Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Մարդու իրաւունքներու շուրջ երկխօսութեան հերթական 9-րդ նիստին ԵՄ-ը վերահաստատած է իր պատրաստակամութիւնը Հայաստանին ֆինանսական եւ արհեստագիտական օժանդակութիւն տրամադրելու վերաբերեալ, որ անհրաժեշտ է ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու հետագայ ամրապնդման ուղղուած բարեփոխումներու շարունակականութեան ապահովման համար: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է. «Մայիս 16-ին տեղի ունեցաւ Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Մարդու իրաւունքներու շուրջ երկխօսութեան հերթական 9-րդ նիստը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետի ընտրութիւններէն ետք կայացած առաջին ԵՄ-Հայաստան ձեւաչափի հանդիպումն էր:
ԵՄ-ն եւ Հայաստանը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան, իրաւունքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու նկատմամբ յարգանքի՝ երկու կողմերու համար ընդհանուր հանդիսացող արժէքներուն: Այս արժէքները կը կազմեն 2017-ի Նոյեմբեր 24-ին ստորագրուած եւ 2018-ի Ապրիլ 11-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կողմէ միաձայն վաւերացուած «ԵՄ-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի» հիմքը: Եւրոպական միութիւնը հաստատեց Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ աշխատելու եւ այս կարեւորագոյն ոլորտներուն աջակցութիւն տրամադրելու պատրաստակամութիւնը:
Ի թիւս այլ հարցերու, Եւրամիութիւնը եւ Հայաստանը քննարկեցին ընտրական բարեփոխումներուն, հաւաքներուն եւ կամարտայայտման ազատութեան, երկու սեռերու հաւասարութեան, ինչպէս նաեւ աշխատանքային իրաւունքներուն առնչուող հարցեր: Ընտրական բարեփոխումներուն վերաբերեալ Եւրամիութիւնը առաջարկեց մինչեւ արտահերթ ընտրութիւնները փոփոխութիւններ մտցնել օրէնսդրութեան մէջ՝ զայն համահունչ դարձնելով միջազգային կազմակերպութիւններու առաջարկներուն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ստանձնած յանձնառութիւններուն:
Կողմերը ընդգծեցին, որ հաւաքներու ազատութիւնը համընդհանուր եւ հիմնարար ազատութիւն է: Եւրոպական միութիւնը ողջունեց վերջերս տեղի ունեցած բողոքի գործողութիւններու խաղաղ բնոյթը, ինչպէս նաեւ բոլոր կողմերու ցուցաբերած ընդհանուր զսպուածութիւնը: Նաեւ, հարց տուաւ բերման ենթարկուած անձանց կարգավիճակին վերաբերեալ: Երկխօսութեան ընթացքին որպէս ժողովրդավարական ընտրութիւններու իրականացման նախապայման ընդգծուեցաւ լրատուական ազատ եւ բազմակարծիք միջավայրի եւ քաղաքական բազմակարծութեան կարեւորութիւնը:
Հայաստանը վերահաստատեց իր յաձնառութիւնը միջազգային չափանիշներուն համապատասխան հակախտրականութեան համապարփակ օրէնսդրութեան ընդունման, ինչպէս նաեւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին առընթեր հաւասարութեան ազգային մարմինի ստեղծման վերաբերեալ: Հայաստանի կառավարութիւնը քաղաքական հասարակութեան կազմակերպութիւններու հետ միասին հանրային լսումներ պիտի կատարէ՝ միտուած Մարդու իրաւունքներու ազգային գործողութիւններու ծրագիրի արդիւնաւէտ իրականացման ապահովման: Աշխատանքի իրաւունքի ոլորտէն ներս հայկական կողմը նշեց, որ ծրագիրին մէջ բարեփոխել աշխատանքի տեսչութեան համակարգը՝ զայն համապատասխանեցնելով միջազգային չափանիշներուն, ներառեալ՝ աշխատանքային ժամերու, աշխատավարձի եւ աշխատողներու իրաւունքներու տեսանկիւնէն:
Երկխօսութիւնը հնարաւորութիւն ընձեռեց Հայաստանի մէջ կազմակերպելու մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ միտքերու բաց եւ կառուցողական փոխանակում: Իր կողմէ որդեգրած քաղաքականութեան հաւատարիմ՝ Եւրոպական միութիւնը երկխօսութեան ընդառաջ հանդիպած եւ խորհրդակցած էր հայաստանեան եւ միջազգային քաղաքական հասարակութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին արդիւնքով ընդունուած էին գործառնական եզրակացութիւններ, ուր նախանշուած են գործնական գործողութիւններ, որոնց կատարման ընթացքը կը դիտարկուի եւ հետեւողական ուշադրութեան կ’արժանանայ յաջորդ տարուան ընթացքին:
Հայաստանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեանը, իսկ ԵՄ պատուիրակութիւնը՝ Արտաքին գործողութիւններու եւրոպական ծառայութեան ԱլԳ երկիրներու հետ երկկողմ յարաբերութիւններու բաժնի ղեկավար Տիրք Շուպելը»: