնները հատուցումներու եւ այլ ծախսերու մասին։ Ան շեշտեց, որ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը աշխարհի ամենամեծ հայկական հաստատութիւնն է։ Նիւթական կարելիութիւններէ զուրկ անձերու հարկաւոր օժանդակութիւնը կը կատարուի։ Ծերանոցներու մէջ ամէն մէկ բնակիչի համար ամսական հազար տոլարի ծախս կ’ըլլայ։ Պետրոս Շիրինօղլու աւելցուց, որ անցեալ տարի հիւանդանոցը ունէր 65 միլիոն անձեռնմխելի գումար, հիմա այդ գումարը բարձրացած է 70 միլիոն թրքական լիրայի։

Փակման խօսքը արտասանեց Արամ սրբազան, որուն բնաբանն էր կեանքի ընթացքին մարդ արարածի՝ ընկերութեան ունեցած նպաստը։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին