Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Երուսաղէմի Հայ Համայնքը Կ’ապրի Իր Բնականոն Կեանքով

Երուսաղէմի մէջ իրավիճակը հանգիստ է, հայ համայնքը կ’ապրի իր բնականոն կեանքով: Այս մասին, ըստ «Armenpress.am»-ի, նշած է Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Յովնան Պաղտասարեան:

«Դէպքերը տեղի կ’ունենան Կազայի մէջ, անիկա բաւական հեռու է Երուսաղէմէն, առաւել եւս՝ հայկական թաղամասէն: Այս պահուն կրնամ ըսել, որ հայկական թաղամասը կ’ապրինք մեր առօրեայ բնական կեանքով, խաղաղ է, հանգիստ է, ոչ մէկ խնդիր ունինք: Շաբթուան հետ կապուած մեր բոլոր ծրագիրները կ’իրականացնենք: Անշուշտ, մտահոգ ենք, որ նման բռնութիւն եղած է»,- ըսած է Յովնան Պաղտասարեան:

Անդրադառնալով հայ համայնքին վրայ զարգացումներու հաւանական ազդեցութեան՝ Յովնան Պաղտասարեան նշած է, որ ազդեցութիւնը կրնայ ընդհանուր հասարակութեան վրայ ըլլալ, ո՛չ թէ առանձին հայ համայնքին:

«Կրնան այս ամբողջ իրադարձութիւնները ազդել հայ առեւտրականներու, առհասարակ գործարարութեան վրայ, ինչ որ տրամաբանական է, որովհետեւ հայ առեւտրականներն ալ ընդհանուր հասարակութեան մէկ մասն են»,- ըսած է ան:

Թէ Կազայի բախումները ի՛նչ զարգացումներ կրնան ունենալ, ըստ Յովնան Պաղտասարեանի, դժուար է ըսել: Ատիկա կախուած է այն բանէն, թէ իսրայէլական ոստիկանութիւնը իրադարձութիւնները ի՛նչպէս պիտի պահէ վերահսկողութեան տակ:

«Այն, ինչ տեղի կ’ունենայ, այս պահուն դեռ միայն Կազայի մէջ է, արեւելեան ափին ալ որոշ բախումնէր եղած են: Թէ այս զարգացումները ի՛նչ ընթացք պիտի ունենան, արդեօք պիտի կարենա՞ն իսրայէլական  զինուորական ուժերը այս ամէնը հսկողութեան տակ պահել, դժուար է ըսել: Այս պահուն դեռ իրավիճակը վերահսկելի է: Անշուշտ, բռնութիւնները, զոհերը կը մտահոգեն թէ՛ միջազգային հանրութիւնը, թէ՛ տեղի հասարակութիւնը»,- աւելցուցած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին