Երեքշաբթի, 03. 03. 2026

spot_img

Շնորհակալութիւն, Որ Զերոյէն Նախարարութիւն Ստղծեցիք. Նիկոլ Փաշինեան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մայիս 16-ին ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը:

Վարչապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախարար Հրանուշ Յակոբեանին՝ ըսելով․ «Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տասը տարիներու ձեր տարած աշխատանքին համար եւ փաստօրէն զերոյէն նախարարութիւն ստեղծելու համար»:

Հրանուշ Յակոբեան, իր հերթին, շնորհաւորեց նորանշանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, ապա ծննդեան տարեդարձը (նոյն օրը Մխիթար Հայրապետեանի տարեդարձն էր, որուն մասին տեղեկանալը անակնկալ էր նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի համար)՝ նշելով, որ իրեն կը յանձնէ արդէն կայացած, մեծ աշխատանք տարած ու բազում յաջող ծրագիրներ իրականացուցած նախարարութիւնը։ Հրանուշ Յակոբեան ողջունեց երիտասարդ նախարարներու ներգրաւումը կառավարութեան կազմէն ներս՝ նշելով, որ երիտասարդ տարիքը խոչընդոտ չի կրնար հանդիսանալ լաւ աշխատանքին, եւ որ ինք նոյնպէս այդ տարիքին եւ աւելի կանուխ ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ։ Ապա ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց նախարարութեան աջակիցը դառնալու։

ՀՀ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանուշ Յակոբեանին՝ նախարարութիւնը հիմնելուն համար՝ նշելով, «ես պատրաստ եմ ագահաբար ձեր աջակցութենէն օգտուելու»:

Ապա Հրանուշ Յակոբեան առանձին հանդիպումով հրաժեշտ տուաւ իրեն մտերիմ դարձած նախարարութեան աշխատակազմին՝ ըսելով, որ նախարարները անցողիկ են, կարեւորը գործն է եւ այդ ճանապարհին սեփական դէմքը չկորսնցնելու բարդ կարողութիւնը։ Ան յորդորեց շարունակել լաւ աշխատիլ եւ աջակցիլ, որ նախարարութիւնը շարունակէ իր բուռն գործունէութեամբ ծառայել Սփիւռքի խնդիրներու լուծման։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին